ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Երիտասարդութեան ու Մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Մուսթաքպալ Հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Հարիրի եւ Հոսանքի մարմնակրթութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ֆէյսալ Քըլաուին։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ մարմնակրթութեան մարզի հարցերը, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ տարբեր ֆետերասիոններու գործունէութիւնն ու ֆետերասիոններու ընտրութեանց հետ առնչուող հարցեր։
Անհրաժեշտ նկատուեցաւ ճիգերու մէկտեղումը, ի խնդիր մարմնակրթութեան մարզի , իբրեւ կարեւոր հիմք երիտասարդութեան ազգային կազմաւորման։