ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ երկրին յաջորդ արտաքին գործոց նախարար նշանակուած Էնթընի Պլինքընը հարցաքննելու ընթացքին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզի հարցումներուն աւելի ամբողջական եւ գրաւոր պատասխաններ Ծերակոյտին Պլինքընի կողմէ յանձնուած են Հինգշաբթի օր։
Յիշեցնենք, որ Մենենտեզ դատապարտած էր Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումին մէջ Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները, Պաքուն զինելու Անգարայի անպատասխանատու քայլերը եւ Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրները:
Պլինքըն իր գրաւոր պատասխանին մէջ կը շեշտէ, թէ Ուաշիկթըն աւելի գործօն դերակատարութիւն պիտի ունենայ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին միջնորդական ջանքերուն մէջ, նպատակ ունանենալով Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորել։
Ան նաեւ ապահովական յաւելալ աջակցութիւն կը խոստանայ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աջակցութիւն՝ Արցախի պատերազմէն տուժած անձերուն։