Յակոբ Չոլաքեան
Պարսից արքան հայոց Արտաշէս Դ. Արշակունի թագաւորին ժամանակ հայ ընդդիմադիր նախարարութիւններուն ամեն իշխանութիւն ու հարստութիւն կը խոստանար՝ գրգռելով որ անոնք հանդէս գան թագաւորին դէմ՝ թագաւորի իշխանութիւնը վերացնելու պատրուակ գտնելու համար: Հայկական նախարարութիւնները տեսակ-տեսակ բարոյական, մտային եւ կամային մեղքերու ամբաստանութիւններով կը նսեմացնէին թագաւորը: Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս խնդիր ունէր պաշտպանելու հայոց պետականութիւնը, որ հիւանդ էր: Ան մէկ պատասխան ունէր ընդդիմադիրներուն: «Ես չեմ կրնար հիւանդ ոչխարս առողջ գայլին հետ փոխել»: Արտաշէս արքան մերժեց իրեն ուղղուած բոլոր ամբաստանութիւնները: Վռամ Ե. արքան գահընկէց ըրաւ Արշակունի վերջին թագաւորը, գրաւեց Արշակունի արքաներու գանձարանը եւ արեւելեան Հայաստանը կառավարեց մարզպաններով, ապա շնորհազրկեց Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը ու հայրապետական աթոռին վրայ զետեղեց հայութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ հետ ոչ մէկ կապ ունեցող անձ մը:
Այդպէս եղաւ: Մենք բզքտեցինք մեր հարազատ պետութիւնը, անդամալուծեցինք զայն ու պառակտեցինք ժողովուրդը՝ յանուն աթոռի, մանոնայի, փառքի եւ եսի. փաստ, որ 23 տարի ետք՝ Աւարայրի ճակատամարտին, թշնամիին 300 հազար զօրքին դիմաց մենք հանեցինք միայն 55 հազար մարդ, մինչ Վասակ Սիւնին եւ անոր դաշնակիցները կրնային ունենալ շատ աւելին…
Պետութիւնը կը ծնի ժողովուրդի մը երկունքէն, եթէ չըլլար մի ոմն խութեցի Յովնանի գլխաւորած ապստամբութիւնը՝ չէր ծներ Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, եթէ մեր ժողովուրդը Սարդարապատ չստեղծէր՝ չէր ծներ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մէկը տէր կ՛ելլէ պետութեան, միւսերը կը շրջապատեն զայն, կը գործակցին պետականաշինութեան կամ կը փորձեն խլել զայն ամէն գինով: Պետականաշինութեան պայքարը կրնայ վերածուիլ քաշքշուքի, գզվռտուքի ու կրնայ հասնիլ տեղ մը, ուր մարդիկ կը խլանան իրենց հանած աղմուկին մէջ, կը կուրնան, կը բթանան: Այլեւս ո՛վ կը լսէ Սահակ Պարթեւ հայրապետին խրատն ու խորհուրդը, իսկ ուսուցանող մտաւորականութիւնը կը դատապարտուի սնանկացման: Մարդիկ կ՛անգիտանան, որ Մեսրոպ Մաշտոց մըն ալ կայ: Չկայ:
Յետոյ ի՞նչ կ՛ըլլայ… Կու գայ Մովսէս Խորենացի մը, կը շարադրէ դէպքերը ու կ՛ողբայ.
-Ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ, ողբամ զքեզ, հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն. զի բարձաւ թագաւոր եւ քահանայ, խորհրդական եւ ուսուցող. վրդովեցաւ խաղաղութիւն, արմատացաւ անկարգութիւն. դրդուեցաւ ուղղափառութիւն, կայկայեցաւ տգիտութեամբ չարափառութիւն (Ողբում եմ քեզ, Հայոց աշխարհ, ողբում եմ քեզ, բոլոր հիւսիսային ազգերի մէջ վեհագոյնդ, որովհետև վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ եւ ուսուցանողդ. վրդովուեց խաղաղութիւնը, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտուեց ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեց տգիտութեամբ չարափառութիւնը):
Այդպէս ալ կը շարունակուի: