Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան գործընթացը կը թուի, որ դրական ենթահողի վրայ է: Վարչապետի նշանակումի գործնական եւ արագ եղանակը կրնայ անպայման չկրկնուիլ կառավարութեան կազմութեան առումով, այսուհանդերձ կայ որոշ քաղաքական մթնոլորտ, որ վարչապետ Հարիրի պիտի յաջողի կազմել կառավարութիւնը: Կը թուի նոյնիսկ, որ պայմանականութիւնները կառավարութեան ձեւաչափի, թիւի առումներով դասական կառչածութիւնները չունին այս փուլին: Յայտնաբար կայ միջազգային մեկնարկ եւ նաեւ անոր ներշնչումը լիբանանեան-տեղական ուժերու վրայ` կանաչ լոյս ստացած գործընթացին ընդառաջ շարժելու եւ չհանգուցելու գործընթացները:
Ուղենշային իրադրութիւն կարելի էր նկատել Լիբանան-Իսրայէլ ծովային տարածքներու սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը: Այս հանգոյցը մաս կը կազմէր միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս Ուաշինկթընի կողմէ պաշտօնական Պէյրութին առջեւ դրուած թղթածրարներուն, որոնց պատճառով ալ կը կիրարկուէր ընդհանուր տնտեսական շրջափակման քաղաքականութիւն:
Ծովային տարածքներու սահմանազատումը տնտեսական գերշահոյթներ ապահովելու առումով տարածաշրջանային տարողութիւն ունի: Պարարտ բաժիններու ճշդումի հիման վրայ կատարուող սահմանազատումը որոշ կայունութեան հեռաւոր երաշխիքներ կը պարզէ: Կան տակաւին այլ հանգուցակէտեր` Հըզպալլայի նկատմամբ դրուող պահանջներէն մինչեւ պաղեստինցիներու բնակեցման առկախուած թղթածրարներ:
Վարչապետ Էտիպի հրաժարականը տեղի չտուաւ ֆրանսական նախաձեռնութեան տապալումին: Նախագահ Մաքրոն յայտարարեց, որ նախաձեռնութիւնը պայմանականացուած չէ վարչապետի թեկնածուի անձով, այլ կը նպատակադրէ համալիբանանեան համախոհութեամբ բարենորոգումներու անյապաղ որդեգրումն ու այդ բոլորին համար նոր ծրագիրով նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
Հիմա, այս ձեւով ֆրանսական նախաձեռնութեան երկրորդ արարն է, որ կը սկսի: Հարիրի վերստին հանդէս պիտի գայ բարենորոգումներու ծրագիրով: Այս փուլին աւելի հեռուէն կատարուող դիտարկումները պիտի նկատեն Ֆրանսայի աշխուժացման դիմաց թրքական պարտադիր կրաւորականութիւն մը:
Շարունակենք դիտարկումը` աշխատցնելով հայկական ոսպնեակը այս պարագային: Հըզպալլայի օրակարգով որքան ալ խանդավառութիւն չցուցաբերէ Ռիատը նոր կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն հանդէպ, այնուամենայնիւ հզօր ազդեցութեան գործօն կը մնայ ընդհանրապէս Լիբանանին եւ այս պարագային յատկապէս սիւննի զանգուածին վրայ, ուր թափանցած է Անգարան: Վարչապետը սիւննի համայնքի իրողական մեծամասնութեան ներկայացուցիչը կը նկատուի, իսկ այդ իրողական ներկայացուցչութիւնը կը հակի դէպի Ռիատ:
Նկատի ունենալով նաեւ Ռիատի եւ Անգարայի միջեւ աննախադէպ լարուածութիւնը, այստեղ համընկնում կայ ուրեմն Ռիատի եւ Փարիզի միջեւ, գէթ լիբանանեան քաղաքական դաշտին վրայ թրքական թափանցումները չէզոքացնելու առումով:
Այսպիսով ալ կը բացատրուի հաւանաբար Թուրքիոյ եւ իր ազդեցութեան ներքեւ գործող կազմակերպութիւններու համեմատական լռութիւնը: Արցախեան պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ հիմա` ամիս մը նոյն այդ շրջանակներուն կողմէ որեւէ ցուցական, տեղեկատուական գործողութիւն չի նկատուիր: Աւելի՛ն. բացի ընկերային ցանցերու վրայ ոչ պաշտօնական պարագայական գրառումներէն, հակազդեցութիւն չկայ նաեւ երկուշաբթի երեկոյ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ կազմակերպած ցոյցին: Մինչդեռ նախքան լիբանանեան քաղաքական նորագոյն իրադրութիւններու այս ընթացքը, նուազագոյն հրապարակային քննադատութիւնները սուր հակազդեցութիւններու տեղի կու տային:
Կանխահաս է հաւանաբար նկատել, որ իրավիճակ փոխուած է: Կայ սակայն գուցէ ժամանակաւոր թրքական պարտադրուած կրաւորականութիւն մը: Յանկարծակի գործողութիւնները առանց բացառելու անշուշտ նկատենք, որ այս լռութիւնը չ՛ենթադրեր անշուշտ ընդմիշտ չէզոքացում:
Ֆրանսական նախաձեռնութեան յաջողութիւնը կը բխի ուրեմն նաեւ հայկական շահերէն: Իսկ այս հանգամանքները նկատի ունենալով Հայկական երեսփոխանական պլոքի ինքնուրոյնութիւնը վերաշեշտող որոշումը` ներկայ փուլին նոր մեկնարկին մասնակից դառնալու եւ ներդրում ունենալու տեսակէտէն կշռադատած է թէ՛ լիբանանեան, թէ՛ համայնքային եւ թէ՛ համահայկական շահերը: