«Բայց Ինչ Որ Ըլլայ, Մենք Պիտի Շարունակենք Հոն Ըլլալ, Կողք-Կողքի Ըլլալ»
Վարեց՝ ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
«Շաբաթօրեայ մայրեր»ու 700րդ մէկտեղումը մարդու իրաւունքներու արժէք ընծայող բոլորին համար կարեւոր դէպք մըն էր: Սակայն անակնկալ որոշումով մը ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլեց ցոյցը: Այդ խառնակութեան մէջ, 47 անձեր բերման ենթարկուեցան, ապա ներքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը կրկին անգամ գրգռեց արդարութիւն պահանջելու համար հաւաքուողները: Սոյն միջադէպին առիթով, «Ակօս»ը ցոյցին մասնակցող Հրանդ Տինքի որդիին՝ Առատ Տինքի հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ.- Դուք այս բոլորը ինչպէ՞ս կը գնահատէք: Արդեօք կը վերադառնանք 1990ական տարեթիւերու միջավայրի՞ն:
ԱՌԱՏ ՏԻՆՔ.- Այս ցոյցերը ընդհատուած էին 1999-2009 թուականներուն միջեւ: Անշուշտ որ այս վերջին պատահածը բոլորովին անիմաստ երեւոյթ մըն է: Բոլորը գիտեն, թէ կատարուածը որոշ նպատակ մը հետապնդող խաղաղ բողոքի ցոյց մըն է: Ուրեմն ի՞նչ կարիք զգացին վայրագ միջամտութիւն մը ունենալու համար: Ես այս կատարուածը ամբողջովին ճնշելու փորձ մը ըլլալով կը տեսնեմ: Անհանդուրժողականութեան դրսեւորում մը: Վախցան, որ այս վերջինը շատ աւելի զանգուածային բնոյթ պիտի ունենայ եւ ուզեցին այդ հաւանականութիւնը չէզոքացնել: Թերեւս ալ այստեղ ակնարկուած յանցագործութեան մեղաւորները այս պահուն որոշ իշխանութիւն մը ձեռք բերած ըլլալով՝ իրենք կրնան փորձել արգելք ըլլալ: Բայց այս բոլորը մեզ այնքան ալ հետաքրքրող բաներ պէտք չէ որ ըլլան: Վերջապէս հոն գտնուիլը ճիշդ էր, այդ ցոյցին մասնակիցը ըլլալը ճիշդ էր, այդ ճիշդին հաւատարիմ մնալն ալ:
Այս է էականը, ապա թէ ոչ այդ նոյն վայրը անցեալին իշխանութեան համար ալ կարեւոր էր: Կառավարութիւնը իր զանգուածին կը բացատրէր այդտեղ հնչած արդարութեան պահանջը: Ուրեմն հոն գտնուած պահուս իմ ամենակարեւոր մտատանջութիւնը ճիշդ այդ գետնին վրայ էր: Ո՛չ միայն այդ պահէն, այլ շարունակութենէն ալ մտահոգ էի: Հասարակութիւնը ինչպէս այսքան դիւրին կը համակերպի իր հաւատացած գործիչներու պարզած հակասութիւններուն:
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ.- Իրաւ ալ շատեր իսկոյն մտաբերեցին Էրտողանի վարչապետութեան շրջանին Շաբաթօրեայ մայրերուն ուղղած խոստումները: Ան խորհրդարանին մէջ իր կուսակցականներուն մանրամասնօրէն պատմած էր Պերֆօ մայրիկի դժբախտութիւնը եւ իր կուսակցականներն ալ աղի արցունքներ հոսեցնելով՝ լսած էին այդ բոլորը: Իսկ այսօր ներքին գործոց նախարարը կը յանդգնի այդ նոյն մայրերու ահաբեկչական գործիքը դառնալը պնդելու: Իշխանութեան այս շեղումը ի՞նչպէս կը մեկնաբանես:
ԱՌԱՏ ՏԻՆՔ.- Շատ յաճախ ապրեցանք նման շեղումներ: Կառավարութիւնը նախապէս ուրիշ բան ըսած է, եւ աւելի ուշ ալ բոլորովին ուրիշ: Այստեղ մեզի համար հետաքրքրականը ժողովուրդին այս տարօրինակ ալեկոծումն է: Բան մը ըսած ատեն կը հաւատան, ապա բոլորովին հակառակը ըսած ատեն դարձեալ կը հաւատան: Այս երեւոյթը նաեւ ապագայի նկատմամբ մեր յոյսերը կամ հիասթափութիւնները ձեւաւորող յատկութիւն մըն է: Ի՞նչ պիտի ըլլայ, ո՞ւր պիտի հասնի ամէն ինչ: Մեզի նման մարդիկ երկար ժամանակէ ի վեր այս տեսակ երեւոյթներու դէմ բողոքող դիրքի մէջ են: Ինծի համար կարեւոր է, թէ հասարակութեան լայն շերտը ի՞նչ դիրք բռնած է: Իրենց տուած ձայներով այս ընթացքին ալ կը զօրակցի՞ն: Բոլոր ուժերը մէկ ձեռքի մէջ հաւաքուած են: Ժողովուրդը քանի մը անգամներ իր դժգոհութիւնը արտայայտելու առիթներ ունեցաւ: Արդեօք փորձե՞ց այդ առիթներէն օգտուիլ:
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ.- Այդ օր շուրջդ պահպանութեան վահան մը գոյացաւ: Թերեւս ոչ միայն քեզի, հոն գտնուողներուն բոլորը բերման ենթարկուելէ ազատելու ջանք մը: Այդ նկարին մէջ կը տեսնենք Ահմետ Շըք, Կարօ Փայլան, Հիւտա Քայա, Սերփիլ Քեմալպայ եւ տակաւին ուրիշներ: Այդ լուսանկարին մասին բաւական մեկնաբանութիւններ կատարուեցան: Դուն ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես այդ լուսանկարը, քանի որ հոս շատ տարբեր միջավայրերէ մարդիկ նոյն նպատակի համար զօրակցութեան մէջ էին:
ԱՌԱՏ ՏԻՆՔ.- Արդէն մենք այս մարդկանց հետ շատ երկար ժամանակէ ի վեր նոյն ժողովրդավարական սկզբունքներու հանդէպ զգայնութիւն մը գոյացուցած էինք: Հոն ինծի ուղղեալ պաշտպանութեան յատուկ ջանք մը անշուշտ կար, հօրս բերմամբ: Բայց արդէն այդ բոլորն ալ իմ գաղափարակից բարեկամներս են: Որովհետեւ երեսփոխանները բերման ենթարկելու չէին համարձակեր, ուղղուեցան անոնց կողքին գտնուողներուն: Իւրաքանչիւրին համար պայքար մը տրուեցաւ: Ես թերեւս վերջինն էի եւ ամէն ոք իր բոլոր կարողութեամբ փորձեց զիս խնայել: Այս տեսակ խորհրդանշական պահերէն մարդոց յատուկ իմաստներ արտադրելը բնական է անշուշտ: Բայց ես այս տեսակ դէպքերուն մէջ միշտ կը նախընտրեմ ջուրին մէջ կաթիլ մը ըլլալ: Չեմ ուզեր, որ հօրս պատճառաւ կամ ազգանունիս պատճառաւ յաւելեալ ապահովութիւն մը վայելեմ: Անոր համար ալ միշտ զգոյշ կը վարուիմ: Կը խուսափիմ ուշադրութեան կիզակէտին շեղումէն: Վերջապէս, այդտեղ Հասան Օճաքի ընտանիքէն երեք անձեր բերման ենթարկուեցան: Քանի քանի տարիներու պայքարի մը մէջէն եկող մարդիկ, իրենց զաւակները, քոյրերը կամ եղբայրները փնտռող մարդիկ: Ես ստիպուած եմ անոնց կողքին կեցած պահուս շատ զգոյշ ըլլալու: Երբեք ու երբեք իրենց առջեւ չանցնելու: Խօսք մը կայ. «Աստուած կարգը թող չի խանգարէ»։ Մենք հիմա ստիպուած ենք «պետութիւնը կարգը չի խանգարէ» ըսելու: Այլեւս մեր սուգը պահելու անգամ ի վիճակի չենք, այնքան շատ սուգերով շրջապատուեցանք որ…։ Բայց ինչ որ ըլլայ, մենք պիտի շարունակենք հոն ըլլալ, կողք-կողքի ըլլալ: