Լոս Անճելոսի Պեվերլի Հիլթըն պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ֆիլմարուեստի «Կոլտն Կլոպ»ներու 71-րդ մրցանակաբաշխութիւնը: Յայտագիրը յաջորդաբար երկորդ տարին ըլլալով վարեցին դերասանուհիներ Թինա Ֆէյը եւ Էմմա Փոլերը: Արկածախնդրական «Ամերիքըն Հասըլ» ժապաւէնը հնձեց երեք «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակ, ներառեալ՝ լաւագոյն կատակերգական եւ երաժշտական ժապաւէնի մրցանակները: «Ամերիքըն Հասըլ» կը նկարագրէ գաղտնի ոստիկանի մը կողմէ նեխած քաղաքական անձնաւորութեան մը զեխ կեանքըմերկացնելու փորձերը: Լաւագոյն բեմադրիչի մրցանակը յանձնուեցաւ Ալֆոնսօ Գուարոնին՝ «Կրեվիթի» ֆիլմի համար՝
Բեմադրիչ Սթիվ Մաքուինի պատմական « 12 Եյիրզ Է Սլէյվ» ժապաւէնը արժանացաւ գլխաւոր՝ լաւագոյն ժապաւէն մրցանակին: Եօթ «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակներու յաւակնորդ այս ժապաւէնը օրուան վերջաւորութեան ձեռք բերաւ միայն մէկ մրցանակ: Սթիվ Մաքուին յայտնեց, թէ ժապաւէնին հանդէպ ցուցաբերուած մօտեցումը բաւական ցնցիչ էր:
Մեթիու Մաքոնահի արժանացաւ լաւագոյն դերասան «Կոլտըն Կլոպ մրցանակին՝ «Տալաս Պայըրզ Գլապ» ժապաւէնին մէջ իր խաղարկութեան համար: Էյմի Ատամզ հնձեց լաւագոյն դերասանուհիի «Կոլտըն Կլոպ»ը՝ «Էմիրքըն Հասըլ»ի մէջ իր փայլուն խաղարկութեան համար: Ճարէտ Լեթօ եւ Ճենիֆըր Լորընս համապատասխանաբար արժանացաւ լաւագոյն օգնական դերասան – դերասանուհի «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակին: Լաւագոյն երգի մրցանակը յանձնուեցաւ իրլանտական U-2 խումբին՝ «Օրտինըրի Լավ»:
Հանդիսութեան ընթացքին յատուկ մրցանակներ յանձուեցան Ճոն Վոկթին, Ժագլին Պիսէին եւ Վուտի Ալլէնին: