ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխաններէն Կարօ Փայլան Դեկտեմբեր 19ին հրապարակած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որ կը շօշափէ շատ մտահոգիչ նիւթ մը։ Արդարեւ, Փայլան զանազան աղբիւրներէ հաստատուած լուրերու հիման վրայ իմացած է, թէ կարգ մը «մութ ուժեր» ու խմբակներ կը պատրաստուին զգայացունց ու աղմուկ բարձրացնելու կոչուած արարքներ գործադրելու՝ ընդդէմ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ բնակող հայ ու ալաուի ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ այն լրագրողներուն, գրագէտներուն, ակադեմականներուն, մտաւորականներուն, որոնք ներկայ իշխանութեանց կառավարման շրջանին ստիպուեցան Թուրքիան լքել ու Եւրոպա բնակիլ։
Փայլան դիտել կու տայ, որ նշանաւոր անուններու ուղղեալ յստակ այս սպառնալիքին դէմ դնելու համար, եւրոպական երկիրներու ապահովութեան պատասխանատուները արդէն իսկ դիմած են պաշտպանութեան լուրջ միջոցառումներու։
Ան կը յայտնէ, թէ ինք եւս Թուրքիոյ կառավարութենէն ու շահագրգիռ մարմիններէն պահանջած է, որ միջոցներ ձեռք առնուին՝ Եւրոպա ապրող մեր քաղաքացիներուն պաշտպանութեան համար։ Ըստ անոր՝ ասիկա հարց մըն է, զոր պէտք է շատ լուրջ նկատել։ Այստեղ կը խօսուի Թուրքիոյ մէջ մութ ձեռքերու կողմէ կազմակերպուած եւ զինեալ մահափորձեր իրականացնելու կոչուած մարդասպանական խմբակներու մասին։ Կառավարութիւնը իր պարտականութիւնը պէտք է կատարէ, որպէսզի անցեալին կատարուած նման սպանութիւններուն վրայ նորեր չաւելնան ու ծանրաշուք նոր յուղարկաւորութիւններ չկատարուին։
Կարօ Փայլան այսպէս կ՛եզրակացնէ իր հաղորդագրութիւնը. «Այս արարքներով ի՞նչ ըսել պիտի ուզուի մեր այն մտաւորականներուն ու լրագրողներուն, որոնք իրենց երկրին մէջ ազատօրէն խօսելու ու գրելու կարողութիւնը չունին։ «Ո՛ւր ալ երթաք՝ մենք գիտենք ձեզ լռեցնե՞լ» է արդեօք ըսել ուզուածը, թէ մութ ուժեր, այս կլիմայէն օգտուելով՝ շարժման անցած են արդէն։ Այս բոլորէն ետք կոչ կ՛ընեմ, որպէսզի Եւրոպա ապրող Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները զգոյշ ըլլան, եւ կառավարութիւնն ալ ստանձնէ իր լուրջ պատասխանատուութիւնը»։