ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու ներգրաւումը Արցախի դէմ ծաւալած յարձակումներուն մէջ, սպառնալիք է ո՛չ միայն Արցախի եւ Հայաստանի, այլ նաեւ միջազգային անվտանգութեան, եւ այս հարցը պէտք է դառնայ միջազգային հետաքննութեան առարկայ: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Արձանագրենք՝ 10 միլիոն բնակչութիւն եւ նաւթային ահռելի եկամուտներ ունեցող Ադրբեջանը 2020 թուականի Յուլիսից յետոյ ինքն իրեն խոստովանեց, որ ի վիճակի չէ սեփական ուժերով լուծել իր անվտանգութեան խնդիրները եւ դիմեց հազարաւոր վարձկանների օգնութեանը, ինչի համապարփակ ապացոյցները մենք արդէն ունենք», ընդգծեց վարչապետ Փաշինեան: