ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ռիա Նովոսէ» հաղորդեց, թէ այսօր՝ շաբաթ, 30 յունուարին, Աղտամի շրջանին մէջ գործելու սկսած է զինադադարը վերահսկող ռուս-թրքական կեդրոնը:
Աղբիւրը յայտնեց, որ դիտարկում պիտի կատարուի նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ: Կեդրոնին մէջ ընդգրկուած են 60 ռուս եւ 60 թուրք զինուորական ծառայողներ: