ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ
Այսօր ինչո՞ւ յիշեցի Աղսաբ տուտու-ն։ Եթէ կարդաք գրութիւնս, յայնժամ կ’իմանաք։
Փոքր էի, 7 – 8 տարեկան, Աղսաբ տուտուն արդէն հարիւրի սեմին էր, անոր համար ալ տակաւին կը յիշեմ իր կերպարը։
Ինծի շա՜տ կը սիրէր (հիմա չի սիրէ )։ Հաճնոյ բարբարով` Ղատէթ առնեմ (ցաւդ տանիմ) կ’ըսէր։ Մեր ծնողները երկիւղածութեամբ կը ստիպէին մեզի երթալ ու խորշոմած ձեռքը համբուրել։
Մեծ հօրս եղբօր` Զաքարի կողակիցն էր։ Հինգ առու զաւակներու մայր` Նազարէթ, Սարգիս, Յարութիւն (Կուժունի), Վահրիճ, եւ Զոհրապ, բազմաթիւ թոռներ, ծոռեր…
Մեր գերդաստանին ամենատարեց, ամենահեղինակաւոր անձն էր։ Ամուսնացող զոյգերու ընտրութիւնները ի՛ր օրհնութամբ պէտք է ըլլային։ Ինքն էր, որ վերջնական այո’-ն կամ ո’չ-ը պիտի տար։ Հարազատներուն միջեւ անհասկացողութիւններ եւ քէնութիւններ` Աղսաբ տուտուին դատական վճիռով պիտի լուծուէր։ Վա՜յ անոր որ կը շրջանցէր այս “աշիրէթային” անգիր պայմանը։
Բուն անունով` Եղիսաբէթ կամ Էլիզապէթ։ Հաճընցիներուն բարբառով` Աղսաբ։ Մէկ խօսքով` Ճէրէճեաններուն թագուհին էր։
Մե՛ր թագուհին էր։ Եղեռն տեսած, զրկանքներով պատուաւոր կեանք անցուցած, համեստ թիթեղածածկ խրճիթներու մէջ` հայրենասէր, ազգասէր մտաւորական հինգ զաւակները դաստիարակած` առանց թիկնապահներու, սպասաւորներու, պալատական խնամակալներու, ոսկեզոծ սպասներու, հոգատար բժիշկներու։ Մե՛ր թագուհին էր` օրապահիկը ապահովելու համար այլոց տուները սպասուհի դառնալով։ Ճամբորդեց միայն մէկ անգամ այն ալ ստիպողաբար` Ատանայէն Պէյրութ։
«Անգլիոյ” Աղսաբ” թագուհին մահացեր է եղեր»֊ պիտի ըսէր հաճընցին։ RIP, our heartfelt condolences կամ Alla yerhama ցաւակցական խօսքերով ողողուեցան ընկերային եւ ոչ-ընկերային ցանցերը։
Մեր Թագուհին շատո՜նց մահացաւ։ Անաղմուկ, առանց փողերախումբի եւ «ո՜չ արձագանգ լեռնասոյզ»ի։
Թող հանգիստ ննջեն Եղիսաբէթ տուտուն եւ մեր բոլոր Հայ Մեծ մայրերը։