ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Լիբանանի դէմ կիրարկուող ֆինանսական եւ տնտեսական պաշարումը կը շարունակուի մեծ հաշուով: Վառելանիւթէն դեղորայք, սննդեղէնէն մինչեւ հիւանդանոցային ծառայութիւններու խիստ սահմանափակում` քաղաքացիներու ստորացման շարքերը կը խտացնեն անորոշ ձգելով փակուղիէն դուրս գալու որեւէ հնարաւորութեան գոյացումի ճակատագիրը:
Խաբուսիկ լաւատեսութեան լուրեր, կարճատեւ հանգրուանային լուծումներու փորձեր որեւէ ձեւով լոյս չեն սփռեր իրավիճակի փոփոխութեան տանող ճանապարհներուն վրայ:
Բնական է, որ զանգուածային ցասումը, յուսահատական մթնոլորտի տարածումը եւ մանաւանդ բողոքելու տարրական իրաւունքի դրսեւորումները պիտի քաղաքականանան:
Առաջին թիրախը գործող իշխանութիւններն են, որոնց կը վերագրուի ապաշնորհ վարչակառավարումը, միջազգային ընտանիքէն մեկուսացումը, ընտանեկան դիրքերը չզիջելու եւ այդ բոլորով հանգուցալուծման գործընթացը արգելակելու բոլոր փորձերը:
Հետզհետէ աւելի համարձակ բնոյթ կը ստանան Հըզպալլայի քաղաքականութիւնը խարազանող կեցուածքները` զինուորական ներկայութենէն խաղաղութեան սպառնալիք ըլլալը, Լիբանանը պատերազմական վիճակի մէջ պահելէն մինչեւ միջազգային ընտանիքը Լիբանանին դէմ հանելը կամ ընդհանրապէս իրանեան օրակարգերուն սպասարկելը:
Բնականաբար կան հակաճառութիւնները: Տասնամեակներու վրայ երկարող թալանի, մսխումի, գումարներու փոշիացման, երկրի կառուցուածքային համակարգի փլուզման եւ այդ բոլորով միջազգային ընտանիքի մղումին` օժանդակութիւններու դադրեցման:
Լիբանանեան հասարակութիւնը ճգնաժամի այս սրութեան մէջ կը յայտնուի երկփեղկուած իրավիճակի մէջ: Այս բոլորին պատճառ եղողին դէմ քաղաքացիի որոշած հասցէին նկատմամբ վերաբերումը կա՛մ անհնազանդութեան շարժումով, բողոքի գործողութեամբ է յատկանշուած, կա՛մ ալ ատենին` քուէով: Այս երկրորդը իբրեւ իւրովի մշակոյթ մինչ այժմ կը կիրարկուէր Լիբանանի մէջ:
Իւրաքանչիւր համայնք եւ այնտեղ տիրական ներկայութիւն եղող գլխաւոր ուժ իր ծրագիրով, ծառայութիւններով եւ կազմակերպուածութեամբ զանգուածային ուղորդում կը կատարէր իր ընտրազանգուածին:
Անտեսանելի չէ ընդհանուր միտումը այս դրուածքը փոխելու: Եւ այստեղ է, որ լիբանանցի քաղաքացին պիտի գիտակցի, որ լիբանանեան օրակարգերու պարտադրանքը անպայման զուտ լիբանանեան աղբիւրներէ չի բխիր:
Անշուշտ որեւէ կերպ չ՛արդարացուիր վարչակառավարման փտածութիւնը, որուն ակունքները օսմանեան համակարգին կը հասնին: Քաղաքականօրէն պէտք է տեսնել սակայն, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները, քաղաքացիական առողջ հասարակարգի հետամուտները երկիրը պաշարելով ինչպէ՛ս կը ստորացնեն այդ նոյն քաղաքացիները:
Տասնամեակներու վրայ մեծածաւալ օժանդակութիւն տրամադրող պետութիւնները ամէնէն առաջ իրե՛նք իրազեկ էին գումարներու փոշիացման եւ հարստապետական աւատապետութեան գործողութիւններու ծալքերուն: Արդիւնքը այն է, որ հարստապետութեան ներկայացուցիչներուն գումար հայթայթածները այժմ կը պատժեն իրենց «յաճախորդները»:
Այս բոլորը շրջադարձ կրնան կատարել, երբ քաղաքական պահը հասուննայ եւ յետհաշուարկը սկսի, հակառակ ուղղութեամբ: Աֆղանիստանը թալեպաններուն յանձնուեցաւ մէկ օրուան մէջ: Սուրիական գործող իշխանութիւնը կը նկատուի արդէն օրինական իշխանութիւն. սկսած են Իրան-Ուաշինկթըն հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները:
Պարզապէս լիբանանեան թղթածրարի պահը չէ հասած: Մինչ այդ, պետութեան զգետնում, քաղաքացիի ստորացում, կառավարութեան կազմութեան պարանաձգութիւն եւ նման երեւոյթներու շարունակութիւն: Մնացեալ պահանջները` Հըզպալլայի չէզոքացումէն մինչեւ հակափտածութիւն եւ վարչական բարենորոգում, ծովային սահմանազատումէն եւ ընդծովեայ ուժանիւթի շահարկումէն մինչեւ պաղեստինցիներու բնակեցում պատրուակներ են ճնշամիջոցային միջազգային քաղաքականութիւնը կիրարկելու:
Միջազգային այս օրակարգին դիմակայելը լիբանանեան թոյլ պետութեան եւ երկփեղկուած հասարակութեան կարողութեան սահմաններէն հեռու է անշուշտ: Խօսքը այս փուլին պարզապէս տագնապը որոշ չափով թեթեւցնելու մասին է` փորձելով խուճապի մթնոլորտը փարատել եւ հեռանկար ցոյց տալ:
Ներլիբանանեան գիտակցումը սակայն վնասի հետեւանքներու նուազեցման կրնայ ծառայել: Փոխադարձ մեղադրանքներու յորձանուտին չներքաշուիլը առաջին քայլն է: Երկրորդը կրնայ ըլլալ փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը: Գիտակցումը փրկուելու եւ փրկելու, եւ ատոր համար ալ զուտ լիբանանեան փրկօղակներու կառչելու: