ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Երկու շաբաթէ ի վեր համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ընթացող բախումներուն վրայ, որոնք յառաջացան թրքական բանակին շղթայազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն պատճառվ: Մինչ մամուլի աշխատակիցներու եւ փորձագէտներու մեկնաբանութիններուն կիզակէտը կը մնայ շրջանին մէջ ընթացող քիւրտ-թրքական առճակատումը կամ պատերազմը, անցեալ շաբաթուան ընթացքին ուշագրաւ այլ դէպք մը պատահեցաւ Թուրքիոյ, այս անգամ Պոլսոյ մէջ: «Հրանդ Տինք» հիմնարկին ամիսներ առաջ կազմակերպած «Կեսարիոյ եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը» խորագրեալ գիտաժողովը մետասաներորդ պահուն խափանուեցաւ եւ արգիլուեցաւ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Հակիրճ ձեւով ամփոփեմ տեղի ունեցածը՝ փորձելով դիտարկել դէպքերու զարգացումը Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակի լայն պարունակին մէջ:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկը արդէն աւելի քան տասնամեակ մըն է որ կը գործէ, ու անոր աշխատանքները քիչ թէ շատ ծանօթ են բոլորիս կամ յատկապէս բոլոր անոնց, որոնք աւելի մօտէն կը հետեւին Թուրքիոյ քաղաքական կամ հասարակական կեանքին: Այլ կազմակերպութիւններու կողքին, «Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ մէջ ազատ խօսքի եւ մամուլի իրաւունքի ջատագովներէն մէկը, ինչպէս նաեւ իր բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններով հանրային հարթակին վրայ աւելի տեսանելի կը դարձնէ Թուրքիոյ անցեալին եւ ներկային մէկ մասնիկը կազմող ոչ-իսլամ (հայ, յոյն եւ այլն) հասարակութիւններու մշակութային եւ հասարակական արժէքներն ու պատմութիւնը: Հիմնարկը արդէն մի քանի տարիէ ի վեր (2010էն սկսեալ) շարունակական կերպով կը կազմակերպէ Թուրքիոյ կամ Օսմանեան կայսրութեան մէջ վաղեմի հայկական բնակչութիւն ունեցող քաղաքներու մասին գիտաժողովներու շարք մը: Անոնցմէ կարելի է յիշել Անգարայի, Ատանայի, Տիգրանակերտի, Վանի, Իզմիրի եւ Մարտինի մասին նախապէս տեղի ունեցած գիտաժողովները, որոնք բազմաթիւ մասնակցողներու եւ հետազօտողներու աշխատանքներուն շնորհիւ լոյս սփռեցին տուեալ աշխարհագրութեանց պատմական, տնտեսական մշակութային եւ ընկերային անցեալին վրայ: Այս ծիրին մէջ է, ուրեմն, որ պէտք էր հասկնալ նաեւ Կեսարիոյ մասին տեղի ունենալիք գիտաժողովը:
Սկզբնական ծրագիրով, խորհրդաժողովը նախատեսուած էր կայացնել նոյն ինքն Կեսարիա քաղաքին մէջ, սակայն Հոկտեմբեր 2ին հրատարակուած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէր, թէ Կեսարիոյ նահանգապետը մերժած էր ընդունիլ քաղաքին մէջ՝ յայտնելով որ յարմար չէր տեսներ նման նախաձեռնութեան մը կազմակերպումը: Իբրեւ գիտաժողովի հրաւիրեալ մասնակցողներէն մէկը, պէտք է ընդունիլ, որ նման որոշում մը ինծի համար անսպասելի չէր՝ տրուած ըլլալով Թուրքիոյ եւ յատկապէս անոր գաւառներուն մէջ տիրող քաղաքական դիւրաբեկ կացութիւնը: Հակառակ անոր, որ ապացոյց չկայ այս մէկը ամրագրելու, Կեսարիոյ գիտաժողովը, որ տեղի պէտք էր ունենար 18-20 Հոկտեմբերին, կը զուգադիպէր նաեւ նոյն օրերուն Կեսարիա գտնուող Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի պաշտօնական այցելութեան հետ:
Այս երկուքը կրնային բաւարար հիմք հանդիսանալ, որպէսի գիտաժողովը արգիլուէր տուեալ քաղաքին մէջ: Սակայն անսպասելին այն էր, որ հակառակ գիտաժողովի վերակազմակերպման, այս անգամ Պոլսոյ եւ ինքնին Հիմնարկի սեփական շէնքին մէջ, Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի կառավարիչը (Sisli Kaymakamligi) տեղեկացուց, թէ կ՛արգիլէր, որ գիտաժողովը առհասարակ տեղի ունենար, նոյնիսկ հիմնարկին սեփական տարածքին մէջ՝ ոչ մէկ լուսաբանութիւն կամ տրամաբանական բացատրութիւն տալով: Աւելին. նոյնիսկ զարմանալի էր, որ արգիլման իրաւական հիմք կ՛օգտագործուէր հաւաքներու եւ քայլարշաւներու մասին թիւ 2911 օրէնքը, որ կիրառելի չէր հիմնարկներու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու պարագային: Լուռը սահմռկեցուցիչ էր ոչ միայն այն պարզ պատճառով, որ նախապատրաստական աշխատանքները արդէն աւարտած էին եւ բոլոր մասնակցողները, որոնց շարքին նաեւ արտասահմանէն ժամանածները արդէն հասած էին Պոլիս, բայց նաեւ այն մտահոգութեամբ, որ այս մէկը աննախադէպ էր: Այսինքն՝ չէր պատահած որ հիմնարկին նախաձեռնած (վերոյիշեալ) գիտաժողովներէն մէկը պետութեան կողմէ չեղարկուէր, ուր մնաց արգիլուէր անոր սեփական շէնքին մէջ կայանալը:
Նմանօրինակ դէպք մը վերջին անգամ պատահած էր Մայիս 2005ին, երբ Վոսփորի Համալսարանի (Bogazigi University) մէջ կայանալիք «Օսմանեան հայերը կայսրութեան անկման ժամանակ. գիտական պատասխանատուութեանևժողովրդավարութեան հիմնահարցեր» խորագրեալ խորհրդաժողովը թուրք հասարակական եւ պետական ճնշման ու սպառանալիքներու իբրեւ հետեւանք յետաձգուեցաւ: Միայն Սեպտեմբեր 2005ին եւ ապահովական միջոցներու ներքոյ էր, որ տուեալ գիտաժողովը վերջապէս տեղի ունեցաւ Պիլկի համալսարանին մէջ:
Կեսարիոյ գիտաժողովին պարագային տեղի ունեցածը մեզ պահ մը կը յիշեցնէր 14 տարի առաջուան այս պատահարը՝ մտավախութեան նոր աղբւիր մը աւելցնելով արդէն իսկ ճնշող քաղաքական միջավայրի մը մէջ: Մասնակցողներէն շատերուս մօտ տակաւին յստակ չէ, թէ Կեսարիոյ պատմական անցեալին կամ ընդհանուր գիտաժողովին ճիշդ ինչն էր, որ այդքան «վախցուցած» էր թրքական իշխանութիւնները, առաւել եւս Պոլսոյ պատկան մարմինները զանոնք մղելով, որ կտրականապէս մերժէին նման գիտական հաւաք մը: Սակայն մէկ բան կարելի է եզրակացնել այս բոլորէն եւ այն է, որ պետական այս խոչընդոտը նախադէպ մը ստեղծեց, որուն հետեւանքը կրնայ մտահոգիչ ըլլալ ապագայ գործունէութեանց համար, յատկապէս այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու մշակութային, ընկերային եւ պատմական կեանքը սկսած էր աւելի լայն տարածում կամ հնչեղութիւն գտնել թրքական հասարակութեան մօտ (գոնէ Պոլսոյ մէջ): Ցաւալի է միայն տեսնել, թէ պետական քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք, հասարակութեան մէջ զանգուած մը զրկուեցաւ յոյն, թուրք, հայ եւ ամերիկացի 27 պատմաբաններու եւ հետազօտողներու ներկայացնելիք հետաքրքրական եւ օգտաշատ զեկոյցները լսելու առիթէն, որոնք միայն պիտի լուսաբանէին Կեսարիա քաղաքի պատմութեան տարատեսակ երեսները: Այս իմաստով, նման ձեռնարկներու խափանումը ոչ միայն հարուած մըն էր Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, այլ յաւելեալ հարուած մըն էր Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ վերացող խօսքի եւ մամուլի ազատ իրաւունքին: