ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՀՀ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն
Առտու մըն ալ արթնցանք, որ մեր շուները չկային: Ասլանը գտանք տունէն մօտ երկու հարիւր մեթր անդին, ձորին մէջ, Վենետիկը՝ թթենիի մը տակ, իսկ Գանղալը՝ լեռ տանող ճամբուն վրայ: Երեքն ալ թունաւորումէ սատկած էին: Հայրս զարմացած էր, որովհետեւ Գանղալը երբեք ուրիշին տուած հացը չէր ուտեր:
– Ինչո՞ւ տունէն այդքան հեռու գացած են,- հարցուց մայրս:
– Հաւատարիմ շունը իր տիրոջ դռան առջեւ չի սատկիր,- պատասխանեց հայրս ու ինկաւ մտածմունքի մէջ:
– Ասիկա թշնամիի գործ չէ,- աւելցուց,- մէկը իր հացին ճամբան գտնելու համար՝ թշնամիիս ճամբան բացեր է…
– Այսի՞նքն,- հարցուց մայրս:
– Տէ, պարզ է, թուրքը պիտի չհամարձակէր մօտենալ մեր տան, շուները լուռ պիտի չմնային…: Ասիկա մօտիկ մարդու գործ է, առտու-իրիկուն այս կողմերէն անցնող մէկուն գործը…
***
1939-ի սահմանագծումէն իվեր տնտեսութեան դժուարութիւնները շնչահեղձ կ’ընէին սահմանի երկու կողմը մնացած գիւղերը: Թուրքիան գաղութարար Ֆրանսայէն խլեր էր Աղեքսանդրէթի սանճաքը, իսկ Սուրիական պետութիւնը երբեք չընդունեց իրողութիւնը: Սահմանին միւս կողմը թուրքերը զրկուած էին իրենց գիւղատնտեսական ապրանքները Քեսապ բերելէ, որ իրենց համար սպառումի եւ արտածումի միակ ճամբան էր, իսկ ասդին՝ Քեսապի շուկան անշքացած էր, սահմանամերձ գիւղերու արօտավայրերը, արտերը, աղբիւրները մնացած էին Թուրքիոյ կողմը: Սահմանը անապահով դարձած էր: Սեւ աղբիւրէն հայր եւ որդի Քիթապսըզեանները սպանուած էին սահմանամերձ իրենց արտին մէջ հերկի պահուն: Մարդիկ կը դիմէին արտագաղթի դէպի Ամերկաներ եւ Մերձաւոր Արեւելքի միւս երկիրներ: 1947-ին Քեսապի հայերը մեծ մասով ներգաղթեցին Հայաստան:
Ու հոն մնացողը շարունակեց ապրուստի ծանր բեռը իր շալակին առանձին կրել: Անմարդաբնակ տուներու առաստաղները տարուէ տարի աւելի մեծ թափով կը չոքէին վար, բուխերիկներէն բարձրացող ծուխերը այնքան հեռու ու մինակ մնացած էին: Տնտեսութիւնը կը շարունակէր յետընթաց ապրիլ: Շուկան առօրեայ գործածութեան շատ բաներ չունէր: Նոյնիսկ աղ չկար: Սուլեան Նիննէօշը ծովու ջուրը դոյլ-դոյլ կը լեցնէր ծովեզերքի ապառաժներու փոսիկներուն մէջ, օրեր կը սպասէր, որ ջուրը շոգիանայ ու ինք կարողանայ աղ քաղել այդտեղերէն: Քաղած աղը կը լեցնէր տոպրակներու մէջ ու կռնակին առած՝ կը բարձրացնէր զառիթափն իվեր ու կը դնէր Սուրբ Սարգիսի ձիթենիին տակ, ուրկէ էշով կարելի էր տանիլ այլեւս:
– Աղի բեռ է,- կ’ըսէին մարդիկ,- ու կը պատկերացնէինք, որ աշխարհի մէջ ամենէն ծանր բանը աղն է, ու գիւղին մէջ ամեն ինչ կը դառնար աղի բեռ՝ օրապահիկ հայթայթելը, ընտանիք պահելը, ապահովութիւն ստեղծելը: Չեմ գիտեր, աղի տագնա՞պ, թէ աղի հանդէպ հաւատալիք կար, երբ թարմ վարունգ մը ուտելու ատեն աղը թափէինք գետին, Գնտըր Նանարը կ’ըսէր.
– Զգո՛յշ, մեղք ունի, աղը այստեղ թափողը միւս կեանքին մէջ իր կոպերով պիտի հաւաքէ:
Ու սահմանի երկու կողմի մարդիկ՝ հայեր ու թուրքեր, իրարմէ օգտուելու ճամբայ կը փնտռէին: Սահմանի անդի կողմէն եկող-երեւցող թուրքերու մասին շշուկներ կը լսուէին: «Գաչաղչի»ներ կ’ըսէին ասոնց ու կը կ’արծէին, որ խնդիր չկայ, հարց չկայ, ոչ մէկուն վտանգ կը սպառնայ: Առեւտուր կ’ընեն, իսկ առեւտուրը ո՛չ թշնամի ունի, ո՛չ ընկեր: Թէ՛ սուրիացին եւ թէ սահմանէն անդին ապրող թուրքը ապրանք ապահովելու, եկամուտ ստեղծելու հարկադրանքին տակ կը գտնուէին: Աղ չկայ՝ կը բերեն, իւղ չկայ՝ կը բերեն, հագուստ չունին՝ կը տանին, կօշիկ չունին՝ կը տանին: Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ատենը մէյ մը կը վատթարանային, բայց մաքսանենգերը ելումուտ ընելու ճամբան կը գտնէին: Թուրքիա փշալարեր փռեց որոշ վայրերու վրայ, փշալարերը պառկեցան գետին, նոյնիսկ ոմանք իրենց պարտէզները ցանկապատեցին այդ լարերով:
Յաճախ կը պատահէր, որ Մուղուսլակ գիւղի հօտերը մեր կողմը անցնէին. լուր կը տրուէր՝ կու գային կը վերցնէին. մեր կովերը կ’անցնէին անոնց կողմ՝ կը բերէին, կը յանձնէին…: Ոմանք սահմանը կը հատէին ու կը յայտնուէին մէկուն բակին մէջ, հարիւրաւոր տարիներ մէկ դրօշի տակ ապրած մարդոց զաւակներ՝ կը հարցնէին հիներուն մասին՝ ով կայ, ով չկայ, նոյնը կ’ընէին նաեւ մեզմէ ոմանք…: Ողորմի կու տային անդարձ մեկնողներուն: Մշակուած էին մարդկային յարաբերութիւններ. թշնամութիւններու կողքին կային նաեւ հին բարեկամութիւններ:
-Այն ատեն ուրիշ էր, հիմա մէկ երկրի մէջ չենք գտնուիր. սահման կայ. մեր կողմէն սահմանը չճանչնալը աւելի վտանգաւոր է, սահման հատելը ինքնին բարի բան չի խոստանար, սահմանը մեզ կը դնէ հակառակ դիրքերու վրայ,- կ’ըսէր Աբոյեան ամոն ու, հակառակ ատոր, ամեն առաւօտ նախիրը կ’արձակէր անդի կողմ մնացած ծովադէմի սարալանջն ի վեր ու նստելով Սուրբ Սարգիսի ձիթենիին տակ կը հետեւէր անոնց, մինչեւ որ կովերը ջուր խմելու համար կամաց-կամաց անցնէին ասդի դէմը ու հաւաքուէին Գապի աղբիւրին առջեւ:
Մաքսանենգերու ազատ ելումուտը ոմանց համար հացի դուռ էր, ուրիշներու համար՝ թշնամանքի վտանգ: Հայ-թուրք բախումներէն մնացած հին քէներ կրնային կենդանանալ: Ո՞վ պատասխանատուութեան կրնար կանչուիլ օտար հողի վրայ: Մեր նորանկախ երկիրը ո՛չ սահմանը կրնար պահել այդ օրերուն, ո՛չ ալ մեր կեանքը փոխել: Տարին շարք մը յեղաշրջումներ տեղի կ’ունենային, մեր դպրոցի պատէն նկար մը կ’իջնէր, ուրիշ մը կը բարձրանար, մինչեւ մէկուն անունը սորված՝ նոր մը կը դառնար երկրին ղեկավարը: Կեանքը կ’անդամալուծուէր, երկիրը ինկած էր աջին ու ձախին քաշքշուքին մէջ: Ամէն մարդ իր գլխուն ճարին պիտի նայէր:
Եւ, գիշերները Կիւնիկ լեռան կածաններէն անցնող-դարձող կ’ըլլար:
-Աղի բեռ է,-կ’ըսէին, ու մենք կը հասկնայինք:
Գիւղին մէջ բոլորին ալ յայտնի էին մաքսանենգութեամբ զբաղողները, որոնք իրենց տուն կ’ընդունէին թուրքերը, սեղան կը բանային անոնց առջեւ, բարձ կը դնէին գլուխնուն տակ եւ լոյսը չծագած ճամբու կը դնէին: Առեւտուրը իր տեղը, հիմա բարեկամութիւն կար, աղ ու հաց կար անոնց միջեւ:
– Զգոյշ եղէք,- կ’ըսէր Գրգուր ամոն,- թուրքը ծալապատիկ կը նստի սեղանիդ առջեւ, բայց անկէ վերցուցած հացը ծունկին կը դնէ. իր բարեկամութիւնը սեղանի հաց ու աղին վրայ չէ, ծունկին վրայ է, կը սրբէ կ’անցնի… Թշնամին չի փոխուիր, ձեռքիդ հացը վերջանայ՝ ձեռքդ կը խածնէ:
Որու կ’ըսես:
***
Հայրս մաքսանենգութենէն չէր կրնար օգտուիլ: Բայց մաքսանենգներն ալ ազատ չէին զգար այնքան ատեն, որ հայրս կար: Ան յաճախ աչքը կը պտտցնէր Կիւնիկ լեռան լանջէն ուղիղ գիծով երկարող կածանին վրայ, որ կը տանէր վերի թաղերէն անջատ, գետահունի միւս ափի բարձունքին գտնուող Լնդենց տուներն ու գոմերը: Ան շատ լաւ գիտէր, որ մութը կոխելէն ետք դիմացի կածանէն քանի շալակ բեռ կ’երթայ ու բեռ կու գայ: Հայրս լուռ էր, որովհետեւ գիտէր, թէ կածանէն վար, դէպի ձորը, դէպի մեր տարածքները իջնող պիտի չ’ըլլար: Ամեն օր ամեն պահու ապահովութեան վրայ հսկելը եղած էր մեր ընտանիքի աղի բեռը:
Հայրս բացառիկ ծխախոտ կ’աճեցնէր իր նոր բացած արտին մէջ, ոսկիի փայլով ու հոտաւէտ: Ծխախոտի ընկերութեան պաշտօնեաները քանի մը անգամ կը մտնէին արտ, կը չափէին, կը հաշուէին ու թախմին մը (ենթադրեալ քանակ) կ’ընէին: Ըսենք՝ 200 քիլո: Գիւղացին իր մշակած ծխախոտէն մէկ քիլո չէր կրնար վաճառել ուրիշին, մէկ քիլո պակաս յանձնել ընկերութեան: Իսկ անոր սակացոյցն ալ շատ խեղճուկ էր: Մարդիկ եկամուտի այդ նիհարցող աղբիւրէն ալ կը հրաժարէին կամաց-կամաց:
Մարդիկ հայրս համոզել կը փորձէին, որ ծխախոտը գաղտնի վաճառէ, երեքէն մինչեւ 5 անգամ աւելի սակով, յաճախորդ կայ, ուզող ուզողի, յետոյ կ’ըսէին «ընկերութեան հոգը մի քաշեր, դուն մի խառնուիր», կը խոստանային պահանջուած քանակով էժանագոյն ծխախոտ բերել ու յանձնել ընկերութեան: Հայրս կը հասկնար. ծխախոտը մաքսանենգերու միջոցով Թուրքիայէն պիտի գար:
Կտրուկ կը մերժէր:
Ծխախոտի ընկերութեան պաշտօնեաներէն ոմանք կը հասկնային հօրս վիճակը: Իրենց ծխելիքը ապահովելով՝ թախթինը կիսով մը կ’իջեցնէին: Սա կը նշանակէր, որ հայրս միշտ ալ պահեստ մը պիտի ապահովէր բարձր սակով վաճառքի համար: Հաց վաստկելու արդար ճամբայ չէր մնացած:
***
Մայրս կը զգուշացնէր, որ տունէն շատ հեռու չերթանք: Հայրս թելադրած կրնար ըլլալ: Մայրս տեղեկացած էր, որ անոնք ամեն ինչ գիտեն մեր ընտանիքին մասին, նոյնիսկ մեծ աղջիկը եւ տղան կը ճանչնան: Ուրկէ՞:
Մեր խաղերն ալ կարծես մեր իրավիճակէն կը թելադրուէին: Մեր տունն ու տարածքը պաշտպանող խաղեր էին անոնք: Անոնցմէ մէկն էր կտրելոտը (բարբառ՝ կըտրիլէօտը): Դպրոցը կէսօրուան դադարին Եարալենց կալը կ’ըլլար մեր խաղադաշտը: Գարնան թաւշեայ սէզով ծածկուած գետնին վրայ տապլտիկը մէկ շան լակոտը շատ կը սիրէր, մէկ՝ մենք՝ դպրոցականներս: Երկու խումբի կը բաժնուէինք, վիճակով կ’որոշուէին յարձակող եւ պարը (բարբառ՝ պուօր, խաղի կեդրոնական քարը) պահող խումբերը: Կալին մէջտեղ կը դնէինք պարը, որ կը խորհրդանշէր մեր տունը: Յարձակող խումբը պէտք է յարձակէր ու առանց բռնուելու կամ «կտրուելու» գրաւէր պարը: Պաշտպանող խումբէն մէկը հակառակորդ երկու հոգիին մէջէն կտրել-անցնելով խաղէն դուրս կը հանէր հակառակորդ մը: Պաշտպանող խումբէն կրնար մէկը միայն մնալ: Մէկ ոտքը պարին պինդ սեղմած՝ կը փորձէր բռնել յարձակողները: Այդ պարը մեզի համար մեր սեփական տան պէս էր, զայն ոգի ի բռին պաշտպանելը մեր պարտականութիւնն էր:
Օր մը դպրոցական պզտիկներով կը խաղայինք Եարալենց կալը, երբ դիմացի պատին տակէն քմին տալով մէկը մօտեցաւ կալին: Ձեռքին մեծ զէնք կար ու կուրծքին վրայ՝ խաչաձեւ կապած էր փամփշտակալներ: Պատին տակէն խօսքը ուղղելով քրոջս՝ հարցուց.
– Աղջիկ, ո՞ւր է հայրդ:
Թրքերէն բոլորս ալ կը հասկնայինք: Մեր գիւղին մէջ շատ կը լսէինք «Քու լեզուէդ ետք թշնամիի լեզուն սորվիր» ասացուածքը:
Շուշանը քոյրս զգուշացուց.
– Այս մարդը Ֆաթհին է, պապայիդ տեղը չըսես:
Ամէն պարագայի՝ քոյրս ճիշդը պիտի չըսէր:
Երեւի ես բաներ մը գիտէի, ու գիտէի երեւի, որ հօրս համար վտանգ են այդ տեսակ մարդիկը ու յանկարծ սկսայ լալ ու ճչալ:
– Սուս եղիր, լակո՛տ,- ըսաւ մարդը ու ետ դառնալով իջաւ գետահունին մէջ, որ երկար ոլորան մը կազմելով կ’ելլէր մեր պարտէզի վերի ծայրը: Հայրս հոն կ’աշխատէր:
Շուշանն ու քոյրս ուղիղ գիծով պատէ պատ ցատկելով վազեցին մեր պարտէզին կողմը: Հայրս այս պահուն միւս ճամբայէն տուն կը վերադառնար:
– Այդ խաչդ այս անգամ ալ քեզ փրկեց,- կ’ըսէր Շուշանին մայրը:
Հօրս կզակին վրայ խաչաձեւ փոսիկ մը կար:
***
Այդ օր հայրս բանջարանոցը կը ջրէր, իսկ ես քարին վրայ նստած անոր աշխատանքը կը դիտէի նորահաս վարունգ մը կրծոտելով: Դաւիթենց Գրգորը վարի ածուէն ձայն տուաւ հօրս.
– Պօղոսը քեզ տեսնել կ’ուզէ: Թող գա՞յ:
– Թող գայ,-ըսաւ հայրս յայտնապէս գիտնալով, թէ որու մասին է խօսքը:
Պօղոսը եկաւ ու նստաւ կողքիս՝ քարին վրայ, ծխախոտի տուփը առաւ ափին մէջ, սիկառէթի տերեւ մը (թուղթ) դրաւ ցուցամատին ու բթամատին միջեւ, մանրուած ծխախոտը լեցուց, տուփը փակեց ու դրաւ գրպանը, ապա շրթունքին վրայ թրջեց տերեւին մէկ կողմը, ոլորեց-փակցուց ու հօրս հրամցուց:
– Աստուած պահէ,- ըսաւ զիս ցոյց տալով,- Աստուած ուժդ աւելցնէ, որպէս զի մէկու մը կամ բանի մը կարիք չունենան: Մարդիկ երբեմն իրենց չուզածը կ’ընեն, որ ապրին ու ընտանիք ապրեցնեն:
– Ճիշդ կ’ըսես, Պօղոս,- խօսեցաւ հայրս,- դուն շուներս կը սատկեցնես, որ մագսանենգները անաղմուկ տունդ մտնեն:
Պօղոսը լռեց:
Յետոյ ամոքիչ ձայնով մը ըսաւ;
– Տե՛ս, Աբրամ եղբայր, Փելթէքին տղաքը անօթի են, հացի ետեւէ ինկած են եւ չեն ուզեր թշնամութիւնը շարունակուի: Երդում պատառ կ’ըլլան, որ բան չունին քեզի դէմ: Հին ժամանակներ էին, իրենք մեզի ըրին, մենք ալ իրենց: Թող մոռցուի,- կ’ըսեն: Իրենց գիւղը աշխարհէ կտրուած է, ամենամօտիկը մենք ենք: Մենք իրենց պէտք ունինք, իրենք ալ մեզի: Ապրելու խնդիր է: Մենք ալ նոյն վիճակին մէջ ենք. դուն ալ ընտանիք ունիս, կին ու զաւակներ, Աստուած պահէ…
Հայրս գիտէր, որ Պօղոսենք այծերու հօտեր ունին լեռան վրայ, որ անոնց ապահովութիւնը շատ բանով կապուած է Մուղուսլակի բնակիչներու կամքէն: Հացի ճամբան թուրքի բերանն է: Ուրիշներ հրաժարեր էին Կիւնիկ լեռան սահմանամերձ արտերէն: Յաճախ կը լսէի այնտեղ գտնուող մեր արտերուն մասին: Հայրս ալ այդ կողմ չէր նայեր այլեւս: Մեր կողմէ քիչեր կը համարձակէին ելումուտ ընել նախկին Պաշորտ գիւղի անտառացած տարածքին մէջ: «Սահմանէն հեռու» կ’ըսէին ոմանք՝ «Չարէն հեռու» ըսելու պէս:
Պօղոսը կը շարունակէր խօսիլ: Հասկցայ, որ եկեր էր հայրս տանելու իրենց տուն. անոնք հոն են, կը սպասեն:
– Հաշտուինք, անցեալը թաղենք վերջանայ… Սատանան թող սատկի,- կ’ըսէր Պօղոսը:
Խօսեցաւ, բացատրեց, երկրորդ սիկառէթ մըն ալ երկարեց հօրս: Հայրս չվերցուց, չպատասխանեց, բռնեց ձեռքէս ու Պօղոոսին հետ քալեց դէպի տուն:
Հայրս մաքուր զգեստը հագաւ:
– Ուր կ’երթաս, մա՛րդ,- հարցուց մայրս:
Հայրս չպատասխանեց:
– Ո՞ւր կը տանիս մարդս,- հարցուց Պօղոսին, որ բակը կը սպասէր:
Պօղոս ուզեց փայլուն բառերով բաներ մը ըսել, բայց մայրս է, որ ճչաց ու վլվլուք փրցուց.
– Ինչպէ՞ս կը վստահիք,- կ’ըսէր ան,- ութը տարի, քանի եկեր եմ այս տունը՝ ուրիշ բան տեսեր եմ…Ինչպէ՛ս թէ մէկ օրէն միւսը կ’ուզեն մոռնալ ամէն բան… Իրենք մոռցած են, ես չեմ մոռցած, զաւակներս չեն մոռցած…Երթալ չկայ,- ըսաւ ու կտրեց հօրս ճամբան…
Հայրս կոպտօրէն հրեց մայրս ու անցաւ: Մայրս ինկաւ ճամբուն մէջտեղը:
Նորածին քոյրս կու լար օրօրոցին մէջ.
– Պապա՛, մի՛ երթար,- կանչեց մեծ քոյրս:
Միւս երկու քոյրերս ալ կը հեկեկային:
Պօղոսը ատենը մէյ մը ետեւ նայելով արագ-արագ կ’ելլէր մայր ճամբան: Անկիւնադարձին հայրս կանգ առաւ, այդպէս՝ կռնակէն դիտուած արձանի պէս, ապա կտրուկ ետ դարձաւ, հասաւ մօրս քով, անցաւ, ելաւ տուն, կուժէն թաս մը ջուր վերցուց ու նայեցաւ ջուրին, երկար նայեցաւ ու խմեց ու յետոյ պահ մը նայեցաւ պատին ու մնաց այդպէս…
Հայրս մեր խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար հաշտութեան գացող էր, սակայն…
***
Չեմ գիտեր, թէ որքան ժամանակ ետք էր, երեւի արդէն աշուն էր, թաց օր մը: Վերի ճամբայէն մէկը կը կանչէր.
– Տիկին Աբրամ, տիկին Աբրամ, շուները պահեցէք:
Մեր գիւղին մէջ այր մարդիկ պաշտօնական կանչի ատեն կիները կը կոչէին ամուսինին անունով: Պօղոսն էր:
Ներս մտաւ ու նստաւ մեր նոր կապած թթենիի սնտուկին վրայ: Մայրս ուրիշ ատեն պիտի չուզէր, որ այդ մարդը հոն նստի, բայց զարմացած ու վախցած կը նայէր Պօղոսի մէկ թեւին. ձեռքը չկար, դաստակին ծայրը վիրակապով փաթթուած էր: Հայրս ոտքի ելաւ, մօտեցաւ Պօղոսին ու անցած ըլլայ ըսաւ ցաւոտ նայուածքով մը: Ան կարծես տեղեակ էր պատահարէն: Պօղոս ձկնորսութեան գացած էր ծովը, մատ մը ուժանակը (տինամիթ) բռնկցուցած էր, որ ձուկերու վտարի մը վրայ նետէ, ուժանակը պայթեր էր ափին մէջ ու ձեռքը տարեր:
– Տիկին Աբրամ,- մօրս դիմելով խօսեցաւ Պօղոս երկար լռութենէ ետք,- եկեր եմ յատուկ ներողութիւն խնդրելու քեզմէ. քու կասկածդ ճշմարիտ ելաւ, դուն ճիշդ վարուեցար, դուն քաջ վարուեցար… Երբ մինակս ու յուսախաբ տուն վերադարձայ, մեր բարձունքին մուտքին դիմացս ցցուեցան անոնք, զէնքերը բռնած, վեց-եօթը հոգի… «Ո՞ւր է մարդը» պոռացին: Բարկացան, որ չէի կրցած համոզել քեզ ու ամուսինդ ու մինակ վերադարձեր էի…: Այս մէկ հատիկ ձեռքիս վրայ երդում կ’ընեմ, որ հաւատացած էի իրենց երդումներուն, աղապատանքին: Չէի գիտեր, երա՞զ էր, թէ իրականութիւն, միթէ՞ այդքան ապուշ էի ես…: Ես ինծի չկրցայ ներել այդ միամտութիւնս…: Ես ակամայ դաւադրութեան մասնակից պիտի ըլլայի: Իրապէս հաւատացած էի իրենց խօսքերուն, կ’ուզեմ, որ դուք ալ հաւատաք իմ խօսքերուս…
Մայրս ափը բերանին սեղմած կեցեր էր սենեակին խորքը, հայրս նստեր էր Պօղոսի կողքին ու իր փաթթած սիկառէթը կը վառէր Պօղոսի շրթներուն…
Երեքն ալ լուռ էին: Աղի բեռ կար երեքին ալ ուսերուն վրայ: