Գոհութեամբ ստացայ եւ ձեռքս առի չորս գիրքերու գեղեցիկ համալիր մը՝ Երան Գույումճեանի «Քառեակներ», «Հայերգութիւն», «Լուսէ անուրջներ», «Հոգւոյս հեւքին հետ» հատորները, բոլորն ալ լոյս տեսած 2020-ին, երբ կը թուէր, թե կեանքը կանգ առեր է աշխարհքին վրայ։
Անշուշտ, առանձին լուրջ ուսումնասիրութեան պիտի արժանացնել հատորները, սակայն հպանցիկ ընթերցմամբ իսկ բացայայտ կերպով կ’ընդգծուին անոնց բոլոր արժանիքները՝ սկսեալ նիւթի լայնածիր ու բազմաբովանդակ ընդգրկումէն մինչեւ ասելիքին կերպաւորումները ձեւին մէջ։ Մարդը, անոր զգացումները, անոր կոչումն ու սա աշխարհին մէջ մարմնաւորուելուն նպատակը, բնութեան բերկրալից ձայներն ու գոյները, զմայլանքը անոնցմով, հայրենիքին տիեզերածաւալ սէրը, ազգին նախանշուած ճամբան մինչեւ Լոյս, Հայոց լեզուն, զոր տրուեցաւ՝ որպէս գանձ ու էութիւն, հայը, մարդը, անոր առաքինութիւնները… Լուսաւոր ու վեհ ամէն բան կ’ընդգրկէ քերթողին ուշադրութիւնը եւ կը դարձնէ ձգտումներու կիզակէտ։ Մարդու ներսիդին թափանցելու հրաւէրն ու խորհուրդը կայ եւ հոն ամբարուած լոյսը գտնելու խոստում.
Թե որ խաւարը թանձրանայ,
Մութը դառնայ անտանելի,
Իջի՛ր խորերը հոգիիդ,
Լոյսի շողեր այնտեղ շատ կան։ (Քառեակներ, էջ 24)
Շարք մը քառեակներէն ակնյայտ կը դառնայ, որ քերթողուհին կ’առանձնացնէ սիրտը՝ որպէս ամէնէն նուրբ, խորագէտ ու սրատէս զգայարան։
Սիրտով ճանչցիր մարդ էակին*,
Միտքն առանձին բաւարար չէ,
Լոյսը կրնա՞ս միտքով տեսնել՝
Թէ չկրնաս զայն զգալ, ապրիլ։ (Քառեակներ, էջ 16)
Քառեակը, որ միտքի խտացում ու բիւրեղացում կ’ենթադրէ, նաեւ պզտիկ թատերաբեմ մըն է, ուր դերեր պիտի ստանան ամէնէն անհրաժեշտ ու բաւարար երեւոյթներն ու իրերը, յատկապէս որոնք ընտրած է հեղինակը՝ ըստ սեպհական արժէքներու. մարդու մը անհրաժեշտ ըլլալու են՝ միտքի լուսաւորումը, յոյսը, հրաշքի սպասումը եւ ջերմութիւնը։ Եւ կը բաւեն «շիթ մը իմաստութիւն», «շող մը սիրալոյս», «գոլ մը գորովանք» եւ «բոյլ մը անոյշ խօսք», որ մարդ մարդու մը ապրելու երջանկութիւնը պարգեւէ, ինչպէս ենթադրելի է քառեակէն։
Երան Գույումճեանի քառեակները յաճախ հեղինակային առածներու հանգոյցներ են, ինչպէս հետեւեալն է.
Շի՛թ մ’իմաստութիւն միտք լուսաւորէ,
Շո՛ղ մը սիրալոյս մարդը յուսադրէ,
Գո՛լ մը գորովանք հրաշքներ գործէ,
Բո՛յլ մը անուշ խօսք սիրտեր ջերմացնէ։
Այս տողերը ժողովրդական բանահիւսութեան ցայժմ անյայտ ասացուածքներ ու առածներ ըլլալ կը թուին, որոնք կ’երթան համալրելու «Ջուրի կաթիլը քար կը ծակէ», «Քաղցր լեզուն օձը բունէն կը հանէ», «Ճիշդ խօսք մը հազար դուռ կը բանայ» եւ նման իմաստուն միտքերու ցանկը, որոնց ստեղծողը հազարամեակները հոլոված ժողովուրդն է, եւ անոր ստեղծածը համալրել քիչ հեղինակներ կը հաւակնին։ Եւ այստեղ ակնյայտ բանաստեղծականութիւնը կը ցոլայ երեւոյթներու չափման ինքնատիպ միաւորներով՝ պատկերաւոր ու տպաւորիչ։ Որո՞ւ միտքը պիտի փորձէր, իմաստութիւնը չափել շիթերով, սէրը՝ շողերով, խաւսքը՝ բոյլերով (միայն Պ. Դուրեանը նայուածքը տեսած է բոյլով), իսկ գորովանքի ջերմաստիճանին չափման նուազագոյն նիշը «գոլ»-ն ընտրել։ Այսպէս կը յայտածուի Երան Գույումճեանի ինքնատիպ գեղագիտութիւնը։
Նոյնպիսի քառակող կոթող մը եւս տեղին է բերել՝
Փառքը կ’անցնի, վա՛րքը կը մնայ,
Կեանքը կ’անցնի, յո՛ւշը կը մնայ,
Մարդը կ’անցնի, գո՛րծը կը մնայ,
Խօսքը կ’անցնի, գի՛րը կը մնայ։ (Քառեակներ, էջ 23)
Եւ զուր չէր, որ այս քառեակը «քառակող կոթող» յորջորջեցի, քանզի ոչ միայն հնագոյն իմաստասիրութիւններու երեւոյթն ու հրապոյրն ունի այն, այլ եւ յղում կու տայ թեւածող լատին այն միտքին, թե «Խաւսքը կը թռչի, իսկ գիրը կը մնայ», եւ անորմով ամբողջ քառեակը իմաստասիրական հնագոյն արձանագրութիւններ պարունակող նախաքրիստոնէական յուշարձանի տպաւորութիւնը կը ստեղծէ։
Երան Գույումճեանի քառեակները երբեմն համեմատութիւններու վրայ կը խարսխուին, սակայն անոնք պարզ համեմատութիւններ չեն, այլ հեղինակի գաղափարին արտացոլանքը ճանաչողութեան տարբեր հայելիներու մէջ։ Անոնք միմեանց մէջ վերանդրադառնալով՝ աւելի տարածական ու խոր կը ներկայացնեն հեղինակին միտքը, եւ բովանդակութիւնը կ’ամբողջանայ խաչաձեւ հիւսուածքին մէջ։ Քառեակին պահանջն ու առաւելութիւնն է, որ սուղ տարածութեան մէջ գրողը յայտնաբերէ կենսափորձին խտացուցիչը։
Հոգւոյն խօսքը ես փնտռեցի
Սեթեւեթեալ բառերուն մէջ,
Ինչպէս մարդը ես փնտռեցի
Հազար ու մեկ հանդերձի մէջ։ (Քառեակներ, էջ 18)
Գիրով յաւերժանալու միտքին հաւատարիմ՝ բանաստեղծուհին բոլոր իր խոհերը, մտորումները, խաւսքի վերածած զգացումները գիրով ամրագրած է՝ նախ յաղթահարելով ինքզինք ճանչնալու ճամբան, ապա եւ թերթ առ թերթ ինքզինք ճանչցնելով ընթերցողներուն։
Ան ճշմարիտ ժառանգորդն է ազգային գրականութեան, որու հիմերն ու անկիւնաքարերը ճանչցած է խորապէս, ապա եւ ձգտումներն ու միտումները յստակաւրէն տարորոշած եւ անոր կերպաւորման ձեւերը ժառանգած։ Քերթողուհին միշտ դէպի վեր ու միշտ դէպի լոյսը կը ձգտի, ակնյայտաւրէն ան ուխտաւորն է Լոյսին։ Ան մեր ուղին ու մեր բնոյթը կը բնորոշէ՝ ինչպէս իրմէ առաջ բնութագրած են մեր մեծերը։ Թումանեան կ’ըսէ. «Մենք ուխտ ունենք՝ միշտ դէպի լոյս /
Ու գնում ենք մեր ճամբան… / …Մեր աչքերը՝ միշտ դէպի վեր՝ Դէպի լոյսը մեր ուխտի»։
Գարեգին Նժդեհ «լուսադաւան» կ’անուանէ մեր նախահայրերը։ Վարուժան, Մեծարենց, Սիամանթո եւ բոլոր մեր քերթողները դէպի լոյսը կ’երթային, եւ անոնց տողերը տրոփուն են լոյսով։ Երան Գույումճեանի քերթողական արուեստին ամէնէն ցայտուն տարրը լոյսն է իր բոլոր կերպարանքներով։ Ան կ’երազէ կեանքը լուսատեսիլ, հայրենիքը, ուր լուսորդիներ կը ծնին, անոր տողերէն կը ցաթեն բոց ու նշոյլ, պսպղուն շող ու կայծկլտուն հուր, ճաճանչագեղ Արարչական լոյս… Ան «լուսապաշտ» կը յորջորջէ ժողովուրդը։
Եւ անոր քերթուածները ոչ միայն կը խաւսին լոյսի մասին, ոչ եւեթ հիացում ու սքանչացում կ’առթեն, այլ եւ մատնացոյց կ’ընեն եւ կը յիշեցնեն ազգին առաքելութիւնն ու նախանշուած ճանապարհը. «Դուն անմահ Լոյսին յաւիտեան ճամբորդ»։ (Հայերգութիւն, էջ 20)
Կամ՝
Ու թէ սայթաքիս դուն ուղեմոլոր,
Ճամբադ լուսողող քեզ պիտի կանչէ. –
Քանզի ուխտեալն ես դուն հաւատաւոր
Լոյսին անստուեր ու ճաճանչագեղ… (Հայերգութիւն, էջ 23)
Եւ քերթողուհին կը տեսնէ շողացող այն գալիքը, ուր կատարելութեան ձգտումը՝ Լոյսի ճամբան, պիտի հասցնէ մեր ազգն ու իւրաքանչիւրս.
Ու պիտ սփռես լո՛յսդ հզօր զերթ լուսարձակ՝
Մտքի, սրտի եւ հոգիի փարո՛ս անմար,
Դարին մոլոր պիտ ներշնչես նորոգ հաւատք՝
Թէ մարդ էակն կրնայ իրօք Աստուածանալ… (Հայերգութիւն, էջ 19)
«Հայերգութիւն» գիրքը ներշնչանքի յորդմամբ յաւրինուած է, հոյակերտ կոթող մըն է այն՝ ձաւնուած ազգին, հայրենիքին, հայերէնին։ Այնտեղ ամբողջ մեր մշակոյթին գորգը կ’երեւակուի բանաստեղծական անկեղծ ոգեշնչմամբ եւ պատկերներու, անուններու, հերոսական դրուագներու ոգեկոչմամբ։ Այնտեղ հոծուած ձեւակերպումներ կան, որոնք անհնար է մոռնալ, քանզի ներապրած ճշմարտութեան գեղեցիկ մատուցումն են իրաւ, ինչպէս «Հայաստանին» բանաստեղծութեան առաջին տողը՝ «Դուն սրտաչափ, ներոյժդ՝ մեծ» (Հայերգութիւն, էջ 40)։ Այս պզտիկ տողը կը պարագրէ Հայաստանն իր նիւթեղէն եւ հոգեւոր ամբողջ տարողութեամբ։ Այս մէն մի տողը աւարտուն բանաստեղծութիւն է արդէն, միաժամանակ՝ գեղեցիկ հանելուկ մը։ Ահա՝ ձեւակերպում մը եւս՝ «Ամէն մեկ հայ բջիջ մըն է / «Հայ» կոչուած մեծ առեղծուածին» (Հայերգութիւն, էջ 25)։ Այս տողն իսկ ինքնին աւարտուն ու ինքնաբաւ գործ մըն է, որ առասպելական նախապատմական շրջանին կը տանի միտքը՝ երեւակայութեան մէջ արթնցնելով նախահաւր կերպարը, որու մասնիկներն ըլլալու ենք։
Բանաստեղծն իր նուիրական իղձերն ու բաղձանքներն է պահ տուեր «Հայերգութիւն» գիրքին մէջ, այնտեղ նաեւ յայտնաբերեր է յաւերժանալու իր գաղտնիքն ու կերպը, որ երանելի է, իսկապէս, իւրաքանչիւր հայի համար.
…Գորովանքս տամ ամէն մեկ տարրիդ
արեւապայծառ
Եւ դառնամ հիւլէ մը անքակտելի
քու լոյս էութեան։ (Երկիր սրբազան, Հայերգութիւն, էջ 41)
Բանաստեղծի հոգին այն շողակնն է, որու ցոլափոխանքներու մէջ կը կարդանք զգայուն սիրտի բոլոր թրթիռները, ներաշխարհային պայծառ անդրադարձումները, որոնցմով կ’ամբողջանայ, կը լրուի բնութենապաշտ, իմաստասէր, հայրենապաշտ, ազգասէր, հայերէնապաշտ հայը։ Անոր պաշտամունքը կը յորդի քերթուածներէն ու քառեակներէն։
Ամէն բանաստեղծութիւն հոյապակի մըն է՝ յաւրինուած համադրութեամբ ապակիի ակնահաճոյ կտորներուն, որոնց ընդմէջէն թափանցող պարզ ճառագայթը կ’երանգաւորուի քերթողուհւոյն նուրբ ճաշակին համեմատ եւ ընթերցողի հոգւոյն կը բաշխէ վայելքը յայտնաբերումին։
Հատորներու քառեակը տաճար մըն է՝ կառուցուած պաշտամունքային յենասիւներուն վրայ։ Հոն այցելողը Երազամոյն տաճարին ուխտաւորը կ’ըլլայ եւ քերթութեան Ոգւոյն հրաշալի թեւածումին ականատեսը…
Լուսինէ Աւետիսեան
Գրականագէտ, գրաբարագէտ,
բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու,
ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտ