«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ ամերիկաբնակ բարերար Անդրանիկ Բաղդասարեանի նուիրաբերած գումարով Արցախի Մարտակերտի շրջանի Գետաւան գիւղին մէջ կը կառուցուի հիւանդանոց, դպրոց եւ մանկապարտէզ:
Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան:
«Անդրանիկ Բաղդասարեանը մօտ մէկ ամիս առաջ Արցախ այցելութեան ընթացքին 1 մլն տոլար նուիրաբերելու խոստում տուած է: Սակայն այդ գումարը ինչի վրայ ծախսելու նախընտրութիւնը ան ձգած էր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին»,-ըսաւ Վարդանեան:
Հիմնադրամը եւ Արցախի նախագահը որոշած են այդ գումարով Գետաւան գիւղին մէջ կառուցել դպրոց, հիւանդանոց եւ մանկապարտէզ
Անդրանիկ Բաղդասարեան 3 տարի առաջ եւս 5 մլն տոլար նուիրաբերած էր: Այդ գումարն ուղղուած է Թալիշն ամբողջութեամբ վերակառուցելու գործին` «Թալիշի վերածնունդ» նախագիծի իրականացման:
Վարդանեան յոյս յայտնեց, որ նուիրատուութիւնները կ’աւելնան: