ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկար տարիներու անձնական փաստաբան եւ անոր խնդրայարոյց արարքները «մաքրագործող» Մայքըլ Քոհըն Չորեքշաբթի, 27 Փետրուարին, Ներկայացուցիչներու տան Վերահսկումի եւ բարեկարգումի յանձնախումբին առջեւ ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, թէ հիմա ամօթ կը զգայ նախագահին հետ գործակցելուն համար՝ ըսելով. «Որովհետեւ լաւ գիտեմ, թէ ո՛վ է պր. Թրամփը»։
Թրամփ տեղեակ էր 2016-ի նախագահական ընտրութիւններուն իր մրցակիցին՝ Հիլըրի Քլինթընը վարկաբեկող տեղեկութիւններէն, որոնք ռուսական ջանքերով եւ «Ուիքիլիքս»ի միջոցաւ հրապարակուած էին, նպաստելով Թրամփի ընտրապայքարին։ Թրամփ տարբեր առիթներով պնդած է, թէ այդ մասին տեղեկութիւն չէ ունեցած հակառակ անոր, որ նոյնիսկ իր զաւակը մասնակցած էր այդ նպատակով ռուսերու հետ տեղի ունեցած հանդիպումի մը։ Քոհըն նաեւ «ազգայնամոլ», «խաբեբայ» եւ «կեղծաւոր» ածականները գործածեց՝ նկարագրելու համար Թրամփը, աւելցնելով, որ հակառակ նախագահին պնդումներուն, Թրամփ ընտրապայքարին օրերուն իսկ Մոսկուայի մէջ շէնքեր կառուցելու ծրագիրներ մշակած է։
Ան նաեւ կոչ ըրաւ՝ Թրամփը պաշտպանող հանրապետականներուն, որ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց որոշումը, որովհետեւ «անոնք, որոնք կուրօրէն կը հետեւին պր. Թրամփին, պիտի տառապին»։
Յիշեցնենք, որ Քոհըն նախապէս խոստովանած էր, թէ Թրամփի յանձնարարութեամբ՝ երկրի ընտրական օրէնքները խախտող ապօրինի նիւթական փոխանցումներ կատարած է եւ անոնց մասին Քոնկրեսին սուտ խօսած էր: Ան ընդունած էր, որ երկու առիթներով մեծագումար վճարումներ կատարած է՝ լռեցնելու համար կիներ, որպէսզի անոնք չբացայայտեն Թրամփի հետ իրենց «մտերմիկ յարաբերութիւններ»ը:
Քոհըն Չորեքշաբթի օր նաեւ ցոյց տուաւ նախագահին ստորագրութիւնը կրող այն «չեք»երը, որոնք իրեն յանձնուած էին այդ վճարումներուն համար։
Նշենք, որ Ռուսիոյ հետ Թրամփի ընտրապայքարին գործակցութիւնը հետապնդող յատուկ դատախազութեան հետ գործակցելուն համար Քոհընի պատիժը մեղմացած էր. ան Մայիսէն սկսեալ 3 տարի պիտի բանտարկուի։