Նիւ Ճըրսիի մէջ 3 մարտին կայացած է Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբի «Այժմ եւ ընդմիշտ» խորագիրով համերգը, որուն մասնակցած են նաեւ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի «Նայիրի» եւ Լոս Անճելըսի «Գէորգեան» պարախումբերը:
«Դժուար էր, սակայն կրցանք յաջողիլ: 175 պարող մէկտեղուեցան մէկ բեմի վրայ, որուն կամարներուն տակ հնչեց հայ երգն ու պարը: Մինչեւ այսօր կը շարունակենք նամակներ ստանալ, մարդիկ շնորհակալութիւն կը յայտնեն այնչափ բովանդակալից ու գեղեցիկ համերգին համար»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ «Շուշի» պարախումբի պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեանը:
Համերգը նուիրուած էր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին. «Սա առիթ էր, որ ո՛չ միայն պարախումբի անդամները, այլեւ համերգի մասնակիցները հնարաւորութիւն ունենան մօտէն ծանօթանալու մեծ երգահանի կեանքին, գործունէութեան ու հարուստ ժառանգութեան: Շուրջ 2 ժամ 10 վայրկեան ներկաները հնաւորութիւն ունեցան վայելելու պարախումբերու գեղեցիկ համարները, կոմիտասեան երգերը: Ներկաներու ծափերէն ու ոգեւորութենէն հասկցանք, որ հանդիսատեսը կարօտ է նման համերգի: Երեկոյին ներկայ ըլլալու համար մարդիկ եկած էին Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայի տարբեր նահանգներէ»,- նշեց Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեան:
Համերգին մասնակցած են նաեւ երգչուհի Կապի Գալոյեան, ասմունքող Նունէ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ Ռուբինա Թելունցը, Անահիտ Զաքարեանը եւ այլք:
«Համայնքէն ներս արդէն 40 տարի է` կը գործէ հայկական ռատիօժամ: Տարիներ առաջ տէր եւ տիկին Վարդան եւ Ատի Ապտոները, թէեւ վարժ չէին խօսիր հայերէն, սակայն ցանկացան հայկական ռատիօժամ հիմնել: Եւ արդէն 40 տարի ամէն կիրակի անոնք կամաւորաբար հաղորդումներ կը պատրաստեն: Վերջին համերգով նաեւ ցանկացանք անոնց պատուել` որպէս «Շուշի» պարախումբի լաւ բարեկամներ: Թէեւ այդ օրը անոնք չկրցան ներկայ գտնուիլ համերգին, սակայն տարիներ շարունակ եղած են պարախումբի կողքին»,-նշեց պարախումբի պարուսոյցը եւ աւելցուց, որ Նիւ Եորքի մէջ աշխատելու ժամանակ պարախումբի լաւ բարեկամներէն էր նաեւ այժմ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, որ քանի մը անգամ ներկայ եղած է «Շուշի»-ի համերգներուն: Իսկ օրերս կայացած համերգին ներկայ էր ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան, որ շատ տպաւորուած եղած է համերգով:
Համերգի աւարտին Մհեր Մարգարեան ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու պատուոգիրներ յանձնած է երեք պարախումբերու ղեկավարներուն` Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեանին («Շուշի»), Ֆելիքս, Թերեզա եւ Սարգիս Գրիգորեաններուն («Նայիրի»), Գէորգեան ընտանիքին («Գէորգեան»):
«Այժմ եւ ընդմիշտ» խորագիրով երեկոն եզրափակուած է «Քոչարի», «Բերդ» պարերով, որոնք միասնաբար կատարած են երեք պարախումբերը:
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբը կը գործէ 27 տարի: Խումբն ունի 120 անդամ, որոնք ո՛չ միայն հայկական պարեր կը սորվին, այլեւ երգեր, եւ ինչն ամենակարեւորն է` պարախումբի անդամներն իրենց առօրեայէն մաս մը կ՛անցնեն հայկական միջավայրի եւ մթնոլորտի մէջ:
Իր գործունէութեան ընթացքին պարախումբը բազմաթիւ համերգներ ունեցած է ինչպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ (2 անգամ Օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնի բեմին վրայ) եւ Արցախի, Գանատայի, Սուրիոյ, Լիբանանի մէջ, Ռուսաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ` Մոսկուա, Ս. Փեթերսպուրկի, եւ այլ երկիրներու մէջ:
«Բոլորս կամաւոր կ՛աշխատինք: Կը ցանկամ յիշատակել նաեւ հետս աշխատող Սօսի Սեդրակեանը եւ Թալին Քիւփելեանը: Պարախումբն անցնող տարիներուն ընթացքին դժուարութիւններ ունեցած է, սակայն միասնաբար կրցած ենք յաղթահարել: Մեծ է նաեւ համայնքի աջակցութիւնը: Նիւ Եորքի մէջ պայմանները քիչ մը այլ են, օրինակ` չես կրնար համեմատել Լոս Անճելըսի հայկական համայնքին հետ, ուր աւելի հեշտ է պահպանել հայկական ինքնութիւնը, հայ մնալ: Շատ ուրախ ենք, որ պարախումբն իր գործունէութեամբ կը կարենայ օգտակար ըլլալ համայնքին, հայապահպանութեան,-կը նշէ Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեան եւ կ՛աւելցնէ,- Այս ամէնը մենք կը կատարենք մեծ սիրով, առանց յոգնութեան, աշխատանքէն յետոյ: Այն ժամանակը, որ մենք կրնանք տրամադրել մեր ընտանիքին, հանգիստին, պարախումբի փորձերուն կը յատկացնենք: Հայկական երաժշտութիւնը չի ձգեր, որ հանգիստ մնաս: Շատ հարուստ եւ գեղեցիկ երաժշտութիւն ունինք, որ մեզ անդադար կը ստիպէ աշխատիլ»:
«Շուշի» պարախումբի հիմնումը շատ պատահական եղած է. «Տարիներ առաջ, երբ տղաս իր դասընկերներուն հետ ձեռնարկի մը կը պատրաստուէր, տղուս ընկերներն ըսին, արդեօք կրնա՞մ իրենց 4 աղջիկներուն հայկական պար սորվեցնել: Այդպէս, 4-ը դարձաւ 20, 120 ու «Շուշի» պարախումբ, ուր կը յաճախեն 5-35 տարեկան փոքրիկներ, պատանիներ ու երիտասարդներ: Շատերը մեծ դժուարութեամբ կը ձգեն բեմը, որ աշխարհ մըն է, որ ոչ մէկ բանի հետ հնարաւոր է համեմատել: Բեմ բարձրանալու հաճոյքն անգերազանցելի է, այնպէս, ինչպէս հայկական երաժշտութեան աշխարհը: Ծնած եմ ընտանիքի մը մէջ, ուր միշտ հնչած է հայկական երաժշտութիւնը: Եղբայրս` Սարգիս Փասքալեանը, 2 անգամ Հայաստան այցելած է եւ Սրբուհի Լիսիցեանի մօտ վարպետութեան դասեր առած, աշխատած: Յետոյ վերադարձած է Լիբանան եւ երկար տարիներ ղեկավարած ՀԲԸՄ-ի պարախումբը: Միշտ կը հետեւէի, թէ ան ինչպէս կ՛աշխատի: Դժբախտաբար, պարարուեստի դպրոց երբեք չեմ յաճախած: Այն ինչ գիտեմ հիմա, կրցած եմ սորվիլ եղբօրս հետեւելով,- կը նշէ Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեան եւ կ՛աւելցնէ,- Հայկական պար, երգ սորվիլը հայապահպանութեան ամենամեծ հանգրուաններէն մէկն է Սփիւռքի մէջ: Յատկապէս երիտասարդներուն համար, որոնք իրենց ազատ ժամերուն կրնան ժամանցի կեդրոններ յաճախել, սակայն գիտակցաբար կ՛ընտրեն իրենց արմատներուն հաղորդակից մնալը, «Շուշի»-ի հետ ըլլալը»:
Լուսինէ Աբրահամեան