Քանի մը օր առաջ լիբանանցիները պետական եւ ժողովրդային տարողութեամբ ոգեկոչեցին Լիբանանի նորագոյն պատմութեան չարայուշ հանգրուաններէն մէկուն՝ քաղաքացիական պատերազմին երեսուն եւ իններորդ տարելիցը: Պէյրութի եւ երկրին տարբեր ամպիոններէն խօսք առնող անձնաւորութիւնները դատապարտեցին պատերազմի մշակոյթը: Ոմանք շեշտը դրին ազգային համակեցութեան եւ միջհամայնաքային համերաշխութեան վրայ: Ոմանք յիշեցուցին, թէ պատերազմին տուն տուողը պատճառները չեն վերացած, սպին թարմ է տակաւին, առաւել բեւեռացած է լիբանանեան ընկերութիւն: Եթէ նախապէս հատուած մը յարած էր Արեւմուտքին, մնացեալը՝ Արեւելքին, այսօր համայնքային եւ յարանուանական բաժանումներու ոստայնի մը վերածուած է երկիրը: Ոմանք ծանրացան պատերազմին հետեւանքով յառաջացած ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ պետականութեան կազմաւորման եւ բարգաւաճման ծրագիրներուն վրայ համայնքային մոլեռանդութեան ստեղծած ժխտական անդրադարձին: Քիչեր արժեւորեցին հայրենիքի եւ հայրենի հողին վրայ ապրելու խորհուրդն ու հպարտութիւնը: Արտայայտուած խօսքերուն մէջ մեծագոյն բացական, միացեալ եւ ամբողջական հայրենիքի գաղափարն էր..: Իւրաքանչիւրը կը խօսէր այնպէս, կարծէք նոր պատերազմի մը սեմին ըլլար երկիրը..:
Քաղաքացիական պատերազմի 39-րդ տարելիցը նշուեցաւ կուտակուած թանձրախիտ ամպերու, մթագնող հորիզոնի մը ծանրութեան տակ: Կարծէք պատերազմի զոհերը պատգամ, թելադրութիւն չունենային գալիք սերունդներուն: Պահ մը ակամայ, մարդ հարց կու տայ՝ անոնք իսկապէ՞ս մահացան, որպէսզի ապրէր լիբանանեան հայրենիքը…: Կը տարակուսինք: Հարիւր հազարէ աւելի զոհեր, տնտեսական ցնցումներ, գաղթ, ուղեղներու արտահոսք եւ սակայն լիբանանցին ըստ երեւոյթին, դասեր չի փափաքիր քաղել անցեալէն: Որքա՜ն պիտի փափաքէինք սխալած ըլլալ մեր համոզումներուն մէջ…. այ’ո իսկապէս, որովհետեւ պատերազմէն երեսուն եւ ինը տարիներ ետք, ազգային ինքնութիւնը եւ Լիբանանը պատանդ կը մնան օտար պետութեանց գրաւին:
Խօսք առնող դէմքերէն ոչ ոք դրուատեց երկրին միասնականութեան խորհրդանիշ լիբանանեան բանակին սխրագործութիւնները: Բանակը նահատակերու արեամբ կը պահպանէ երկրին կայունութիւնը, ուրիշներ զգուշացումի անուղղակի պատգամներ կը յղեն հայրենիքի արժանապատուութեան վահանակիրին: Ակամայ կը ստիպուինք մտածելու՝ ինքնութեամբ իսկապէ՞ս լիբանանցի են այսօրինակ մարդիկ..:
Քաղաքացիական պատերազմի տխուր էջերը թելադրելի շատ կէտեր ունին լիբանանցիներուն. Առաջինը՝ հողին ու հայրենիքին կառչելու պատգամն է անկասկած: Երկրորդը՝ համայնքներու եւ քաղաքական հատուածներու միջեւ կորսուած վստահութեան վերականգնումը: Խզուած կամուրջները դիւրաւ կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել, երբ աջ ու ձախ հովանաւորներ փնտռելու փոխարէն, լիբանանցին ապաւինի իր համաերկրացիին զօրակցութեան: Օտարը պիտի չուզէ լուծել լիբանանցիներուն միջեւ տարակարծութիւնները, ընդհակառակը՝ կրնայ միտումնաւոր հրահրել զանոնք: Լիբանանցիներն են, որ փոխհասկացողութեան եզրեր պիտի ստեղծեն իրարու միջեւ, անկախ տարակարծութիւններու բնոյթէն ու տարողութենէն:
Ներքին համերաշխութեան առիթներ միշտ ալ ներկայացած են լիբանանցիներուն: Վերջին շրջանին, հանրապետութեան նախագահը, քաղաքական բոլոր հոսանքներուն հետ խորհրդակցելէ ետք,անոնց հետ քննարկած կէտերը ամփոփեց «Պաապտայի Յայտարարութիւն» խորագիրով ծանօթ յուշագիրին մէջ, որ անմիջապէս արժանացաւ միջազգային եւ շրջանային պետութիւններու հաւանութեան: Պաապտայի Յայտարարութիւնը առնուազն Լիբանանի դիմագիծը կը պահպանէ շրջանային փոթորիկներուն դէմ, միաժամանակ առաւելագոյն չափով կ’երաշխաւորէ Սուրիոյ հակամարտութենէն հեռու մնալու յանձնառութիւն մը: Անոր դէմ սակարկութիւնները եւ մասնակի մեկնաբանութիւնները միայն հարուած պիտի հասցնեն լիբանանեան հայրենիքին եւ լիբանանցիներուն: Ոչ ոք յաւակնութիւն չունենայ, որ Լիբանանէն քանի մը զինեալ ղրկելով պիտի յաջողի վճռելու Սուրիոյ հակամարտութեան ճակատագիրը…: Սակայն պատասխանատուութիւնը հաւաքական է , երբ Սուրիայէն փախուստ տուած զինեալներու եւ ահաբեկչական որջերու կը վերածուին լիբանանեան տարբեր շրջաններ: Ժամանակն է, ուր Սուրիոյ հակամարտութեան բացայայտօրէն եւ ընդյատակեայ ճանապարհներով մխրճուած հոսանքներ վերադառնան հայրենիք…:
Լուրջ իրագործումներ կը սպասեն լիբանանեան հայրենիքին, որոնցմէ ամենակարեւորը՝ նախագահական ընտրութիւնները:
Դժբախտաբար անկախութեան առաջին իսկ օրէն, բացի 1970-ի ընտրութիւններէն, օտար կամ շրջանային ուժեր որոշիչ դերակատարութիւն ունեցած են Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն վրայ՝ Եգիպտոս, Միացեալ Նահանգներ, Սուրիա, Սէուտական Արաբիա, Իսրայէլ, Ֆրանսա …: Ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը լիբանանցիներուն պիտի թելադրէ սահմանադրութեամբ նշուած ժամանակամիջոցին ընտրել երկրին նոր նախագահը: Սակայն աւելի կարեւորը՝ Լիբանանի յառաջիկայ ընտրութիւնները պարտաւոր է, որ ունենան տեղական, ազգային տարազ: Բաւական է ուրիշներու հաճոյակատարութեան արգասիքը դառնայ երկրին Առաջին դէմքին անունը: Լիբանանցիները անհրաժեշտութիւնը չունին սպասելու այլոց «մուսա»ներուն: Նախագահական ընտրութիւններուն նախօրէին կը լսուին տարբեր հոսանքներ ներկայացնող թեկնածութիւններու անուններ: Այսպիսի պարագաներու, մասամբ հասկնալի է, երբ ժողովուրդը առանց չորը թացէն զանազանելու կը դառնայ կարգ մը անուններու գերին: Սակայն, քաղաքական կուսակցութիւններու պարագային ընդունելի պիտի չըլլայ այդ մէկը: Քաղաքական կուսակցութիւնները նախ պարտին ճշդելու իրենց կեցուածքը, համոզումները եւ այդ դրոյթներուն հիման վրայ կատարելու յարմարագոյն անձին ընտրութիւնը:
Մեր համոզումով, Լիբանանի նորընտիր նախագահը պարտաւոր է, որ վայելէ քաղաքական բոլոր կողմերուն համակրանքն ու վստահութիւնը: Կարեւոր բարենիշներ են անոր անցեալի եւ այժմու վարկը: Լիբանանցիները կը պահանջեն սահմանադրութեան, երկրին գերիշխանութեան,անոր պետական կառոյցներուն հաւատարիմ անձնաւորութիւն մը: Նախագահ, որ պաշտպանէ երկրին արաբական դիմագիծը: Անձնաւորութիւն, որպէսզի հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարէ շրջանային զարգացումներուն ի տես: Անձ, որ կասեցնէ արտագաղթը, իրականացնէ վարչական բարեկարգութիւններ,ամրապնդէ համակեցութիւնը եւ համայնքներու միջեւ համերաշխութիւնը: Անձնաւորութիւն մը, որուն համար հայրենիքը գերադասելի ըլլայ տարբեր տեսակի շահերէն, նուիրականութեան խորհրդանիշ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն երեսուն եւ ինը տարիներ ետք, լիբանանցիներուն համար արժանապատուութեան հարց պարտի դառնալ սեփական տարազով նախագահի մը ընտրութիւնը, այլապէս՝ ոչինչ փոխուած է անցեալէն…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ