Թրքական լրատուական աղբիւրներ զարհուրելի լուր մը հաղորդեցին Ուրբաթ, ուշ երեկոյեան: Երկրի ժողովրդավարացման գործընթացին ծիրէն ներս, Սահմանադրական Ատեանը ազատ կ’արձակէր Հրանդ Տինքի սպանութեան գլխաւոր յանցագործներէն՝ Էրհան Թունչէլ կոչեցեալ ստակը… յառաջիկայ ժամերուն նոյն աւետիսը խոստանալով մնացեալ ամբաստանեալներուն:
Մարդասպանն ու անոր գործընկերները ազատ կ’արձակուէին, որովհետեւ խորհրդարանը փոփոխութեան ենթարկած էր երկրին «հակա-ահաբեկչական» օրէնքը: Ոեւէ ամբաստանեալ, առաւելագոյնը հինգ տարուան կալանքի ընթացքին չդատուելու պարագային, ազատ կրնայ արձակուիլ՝ յետ այսու: Նախապէս՝ տասը տարուան վրայ կ’երկարէր սոյն ժամանակամիջոցը: Օրինագիծը կը կրէ Սահմանադրական Ատեանին եւ նախագահ Ապտուլլա Կիւլի ստորագրութիւնը: Փաստօրէն, թրքական ժողովրդավարութիւնը, ահաբեկիչներուն ազատութիւն շնորհելով կը լուծէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը…: Հրանդ Տինքի նահատակութենէն եօթ տարիներ ետք,մարդասպանները բացայայտելու անոնց արդար պատիժը սահմանելու փոխարէն, ներում կը շնորհեն ոճրագործներուն: Ահա մարդկային արդարութիւնը, ահա թրքական ժողովրդավարութեան ընկալումը:
Ցաւալի եւ միակողմանի այս որոշումը ահաբեկչութիւնը քաջալերելու, առաւել եւս զայն պետական հովանաւորութեամբ երաշխաւորելու բեմադրութիւն մըն է պարզապէս: Փաստօրէն, Թուրքիոյ մէջ ազատ կարծիք արտայայտել, սեփական տեսակէտ պաշտպանել կը նշանակէ Հրանդ Տինքի ճակատագիրին ենթարկուիլ…: Եւ պիտի չզարմանամ երբեք՝ երբ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մեր համազգային նախապատրաստութիւններուն ընթացքին, թրքական ձեռքեր, Տինքի ճակատագիրին փորձեն ենթարկել Սփիւռքի տարբեր ափերու վրայ, գրիչի ընկերներէս ոմանց:
Պատահականութիւն չեն կրնար ըլլալ թրքական Ատեանին եւ նախագահական հովանաւորութեան քայլերը: Ահաբեկիչնեը ազատ արձակելով՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքար… : Խօսքը քեզի է ընթերցող. զուգահեռներ չկա՞ն արդեօք երէկի եւ այսօրուան Թուրքիոյ միջեւ: Յայտնապէս՝ նոյն թուրքն է ան, տարբեր քօղի տակ:
Թրքական Ատեանը եւ երկրին նախագահը կրնան դիւրահաճօրէն ներում շնորհել ոճրագործներուն: Մենք՝ նոր Հրանդներու գնով, անսայթաքօրէն պիտի շարունակենք ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԸ եւ պիտի հասնինք ճշմարտութեան յաղթանակին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ