27 դեկտեմբեր 2017-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի բոլոր ծերանոցները ապաստանած ծերերուն Կաղանդի ձեռնարկը` ներկայութեամբ 500 ծերերու:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան Նելլի Վեքիլեանը եւ Էլի Նսէյրը, որոնք Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով մաղթանքներ կատարեցին մամիկներուն եւ պապիկներուն` մաղթելով անոնց առողջութիւն եւ ուրախութիւն:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան իր խօսքին սկիզբը շնորհաւորեց բոլոր մամիկներուն եւ պապիկներուն Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա ըսաւ, որ «այս հաւաքոյթը սովորական չէ, այսօր դուք եկած էք մեզ ուրախացնելու, մենք ձեզմով կ՛ուրախանանք, ձեզմով կ՛ապրինք, ձեզի համար կ՛ապրինք: Եթէ դուք չըլլայիք, մենք չէինք ըլլար, մենք չէինք կրնար դպրոց երթալ, ուսում առնել, չէինք կրնար սորվիլ, որ պէտք է մեր ժողովուրդին ծառայենք, դուք թթխմորն էք այն հացին, որ մենք այսօր Աստուծոյ հաճութեամբ կ՛ուտենք»: Ապա Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ Աստուած բազմապատկէ բոլոր ներկաներուն ուրախութիւնը եւ ցնծութիւնը արեւի վերածէ, ապա ըսաւ. «Դուք մեր օրհնութիւնն էք, Աստուած ձեր բոլորին երկար կեանք տայ: Աստուած ձեզի մեր գլուխին վրայէն պակաս չընէ, ամէն մէկդ մէկական արժէք էք, դուք մեր թագն էք, եւ մենք պարտաւոր ենք այդ թագը բարձր պահել ձեզի համար եւ մեր բոլորին համար»: Ան խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետութեան, քաղաքապետին, քաղաքապետական խորհուրդի բոլոր անդամներուն, որոնք բոլոր առիթներուն ծերերուն կողքին եղած են եւ են: «Մենք միասնաբար իրարու հետ զօրաւոր պիտի ըլլանք, իւրաքանչիւրին զօրութիւնը բոլորին զօրութիւնն է, եւ բոլորին զօրութիւնը իւրաքանչիւրին զօրութիւնն է», եզրափակեց ան:
Ելոյթ ունեցաւ Արարատ Ահարոնեանը եւ երգերով ճոխացուց մթնոլորտը: Կաղանդ պապային գալը խանդավառութիւն ստեղծեց ծերերուն մօտ: Ապա` նուէրներ բաժնուեցան բոլոր ծերերուն:
Յայտնենք նաեւ, որ 20 դեկտեմբերին քաղաքապետարանը Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով Նապաթիէի մէջ գտնուող հիւանդներուն, ինչպէս նաեւ 22 դեկտեմբերին քաղաքապետարանի պաշտօնեաներու զաւակներուն նուէրներ բաժնեց: