ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Նշանակեալ եւ ընթացիկ աշխատանքները վարող վարչապետներուն, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնին մագոգային այցելութիւնները յայտնաբար կ՛առաջադրեն կառավարութեան կազմութեան հանգուցալուծումը:
Նշանակեալ վարչապետը տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու մայրաքաղաքներ այցելելով կը փորձէ կանաչ լոյսեր ապահովել, ընթացիկ գործեր վարող կառավարութեան պետը ներքին քաղաքական դաշտին մէջ համաձայնութեան ենթահող կը փորձէ ձեւաւորել, իսկ Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնը ներքինին առընթեր Արաբական ծոցին մէջ կ՛աշխուժացնէ հանդիպումները` կառավարութեան կազմութեան ազդանշաններ տեսանելի դարձնելու համար:
Եգիպտական դերակատարութեան երեւութական աշխուժութիւն մը զգալի է: Նշանակեալ վարչապետը Գահիրէ կ՛այցելէ տեսակցելու համար Եգիպտոսի նախագահին հետ, մինչ այստեղ նոյն երկրի դեսպանը խորհրդարանի նախագահի նստավայր այցելելէն ետք կը շեշտէ Եգիպտոսի դերակատարութեան վերաշխուժացման հրամայականը:
Այս բոլորը սակայն բաւարար չեն համոզուելու, որ կառավարութեան կազմութեան գործընթացի մեկնարկը տրուած է: Քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը կը յուշէր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութենէն ետք տարածաշրջանի խաղաթուղթերու փոփոխութեան հաւանականութիւնը կրնայ դրական ազդել Լիբանանի քաղաքական կեանքին վրայ եւ տեղի տալ լուծումներու շղթայազերծման երեւոյթին:
Կան տակաւին մշուշոտ պատկերներ: Միջազգային ընտանիքը, յատկապէս ամերիկեան եւ եւրոպական կեդրոններու ճամբով օժանդակութիւններու պատրաստակամութիւնը շեշտող բարձրաձայնումներուն սկսած էր զուգորդել նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան արդիւնքներու ձգձգումի անընդունելիութիւնը:
Աւելի քան բարացուցական է Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ հաղորդագրութիւնը, ուր անոնք կոչ կ՛ուղղէին լիբանանցի պատասխանատուներուն եւ կողմերուն փութացնելու լուծման ճիգերը եւ բարեկարգումներու գործնական քայլերու դիմելու: Ժան Իվ Լը Տրիանի եւ Էնթընի Պլինքընի հրապարակած միացեալ հաղորդագրութիւնը կը վերահաստատէր երկու երկիրներուն զօրակցութիւնը եւ նորանոր օժանդակութեանց տրամադրութեան պատրաստակամութիւնը` միաժամանակ յիշեցնելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով հետաքննութեանց փութացումն ու անոնց արդիւնքներուն բացայայտումը:
Համահունչ յայտարարութեամբ իր կարգին, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, շեշտեց իր երկրին հոգատարութիւնը Լիբանանին: Վերահաստատելով ֆրանսական զօրակցութիւնը` դեսպան Կրիօ «անընդունելի» նկատեց վեց ամիսներէ ի վեր անլոյծ մնացած նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան թղթածրարին ձգձգումը` իր կարգին կոչ ուղղելով փութացնելու զայն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը:
Այստեղ արդէն պարզ է ակնկալութիւնը: Կառավարութեան կազմութեան համար արգելանքները քակելն ու տարբեր օժանդակութիւններ տրամադրելը պայմանաւորուած են հետաքննութեան արդիւնքներով: Այդ արդիւնքները «համոզիչ» պէտք է ըլլան նաեւ արդիւնքները սպասողներուն համար:
Կը թուի, որ պիտի աւելնայ նոր ակնկալութիւնը: Քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմի անարգ ոճիրի զոհ երթալը ցնցեց երկիրը: Դատապարտանքները միայն տեղական չեն: Եւրոպական եւ ամերիկեան կեդրոններ բուռն կերպով դատապարտելէ ետք կը պահանջեն ոճիրի ծալքերուն բացայայտումը:
Այս ակնկալութիւնները լուռ քաղաքական թիրախներ ունին: Ակնկալողները յայտնաբար կ՛ակնկալեն իրենց սպասած արդիւնքներու եզրայանգումներու պաշտօնականացումը: Եւ պարզ կը դարձնեն, որ կառավարութեան կազմութեան շուրջ համաձայնութիւնը եւ մանաւանդ տարբեր ոլորտներու համար տրամադրուելիք միջազգային օժանդակութիւններն ու ֆինանսական կալանքներու վերացումը անմիջականօրէն կապ ունին այդ ակնկալութիւններուն հետ: