Անգլերէնէ թարգմանեց ԶԱՐՄԻԿ ՉԻԼԱԲՕՇԵԱՆ-ՊՕՂԻԿԵԱՆ
12 փետրուար 1972-ին հրատարակուած է «Սիրուած մարգարէն. Խալիլ Ժըպրանի եւ Մերի Հասքըլի սիրային նամակները եւ Մերիի անձնական ամսագիրը» գիրքը` խմբագրութեամբ Վերժինիա Հիլուի:
Գիրքը լուսարձակի տակ կ՛առնէ լիբանանցի խորհրդապաշտ երիտասարդի եւ ամերիկացի տնօրէնուհիի մը յարաբերութիւնները, որոնց անձնական գրառումներն ու նամակները կը բացայայտեն իրենց փոխադարձ, անքակտելի սէրը:
Հետագային Մարիա Փոփովայի գրախօսականին մէջ կը կարդանք.
Իր մահէն շուրջ դար մը ետք լիբանանցի, ամերիկաբնակ նկարիչ, բանաստեղծ եւ փիլիսոփայ Խալիլ Ժըպրան (6 յունուար 1883-10 ապրիլ 1931) կը շարունակէ մնալ մարդկութեան համար ճշմարտութիւնը եւ կատարելութիւնը մեկնաբանող ամէնէն սիրուած ձայներէն մէկը: Հաւանաբար մեզի ծանօթ, սիրուած գրողը` Ժըպրանը, թռիչք առած չըլլար արուեստի ասպարէզին մէջ, եթէ չյայտնուէր իր մեծագոյն պաշտպանը, մնայուն գործընկերն ու անսովոր սիրելին` բարերար եւ արուեստի ջատագով Մերի Էլիզապէթ Հասքըլը:
Հասքըլ եւ Ժըպրան հանդիպեցան 10 մայիս 1904-ին, ընկերոջ մը արուեստանոցը: Հասքըլ երեսունմէկ տարեկան էր, իսկ Ժըպրան` հազիւ քսանմէկ: Տպաւորուած Ժըպրանի արուեստով` Հասքըլ տեղւոյն վրայ առաջարկեց Ժըպրանը ղրկել Փարիզ` գեղանկարչական մասնագիտութեան հետեւելու` անոր տրամադրելով ամսական 75 տոլար կրթաթոշակ, ինչ որ համարժէք է այսօրուան մօտ 2000 տոլարին: Ժըպրան ընդունեց առաջարկը: 1908-ին, նախքան Փարիզ մեկնիլը, ընկերոջ մը ուղղած իր նամակին մէջ Ժըպրան Հասքըլը կը նկարագրէր որպէս` «Հրեշտակ մը, որ զիս կ՛առաջնորդէ դէպի փառաւոր ապագայ եւ կը հարթէ իմ իմացական եւ տնտեսական յաջողութեան ճամբան»: Փարիզ ժամանելէն կարճ ժամանակ անց ան կը գրէր. «Պիտի գայ այն օրը, երբ պիտի հաստատեմ, որ` «Արուեստագէտ դարձայ Մերի Հասքըլին շնորհիւ»:
Իրականութեան մէջ Հասքըլի զեղուն ձեռքերը կը ճիւղաւորուէին նոյնքան սիրով պատարուն իր սրտէն, այն բարի սրտէն, որուն անմիջապէս պիտի սիրահարէր Ժըպրան: Հասքըլ իրեն համար աւելին էր, քան` բարերարուհի մը: Հարազատ հոգի մըն էր, անսովոր քնքշանքով յատկանշուող կին մը, իսկ ամենակարեւորը, մարդ մը, որուն հոգիին խորքը կը ցանկար իջնել ու պեղել անոր ծերպերը, ապա բարձրանալ անոր բարձունքները` զինք լիարժէքօրէն հասկնալու: Այդ ներթափանցումը Ժըպրան կը համարէր սիրոյ մեծագոյն չափանիշը: Հասքըլի առատաձեռնութեան շնորհիւ էր, որ Ժըպրան կայացաւ որպէս գեղանկարիչ, իսկ անոր անձնուրաց սիրոյ շնորհիւ ան կայացաւ որպէս տղամարդ:
Ինչպէս Ռեյչըլ Քարսընի` Տորոթի Ֆրիմենի, այնպէս ալ Ժըպրանի եւ Հասքըլի յարաբերութիւնները կարելի չէր սահմանել դասակարգային, զուսպ պիտակաւորումով: Բացարձակ ապրում մը կը ճառագայթէր անոնց տասնամեակներ երկարող զգացական բարդ յարաբերութենէն. իրարու հանդէպ անսահման եւ խորունկ սէրն էր ան, որ կը բոցավառէր անոնց սիրող սրտերը:
Փարիզէն Հասքըլին յղած իր առաջին նամակներէն մէկուն մէջ Ժըպրան կը պարզէ, թէ ի՛նչ է սիրոյ պարգեւած ամենամեծ նուէրը, ու կը յայտնէ, թէ ինչպիսի՛ բարդ բնոյթ ալ ունենայ սէրը, սիրականին կողմէ հասկցուելու, տեսանելի դառնալու նուէրն է ան վերջապէս.
«Երբ ես մելամաղձոտ եմ, սիրելի՛ Մերի, կ՛ընթերցեմ նամակներդ: Երբ մշուշը կը պատէ իմ էութիւնը, ես նամակներուդ փոքրիկ տուփէն կը հանեմ երկու-երեք տառ եւ կը վերընթերցեմ զանոնք: Անոնք կը յիշեցնեն, թէ իրականութեան մէջ ո՛վ եմ ես, եւ կը ստիպեն վանել կեանքի մէջ ամէն տգեղ եւ ստորին բան:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը, սիրելի՛ Մերի, կարիք ունի հանգստեան վայրի մը: Իմ հոգիին հանգստավայրը այն գեղեցիկ պուրակն է, ուր քեզ կը պեղեմ ու պեղելով` քիչ մը աւելի կը ճանչնամ»:
Նոյն տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով ան կը գրէ.
«Կը մտաբերեմ քեզ, սիրելի՛ բարեկամ, այնպէս մը, որ ոչ ոքի մասին, չեմ խորհած նախապէս: Եւ երբ մտածեմ քու մասին կեանքը կը թուի աւելի լաւ, աւելի վեհ ու շատ աւելի գեղեցիկ: Կը համբուրեմ ձեռքերդ, սիրելի՛ Մերի, եւ համբուրելով զանոնք` ինքզինքս կ՛օրհնեմ»:
Յաջորդ տարի անոնց յարաբերութիւնները կը սրին: Հասքըլ իր 37-րդ տարեդարձի նախօրէին` 1910-ին, օրագրին մէջ կ՛արձանագրէ իրենց հանդիպումներու առանցքային յաջորդականութիւնը.
«Խալիլ երեկոն հետս անցուց ու իր սէրը խոստովանելով` ըսաւ, որ կ՛ամուսնանար ինծի հետ, եթէ կարելիութիւն ունենար: Անոր պատասխանելով` յայտնեցի, որ տարիքս կը բացառէ այդ մէկը:
– Մերի՛,- շարունակեց ան,- ամէն անգամ, երբ կը փորձեմ խօսքով աւելի մօտենալ քեզի, արտայայտել անձնական ապրումներս, դուն կը սաւառնիս հեռուներ ու անհասանելի կը դառնաս»:
«Բայց քեզ հետս կը տանիմ»,պատասխանեցի: Ապա աւելցուցի, որ միակ փափաքս մեր բարեկամութիւնը կայուն պահելն է, որովհետեւ չեմ ուզեր փճացնել մեր լաւ ընկերութիւնը սիրային անյաջող յարաբերութեան մը պատճառով: Այսպէս արտայայտուեցայ, երբ Խալիլ պարզեց իր միտքն ու խոստովանեցաւ սէրը: Յաջորդ օրը կրկին հանդիպեցանք ու ես «Այո՛» ըսի»:
Նոյն տարուան գարնան անոնց յարաբերութիւնը ամէնէն որոշիչ շրջադարձը ապրեցաւ: Անոնց արմատական որոշումը վերջիվերջոյ չամուսնանալն էր, այլ մնալ` իրարու մտերմագոյն գործընկերը կեանքի մէջ: Այս որոշումին տուն տուող պատճառը, որ Հասքըլ բանաստեղծական շունչով արտայայտած էր ապրիլ 1911-ի օրագրութեան մէջ, սիրահարած կնոջ վեհանձնութեան գլխաւոր արտայայտութիւնն էր.
«Ինծի կը թուի, որ հասած է այն պահը, երբ աշխարհը Խալիլին դիմաց լայնօրէն պիտի բանայ իր դռները, պիտի սիրէ զինք, եւ իր սրտին մէջ Խալիլին աշխատանքը պիտի յորդի: Կը կարծես, որ Խալիլի ապագան հեռու չէ արդէն:
«Ուստի որոշեցի հետեւիլ աստուածային նախախնամութեան. հաստատապէս բացառեցի անոր կինը ըլլալու կարելիութիւնը: Եւ հակառակ անոր որ ամէն առտու կ՛արթննայի հոգւոյս ներքին արցունքներով ողողուած, համոզուած էի, որ ճիշդ եմ, եւ արցունքներս ուրախութեան նշաններ են, ոչ թէ` ապագայ ցաւի կամ զղջումի: Իմ տարիքը մեր միջեւ բարձրացած պատնէշ մը կրնար ըլլալ պարզապէս, մեր ամուսնութեան արգելքը: Զիս մտահոգողը ոչ թէ տարիքս էր սակայն, այլ այն, որ Խալիլին վստահաբար կը սպասէ այլ սէր մը, տարբեր` ինծի հանդէպ տածած իր սէրէն: Անոր կը սպասէ, վստահաբար, սիրոյ յայտնութիւն մը, եւ այդ յայտնութիւնն է, որ պիտի մղէ զինք ամուսնութեան: Իր մեծագոյն գործը պիտի ծնի այդ ամուսնութենէն, մեծագոյն երջանկութիւնը, լիարժէք կեանքը` նոյնպէս: Եւ այդ երջանկութիւնը տարիներու հեռաւորութեան վրայ չէ: Իմ եւ իր վերջնական սիրոյ միջեւ քայլ մը կայ հաւանաբար, ու հակառակ անոր որ իմ զգայուն աչքերը կու լան, ես ուրախութեամբ կը խորհիմ իր երջանկութեան մասին: Չեմ ուզեր, որ Խալիլ իմը մնայ, որովհետեւ գիտեմ, որ այդ սէրը, այդ կինը տեղ մը հասակ կ՛առնէ ու կ՛աճի իրեն համար, իսկ Խալիլ կը հասուննայ անոր համար»:
Յաջորդ օրը Հասքըլ Ժըպրանին կը յայտնէ իր զգացականօրէն երկիմաստ, սակայն իմացականօրէն հաստատ որոշումն ու կը գրէ. «Թէեւ սիրտս կը ցանկայ, որ զինք ամէն գնով համոզեն, այդուհանդերձ, գիտեմ, որ ի վերջոյ զիս պէտք չէ համոզեն»: Ան Խալիլին հրաժեշտ տալու պահը կ՛արձանագրէ օրագիրին մէջ.
«Ժըպրան լացաւ, իսկ ես թաշկինակ մը տուի անոր, որ արցունքը սրբէ: Ան խօսելու կարողութիւն չունէր: Իմ խօսքերն ալ կիսատ կը մնային յաճախ, ու ինք սրտնեղած` կը փորձէր այդ բացը գոցել. «Մերի՛, գիտես, որ չեմ կրնար որեւէ բան ըսել, երբ այսպիսի հոգեվիճակի մէջ եմ»: Ու դժուարաւ բառ մը աւելցուց: Միակ մեկնաբանութիւնը զիս սիրելն էր: Երբ ամէն ինչ աւարտին հասաւ, գիրկս բացի անոր, իսկ ան շուտով զիս իր մէջ առաւ, մեր սրտերը մխիթարուեցան: Երբ ուշացաւ իր խօսքը, անոր աջ ափը մօտեցուցի շրթներուս, արցունքներս յորդեցան ու զիս աւելի մօտեցուցին իրեն: Համբուրեցի անոր հրաշալի ձեռքը, ինչպէս յաճախ կը փափաքէի համբուրել, բայց երբեք չէի համբուրած, որովհետեւ հպումս իսկ շատ կը յուզէր զինք: ® Բաժանման պահուն, դրան մօտ կրկին լացի, մինչդեռ ան աչքերս սրբելով` «Մերի՜, Մերի՜, Մերի՜» կը կրկնէր: «Մեկնումի պահուն ինքզինք գտաւ ու ըսաւ. «Այս երեկոյ ինծի նոր սիրտ նուիրեցիր»:
Քնանալէս ետք արցունքներուս վրայ յանկարծ մեծ խաղաղութիւն մը իջաւ, եւ լոյս մը մարեցաւ, ես եւ Ժըպրան այդ լոյսին մէջն էինք, ու կրկին լացի, «Շնորհակալ եմ, Տէ՛ր իմ, շնորհակալ եմ», ըսի: Երջանիկ էի: Կը հասկնայի, որ հրաժարած էի իրմէ, սակայն այդ որոշումը մեզ երբեք չէր հեռացուցած, ընդհակառակն, մեզ աւելի մօտեցուցած էր իրարու: Գիտէի, որ մեր յարաբերութիւնները անհատնում էին»:
Հետագային Հասքըլ կ՛անդրադառնայ իր որոշումին` ըսելով. «Միակ փափաքս մեր գիտակցական միասնութեան շարունակականութիւնը պահպանելն էր»:
Հասքըլի այս միտքը, որ կը բխէր իր անմնացորդ սիրոյ վեհութենէն, ի վերջոյ Ժըպրանը կ՛առաջնորդէր դէպի առողջ յարաբերութեան մը հիանալի եւ յաւերժական խորհուրդը:
Ամուսնութիւնը բացառելու անոնց որոշումէն ամիս մը ետք Ժըպրան Նիւ Եորքէն «գիտակցական միասնութեան շարունակականութիւն»-ը աւետող այսպիսի նամակ մը կը գրէ Հասքըլին.
«Այս պահուս թանգարանէն վերադարձայ: Օ՜, որքան կ՛ուզէի այդ գեղեցիկ իրերը քեզի հետ տեսնել: Մենք օր մը միասին պէտք է դիտենք այդ բոլորը: Ինքզինքս այնքան մինակ կը զգամ: Երբ մինակ ըլլամ, կը կանգնիմ արուեստի մեծ գործի մը դիմաց: Դրախտին մէջ անգամ պէտք է ունենաս սիրելի ուղեկից մը, որպէսզի լիարժէքօրէն վայելես զայն:
Գիշեր բարի, սիրելի՛ս: Կը համբուրեմ ձեռքերդ ու աչքերդ»: