Պոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի անձնակազմը Նոյեմբեր 10-էն սկսեալ` ամէն Շաբաթ օր` թրքական Aջık Radyo-ի (Աչըք ռատիօ) եթերով հանդէս պիտի գան նոր հաղորդումով: Այս մասին, ըստ News.am-ի, կը հաղորդէ թրքական Bianet.org կայքը:
Aջık Radyo-ի եթերոով «Ակօս»-ի ներկայացուցած նախագիծը պիտի կոչուի «Ռատիօ Ակօս», որուն ընթացքին Թուրքիոյ եւ աշխարհի տարբեր իրադարձութիւններու վերաբերեալ պիտի տրամադրուին տեղեկութիւններ եւ հարցազրոյցներ:
Նշենք, որ Aջık Radyo-ն Նոյեմբեր 1-էն եւս մէկ հետաքրքրական նախագիծ եթեր հանած է` «Հայ գրականութեան նմուշներ»-ը, որուն ժամանակ կ’ընթերցուին 1912-ին Սարգիս Սրենցի կողմէ կազմուած եւ վերջերս վերահրատարակուած «Հայ գրականութեան նմուշներ» գիրքին մէջ տեղ գտած ստեղծագործութիւնները:
Երուանդ եւ Փայլին Թովմասեաններու կողմէ ներկայացուող ծրագրին մէջ կ’ընթերցուին նաեւ ժամանակակից հայ գրողներու ստեղծագործութիւններու թրքերէն թարգմանութիւնները: