Ամերիկացի բեմադրիչ Քրիստոֆըր Չամպըրսի «Արամ, Արամ» ֆիլմը կը պատմէ 12-ամեայ հայ պատանիի մասին, որ Պէյրութի մէջ ծագած ողբերգական իրադարձութիւններու պատճառով կը լքէ երկիրը եւ կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս` պապիկի մօտ: Այստեղ տղան ստիպուած կ՝ըլլայ համակերպուիլ կեանքի նոր դժուարութիւներուն` նոր միջավայր, անծանօթ հասարակութիւն… վատ շրջապատ:
«Արամի պապը` Արսէնը, երաժիշտ էր, սակայն երբ ան ստիպուած կ՝ըլլայ տեղափոխուիլ ԱՄՆ, ինչպէս այստեղ եկած շատ հայեր, եւս կը սկսի զբաղիլ արհեստով, կը դառնայ կօշկակար: Արամը` անոր թոռնիկը, կրկին ստիպուած կը տեղափոխուի ԱՄՆ եւ չի կրնապ դիմադրել անծանօթ միջավայրի գայթակղութիւններուն»,- ըստ News.am-ի, կը պատմէ բեմադրիչը` աւելցնելով. «Գիտէ՞ք ինչու որոշեցի նկարահանել այս ֆիլմը: Յայտնի է, որ Լոս Անճելըսի մէջ կը գերակշռեն հայերը, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրն ալ գալով այստեղ կը բախի նոյն խնդիրներուն: Անոնց մեծամասնութեան արտագաղթի պատմութիւնը կապուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հետ: Բոլորն ալ կու գան այստեղ` մտածելով, որ պիտի ունենան շքեղ կեանք մեծ քաղաքի մէջ, սակայն որոշ ժամանակ անց կը հասկնան, որ իրենց պատկերացումները ճիշդ չէին»:
Բեմադրիչի ցանկութեամբ` ֆիլմին մէջ հայերը մարմնաւորած են ազգութեամբ հայ դերասաններ. «Ես հասկցայ, որ այդպէս ֆիլմը աւելի բնական պիտի ըլլայ: Օրինակ, նկարահանումներու ժամանակ յաճախ կը խնդրէի դերասաններուն անգլերէնէ անցնիլ հայերէնի: Ամերիկացի դերասանները չէին կրնար ատիկա ընել»:
«Արամ, Արամ» ֆիլմը ոչ միայն ցուցադրուած է «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի ծիրէն ներս, այլեւ դարձած է հայերու մասին պատմող առաջին ֆիլմը, որ ներկայացուած է Լոս Անճելըսի փառատօնին: ԱՄՆ-ի մէջ ֆիլմի անդրանիկ ներկայացումը պիտի կայանայ Հոկտեմբեր 16-ին:
Ֆիլմի գլխաւոր դերերով հանդէս եկած են Ճոն Ռուհինեանը, Լեւոն Շարաֆեանը, Սեւակ Յակոբեանն ու Ալլա Թումանեանը: