Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչին յայտարարեց, որ OFAC-ը` նախարարութեան պատկանող արտասահմանեան կալուածներու վերահսկողութեան գրասենեակը, պատժամիջոցներ սահմանած է Լիբանանի մէջ հիմնուած Arch Consulting եւ Meamar Construction ընկերութիւններու նկատմամբ` տրուած ըլլալով, որ անոնք կը պատկանին Հըզպալլայի կամ ենթակայ են անոր վերահսկողութեան: Սառեցուած են նաեւ սեփականութիւնները եւ շահերը գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ Սուլթան Խալիֆա Ասաատի, որ սերտ կապեր ունի երկու ընկերութիւններուն հետ: Մնուչին աւելցուց, որ` շահագործելով Լիբանանի տնտեսութիւնը եւ խաբելով Լիբանանի փտած պատասխանատուները, Հըզպալլայի հետ կապ ունեցող ընկերութիւնները պետական պայմանագիրեր կը ստանան:
Մնուչին ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու է թիրախաւորելու Հըզպալլան եւ անոր հետեւորդները, որովհետեւ անոնք փտած ձեւով կը շահագործեն լիբանանեան աղբիւրները, որպէսզի հարստացնեն իրենց ղեկավարները, մինչ լիբանանցի ժողովուրդը կը տառապի ոչ բաւարար ծառայութիւններէ: Մնուչին յայտնեց, որ Հըզպալլայի գործունէութիւնը վնաս կը պատճառէ Լիբանանի տնտեսութեան տարբեր կողմերուն, ներառեալ` շինարարութեան եւ ենթակառոյցի մարզերուն եւ կ՛օգտուի Arch եւ Meamar ընկերութիւններէն, որպէսզի վերջիններս դրամական փոխանցումները Հըզպալլայի սեփական հաշիւներուն կատարեն,հարստացնելով Հըզպալլայի ղեկավարները եւ լիբանանցի ժողովուրդը զրկելով իր դրամներէն:
Նախարար Մնուչին նշեց, որ Հըզպալլա դաւադրութիւն կը կազմակերպէ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ, ներառեալ` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆինեանուսի, միլիոնաւոր տոլարներու պետական պայմանագիրեր ուղղելով այդ ընկերութիւններուն, որոնք կը վերահսկուին Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին կողմէ:
Մնուչին բացատրեց, որ Arch-ը եւ Meamar-ը այն բազմաթիւ ընկերութիւններուն շարքին եւն, որոնք Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին կը պատկանին` նշելով, որ Հըզպալլա կ՛օգտագործէ այս ընկերութիւնները իր դրամական փոխանցումները ծածկելու եւ փախուստ տալու ամերիկեան պատժամիջոցներէն: «Հըզպալլա 2019-էն ի վեր գործակցած է Ֆինեանուսի հետ, որպէսզի Arch եւ Meamar ընկերութիւնները յաջողին միլիառաւոր տոլար արժող լիբանանեան պետական պայմանագիրեր ստանալ: Այս ընկերութիւնները, իրենց կարգին, այս պայմանագիրներէն ստացած իրենց շահերը ուղարկած են Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին: Սուլթան Խալիֆէ Ասաատ արձանագրուած է Meamar ընկերութեան հիմնադիրը, եւ շարք մը անհատներ, որոնք արձանագրուած են այդ ընկերութեան փաստաթուղթերուն վրայ, ունին Հըզպալլայի հետ», նշեց Մնուչին:
Փոմփէոյի Արձագանգը
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ արձագանգեց ամերիկեան ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Arch Consulting եւ Meamar Construction ընկերութիւններուն նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներուն:
Ան կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Հըզպալլա կ՛որդեգրէ փտած ինքնահարստութիւնը, որպէսզի իր օրակարգերը յառաջ մղէ Լիբանանի մէջ: Մենք այսօր ապօրինի դասակարգեցինք Հըզպալլայի հետ կապ ունեցող երկու ընկերութիւններ եւ ծրագիրներ ունեցող պատասխանատու մը: Լիբանանի ժողովուրդը լաւագոյնին արժանի է եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ պայքարիլ փտածութեան դէմ»: