Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մարդիկ չգիտեն, որ հեռուստեսութեամբ պէտք է հնչի միայն մեր պաշտօնական լեզուն` գրական հայերէնը: Այլ կերպ ասած` հեռուստատեսութիւնը շատ մեծ դեր ունի եւ պէտք է անընդհատ համապատասխան հաղորդաշարեր կազմակերպի: Ի հարկէ, պէտք է յստակ վերահսկել սերիալների լեզուն, որտեղ լեզուն շատ է աղաւաղւում, յատկապէս` պատանիների, երիտասարդ սերնդի խօսքը : Հեռուստատեսութիւնը մշակոյթի դրսեւորում է, եւ մշակոյթը պէտք է բարձր լինի, ձգտի բարձրացնել մարդուն:
Վիկտոր Կատվալեան, Գիտութիւններու դոկտոր,
ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի տնօրէն
Գիտնականը կը խօսի: Բայց կարծէք այլեւս ժամանակները փոխուած են, եւ գիտնականները դատապարտուած են չորս պատերու ետին մենախօսելու, եւ այլ արժէքներ կը տիրապետեն ամէնուրեք: Ազգային իրաւ քաղաքական խօսք ըսած է ակադեմիայի անդամ Վիկտոր Կաւտալեան` Լիլիթ Ղազարեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին: Ինչ որ ըսած է, շեշտուած կերպով կը վերաբերի Հայաստանի հեռատեսիլին, բայց իր խօսքը պէտք է ընդհանրացնել հայկական-հայերէն բոլոր տեսակի լրատուամիջոցներուն, ներառեալ` սփիւռք(ներ)ի:
«… հեռուստատեսութեամբ պէտք է հնչի միայն մեր պաշտօնական լեզուն` գրական հայերէնը»… (ընդգծ. Յ.Պ.): Ցանկութիւն: Տարիներ առաջ, երբ նոյն մտահոգութիւնը կը յայտնէի Հայաստանի օրուան կրթական նախարարին` լեզուի մաքրման օրէնքի մասին, ան յուսահատութեամբ ըսաւ, որ եթէ նման օրէնքի նախագիծ ներկայացուի Ազգային ժողովին, չ՛ընդունուիր, քանի որ գրական հայերէնը պետական այրերու լեզուն չէ: Գրական հայերէնը հայաստանեան եւ սփիւռքեան ամբոխահաճութիւններու ծիրէն ներս կարեւորութիւն չունի: Ինչ որ կ՛ըսէ յարգելի ակադեմիկոսը, ահազանգի հրամայական է:
Եթէ հայկական-հայերէն հաղորդակցական միջոցներու լեզուն գրական հայերէնը չէ, հարց պէտք է տալ, թէ ո՞ր հայերէնն է անոնց լեզուն:
Անկասկած հեռատեսիլը հաղորդակցական հզօր միջոց է, որ կը հասնի իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ: Ան մշակութային յառաջընթացին դրական կերպով կրնայ նպաստել, եթէ ազգային քաղաքական կամք ըլլայ` պահելու համար ինքնութիւն եւ որակ:
Ազգ եւ երկիր կը յատկանշուին նաեւ իրենց լեզուով: Սահմանադրութեան յօդուածը կը ճշդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է: Եթէ հեռատեսիլը եւ ընդհանրապէս հաղորդամիջոցները պաշտօնական գրական լեզուն զանց առնեն, կը նշանակէ, որ տեղի կ՛ունենայ օրէնքի խախտում: Իսկ օրէնքի խախտումներուն հսկողը պետութիւնն է, որ կը թերանայ, երբ չի կանխեր եւ չի սրբագրեր զանոնք: Սփիւռք(ներ)ի պարագային, սահմանադրական յօդուածը չի գործեր, ան պետութիւն չէ, բայց ինքնութեան տիրութեան բծախնդրութեամբ ցարդ ուսուցուած եւ պահուած է լեզուն, գրական արեւմտահայերէնը:
Ակադեմիկոս Վիկտոր Կատվալեան խիստ ուշագրաւ հաստատում մը կ՛ընէ.
«Բայց ունենք նաեւ պաշտօնական լեզու, որը գրական հայերէնն է, ընդ որում` արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն գրական լեզուները: Ի դէպ, արեւմտահայերէնը նոյնպէս գրական հայերէն է, որն ըստ սահմանադրութեան, պաշտօնական լեզու է: Ի միջի այլոց, չի օգտագործւում այդ դրոյթը այնպէս, որ լեզուի իւրաքանչիւր աղաւաղում օրէնքի խախտում է»:
Իրապէ՞ս գրական արեւմտահահայերէնը եւս Հայաստանի պաշտօնական լեզուն է: Փորձով գիտեմ եւ տեսած եմ, անուն-ազգանունէն սկսեալ, այլ պաշտօնաթուղթերու պարագային ալ, արեւմտահայերէնը կը փոխուի արեւելահայերէնի` անցնելով միաժամանակ համակարգչային տիրոյթէ, Յակոբը վերածելով Հագոպի: Եթէ արեւմտահայերէնը եւս պաշտօնական լեզու է, ինչո՞ւ ան չի գործածուիր պաշտօնաթուղթերու եւ լրատուութեան մէջ: Այս արդէն այլ խնդիր է:
Հիմնական խնդիր է լեզուի աղաւաղումը եւ բառագանձի դէմ եղած օտարացման նախայարձակումը. հեռատեսիլէն, մամուլով, պաշտօնական թղթաբանութիւններու եւ պետական անձերու բարբառին մէջ: Ամէն անգամ որ կը լսեմ եւ կը կարդամ լրատուամիջոցները եւ բոլոր մակարդակներու պետական պաշտօնատար անձերը, կ՛արձանագրեմ հայերէնի հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող բառերը, որոնց թիւը առ այսօր 900-ը անցած է: (Ցանկը կցեմ այս յօդուածին, եւ սրտցաւ ընթերցողը, եթէ ուզէ հայերէնի մէջ ներխուժած այդ օտար բառերու ոչամբողջական ցանկը ունենալ, թող դիմէ թերթի խմբագրութեան):
Հայերէնի պահակ ակադեմիկոսը կ՛ըսէ նաեւ. «Ցաւօք, հիմա կան մարդիկ, որոնք հեգնանքով են ոսկեղենիկ հայերէն բառն արտասանոմ, որովհետեւ իրենցից այնքան հեռու է այդ ոսկեղենիկ հայերէնը, որ մարդը չի կարողանում գեղեցիկ խօսել, ստիպուած հեգնում է հայերէնը եւ ոսկեղենիկ հայերէնը»:
Հեգնանք եւ լքում, նահանջ: Հայաստան եւ սփիւռքներ «նոր ազնուականութիւն» է հայերէնի արհամարհանքը, չըսելու համար` քաղքենիական չտեսութիւն, ըլլալ օտարաբարբառ կամ հայերէնը համարել աղբաման` անոր մէջ թափելով մուրացածոյ բառեր, որպէս շպար: Աւելին. հայերէնը աղքատ ազգականի լեզու է, կարեւոր անձ եւ արդիական մտաւորական ըլլալու համար պէտք է խօսիլ եւ գրել օտար լեզուներով` տպաւորելու համար գաղթականի եւ ընկեցիկի հոգեբանութեամբ ապրողները, նոյնիսկ եթէ հիմա անոնք հարստացած են, կամ զարդարուած են մասնագիտական վկայականներով:
Չէ՞ պատահած, որ լսէք, թէ այսինչը ֆրանսերէնը կամ անգլերէնը ֆրանսացիէն եւ ամերիկացիէն աւելի լաւ կը խօսի, արաբէն աւելի լաւ կը խօսի արաբերէնը, գերմանացիէն լաւ կը խօսի գերմաներէնը: Ոչ ոք ըսած է եւ կ՛ըսէ, թէ այսինչը կամ այնինչը հայերէնը Շաւարշ Միսաքեանէն, Բենիամին Թաշեանէն, Մինաս Թէօլէօլեանէն կամ Պօղոս Սնապեանէն աւելի լաւ կը խօսի եւ կը գրէ: Նոյնը Հայաստան` յիշելով Ռուբէն Յովսէփեանը, Պարոյր Սեւակը, Չարենցը:
Ակադեմիկոս Վիկտոր Կատվալեանի երկու խիստ կարեւոր միտքերուն պիտի անդրադառնամ` գիտնալով, որ լեզուի հարցը յեղյեղուած է յաճախ: Բայց ինչ որ կ՛ըսէ ակադեմիկոսը, չի վերաբերիր ո՛չ լրագրողին, ո՛չ վարժապետին, այլ սահմանադրութեան պահակներուն. նախագահին, պետութեան, դատարանին: Ան կ՛ըսէ.
«Լեզուի իւրաքանչիւր աղաւաղում օրէնքի խախտում է»:
Եթէ առարկայականօրէն աչքի առաջ ունենանք պատկերը` պետական գործիչներու հայերէնը, Ազգային ժողովին մէջ հնչած հայերէնը, հեռատեսիլը եւ մամուլը չենք կրնար չհաստատել, որ օրէնքի համատարած խախտում կայ` ինչ կը վերաբերի հայերէնի: Հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ ըրած են եւ կ՛ընեն օրէնքը պաշտպանելու կոչուած հաստատութիւնները եւ սպասարկութիւնները, որպէսզի օրէնքի խախտումը չդառնայ սովորութիւն:
Վիկտոր Կատվալեանի ցաւագին երկրորդ հաստատումը. «Մարդը չի կարողանում գեղեցիկ խօսել, ստիպուած հեգնում է հայերէնը եւ ոսկեղենիկ հայերէնը»: Ինչո՞ւ հարազատ մտաւորականութիւնը եւ ազգի արժանապատուութեան նախանձախնդիր գործիչները իրենք թոյլ կու տան, որ ծաւալի այս հեգնանքը: Ինչո՞վ կ՛ուզեն փոխարինել ոսկեղենիկը, որ հեգնանքի առարկայ չըլլայ:
Սփիւռք(ներ)ի պարագային, հեգնանքը կը փոխարինուի գործնապաշտութեամբ եւ անկասելի նահանջով: Եթէ լրատուամիջոցները չեն կքիր օտար բառերու անհարկի ծանրութեան տակ, անոնց լեզուն կը նահանջէ շարահիւսական եւ քերականական անճոռնիութիւններու տուրք տալով: Իսկ սփիւռք(ներ)ի հանրային գործիչները (չեմ համարձակիլ ըսել` քաղաքական գործիչները) հազուադէպօրէն հայերէն կը խօսին, կամ հայերէն կը խօսին ամբոխահաճութեան համար, ուրիշի շարադրած հայերէն էջով բեմ կու գան, կամ Շաւարշ Միսաքեանի այնքան դիպուկ խօսքով, զոր կրկնելէ չեմ յոգնիր, «հաց պանիրի հայերէնով»:
Շատ կը սիրենք համաժողովները եւ հիմնադրամները: Նախայարձակումներու ենթակայ եւ հաշմուող հայերէնը մի՞թէ արժանի չէ համահայկական իր անուան արժանի խորհրդաժողովի մը եւ հիմնադրամի մը, որպէսզի վերաորակաւորման ձեռնարկներ կազմակերպուին, լրատուամիջոցները սրբագրողներ ունենան: Ի հարկէ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Վիկտոր Կատվալեանի եզրակացութիւնը ազգային քաղաքական առաջադրանք է, զոր չիրականացնել` կը նշանակէ ջուր առնող նաւը լքել, երբ նաւապետը կը հրահանգէ abandon ship: Ուշադրութեամբ կարդալ, բազմագրել եւ ղրկել` նախագահին, վարչապետին, նախարարներուն, պատգամաւորներու, Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի կուսակցապետներուն, դպրոցներու եւ լրատուամիջոցներու պատասխանատուներուն:
Ակադեմիկոսը գիտէ, որ` «…մշակոյթը պէտք է բարձր լինի, ձգտի բարձրացնել մարդուն» եւ կ՛եզրակացնէ.
«Ընդհանրապէս պէտք է նկատի ունենանք, որ մի պետութիւն ենք, որը շրջապատուած չէ, մեղմ ասած, բարեկամներով, եւ դիմակայելու համար պէտք է մեր ազգային դիմագիծը, ինքնութիւնը ուժեղացնենք: Այդ առումով առաջնահերթ նշանակութիւն ունի մեր մայրենի լեզուն` հայերէնը: Բնականաբար ոչ թէ բարեփոխումները տանել այն ուղղութեամբ, որ հայերէնի դիրքերը այսպէս կամ այնպէս սասանուեն, այլ` հզօրացնել հայերէնը եւ այդ թերութիւնները վերացնելու ուղիով ընթանալ»:
Եւ միշտ յանձնառութեամբ յիշել, որ լեզուի իւրաքանչիւր աղաւաղում օրէնքի խախտում է…
Եւ խուճապային նահանջ:
28 փետրուար 2020, Քուինզ, Նիւ Եորք