ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութեան վերջին զինուորական գործողութիւնները սկսած են այնպէս մեկնաբանուիլ, որ ռազմագործողութիւնները նպատակ ունին ճշդելու Արեւելեան Երուսաղէմի ճակատագիրը:
Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքի վերածելու պետական քաղաքականութիւնը, հովանաւորուած հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի կողմէ, տարատեսակ ընկալումներու կը հանդիպի. այդուհանդերձ չկայ միջազգային ուղղակի դիմադրութիւն քաղաքակրթական նման միջավայր մը զուտ քաղաքական նպատակներով դիմափոխելու: Համաշխարհային առումով Երուսաղէմը ո՛չ միայն համաքրիստոնէական գլխաւոր կեդրոն է, այլ նաեւ միաստուածեան կրօններ դաւանող ժողովուրդներու համագոյակից եզակի միջավայր: Հայութիւնը այնտեղ ունի դարաւոր հոգեւոր եւ մշակութային առանձնաշնորհեալ ժառանգութիւն: Երեւոյթը իր մէջ կը պարփակէ նաեւ կրօններու իրաւունքներու բաժանման պատմական ենթահողը: Նման միջավայրի մը քաղաքական պատկանելիութեան արմատական փոփոխութիւնը կրնայ յանգեցնել կրօններուն շնորհուած իրաւահաւասարութեան խախտումին:
Վերջին ռազմագործողութիւններուն նկատմամբ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը մտահոգութեան արծարծման եւ զսպուածութեան կոչերու առումով համահաւասարութեան սկզբունքի հիման վրայ կայացած էր:
Բացի Երուսաղէմի հայկական կարգավիճակին նկատմամբ երեւցող վտանգէն այլ պատճառներ կան չէզոքութենէն քայլ մը անդին անցնելու:
Մեր պետութեան նման պատերազմի հետեւանքները կրածները կրնան վերլուծել արհաւիրքի օրերուն հաւասարութեան չափ դնող եւ զսպուածութեան կոչեր կատարող այլ պետութիւններու քաղաքական մօտեցումները:
Նման յայտարարութիւններու պարագային անշուշտ նկատի կ՛առնուին հակամարտող պետութիւններու յարաբերակցութեամբ տուեալ երկրին ունեցած կամ չունեցած դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Այդ յարաբերութիւններուն իբրեւ ցուցանիշ երկիրներուն մէջ գործող կամ չգործող դեսպանատուները:
Աւելի՛ն. նկատի կ՛առնուին ճգնաժամի պահուն հակառակորդին օժանդակած, զինուորական արհեստագիտութեան վերջին նորարարութիւնները տրամադրած երկիրներու պաշտպանական քաղաքականութեան դրսեւորումները: Թէ՛ Արցախէն, թէ՛ Երեւանէն բազմիցս հնչեցին այն տեսակէտները, որ հայկական կողմը պարտուեցաւ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ-Փաքիստան միացեալ ուժերուն, անոնց կողմէ հովանաւորուած ահաբեկչական տարրերու համալրումով: Երեւան տուն կանչեց իր դեսպանը նաեւ Իսրայէլէն ա՛յս պատճառով:
Նկատի կ՛առնուի նաեւ ռազմավարական գլխաւոր դաշնակիցին դիրքորոշումը այս հակամարտութեան մէջ: Այստեղ կը նկատուի որոշ հասկացողութիւն հակաիսրայէլեան հրապարակային կեցուածք ճշդած Թուրքիոյ եւ նուազ հրապարակայնութեամբ այս պարագային Ռուսիոյ միջեւ: Լաւրով-Չաւուշօղլու հեռաձանային խորհրդակցութիւնը, ըստ հրապարակումներու, արծարծած է թէ՛ արցախեան եւ թէ՛ պաղեստինեան հակամարտութիւնները: Աւելի ուշ, պաղեստինեան հակամարտութեան մասին զրուցած են Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները:
Թուրքիոյ շեշտուած հակաիսրայէլականութիւնը բնականաբար այլ նշանակէտեր հարուածելու մտադրութիւնը ունի, յատկապէս համաարաբական աշխարհը նկատի ունենալով: Բայց նաեւ` Իրանը:Այլապէս իր արբանեակ պետութեան` Ազրպէյճանին թոյլատրուած է շարունակել սերտ համագործակցութիւնը Իսրայէլի հետ:
Անգարան շատ առջեւ կ՛երթայ այս հարցին մէջ: Իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ հակամարտութեան շրջան ուղարկել իր խաղաղապահ զօրքերը: Այս բոլորը կ՛արձանագրուին միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ ռուսական գործօնի աշխուժացման խորապատկերին վրայ:
Պաքուն ճանչցած է պաղեստինեան պետութիւնը եւ ռազմավարական գործընկեր է Իսրայէլին: Երեւանը չէ ճանչցած Պաղեստինը` առարկելով, որ այնքան ատեն որ արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւները կը շարունակուին, Երեւանը չի կրնար նոյն կացութեան մէջ գտնուող այլ պետութիւն կամ երկիր ճանչնալ:
Պաղեստինի կացութիւնը նոյնը չէ անշուշտ: ՄԱԿ-ի 138 անդամ պետութիւններ ճանչցած են պաղեստինեան պետութիւնը: Անոնց շարքին է նաեւ Հայաստանի ռազմավարական գլխաւոր դաշնակից Ռուսիան:
Պաղեստինը ճանչնալու քաղաքական նոր ենթահող է: Մանաւանդ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք: