ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ա. մասի ամփոփում.- «Ոսկէ ծիրան» կազմակերպութիւնը մշակոյթի նախարարութեան հետ համագործակցաբար կազմակերպած է հարիւրամեակին նուիրուած շարժապատկերի ցուցադրութիւններ` շուրջ տասը երկիրներու մէջ: «Այլեւս երբեք»-ը ծրագիրի չորս բներգներէն մէկն է: Ներքեւի գլուխներուն մէջ ներկայացուած ժապաւէնները ցուցադրուած են տեղական ծրագիրներու շուրջ 50 տոկոսի ծիրին մէջ:
«Ճչացողներ» (Screamers) 2006, 89 վայրկեան, բեմադրիչ` Քարլա Կարապետեան (Միացեալ Նահանգներ): Ֆինանսաւորուած է «Պի.Պի.Սի.»-ի կողմէ: «Այլեւս երբեք»-ի բացումը կատարուեցաւ այս ժապաւէնի ցուցադրութեամբ:
Հիմնուած է ամերիկացի ակադեմական Սամանթա Փաուըրի «Է փրոպլեմ ֆրամ հել. Ամերիքա էնտ տի էյճ օֆ ճենոսայտ» (Դժոխային հարց մը.- Ամերիկա եւ ցեղասպանութեան դարը) գիրքի այն դրոյթին վրայ, թէ հայկական եղեռնը որպէս նախատիպ (model) ծառայած է հետագայ ցեղասպանութիւններու համար, եւ թէ` մեծ պետութիւններու լռութիւնը արտօնած է, որ անոնք կրկնուին:
Ունի ճակատային, քարոզավարի բնոյթ: Կարապետեան կ’ըսէ, թէ ժապաւէնը պատրաստած է, որովհետեւ հայկական ծիներ կը կրէ: Գործը կը համարէ վաւերագրական: Բայց այդտեղ «դեր վերցուցած են» Հրանդ Տինքի եւ Սերժ Թանքեանի նման մակնիշային դէմքեր: Տինք այլեւս այստեղ չէ: Գլխաւոր դերակատար Թանքեան, որ դեռեւս այստեղ է, կը ցուցադրէ իր այլազան դէմքերը: Զայն կը տեսնենք սրտառուչ տեսարանի մը մէջ, ուր կը խնամէ իր զառամեալ մեծ հայրը, մինչ աղեկէզ ծերունին կ’աւանդէ իր վկայութիւնը (1): Կը տեսնենք նաեւ Սերժի ռազմաշունչ երեսը, երբ ան կը ճակատի Քոնկրեսի նախագահին դէմ: Լուսիֆերի հետ հանդիպումները զանց առնուած են: Կարապետեանի եւ Թանքեանի նախնիները եղած են համագիւղացի (շիթ մը արցունք): Կ՛ըսէ, թէ «ճիչ»-ը (իմա` բողոքը) հարցերը չի լուծեր, բայց վառ կը պահէ դատը: Թէ երաժշտութիւնը համամարդկային լեզու է: Թէ` ինք նախապէս Էլթըն Ճոնի(2) երկրպագուն եղած է, բայց Թանքեանի հանդիպելէ ետք համոզուած, որ պայքարին համար պէտք է ընտրել աղմկալի զայրոյթավառ «Հեւի մեթըլ» երաժշտութիւնը: Հաւատացած է, որ Թանքեանի խումբը` «Սիսթըմ աֆ է տաուն»-ը (կը մասնակցի կենդանի կատարումներով) «կը դաստիարակէ» իր երկրպագուները: Թէ կարճ շրջանի մը ընթացքին «Սիսթըմ աֆ է տաուն»-ը աւելի մեծ գործ իրականացուցած է, քան ամբողջ Միացեալ Նահանգներու համայնքը` կէս դարու ընթացքին (3):
«Անվերջ փախուստ, յաւերժ վերադարձ» 2012, 87 վայրկեան
Բեմագիր, բեմադրիչ եւ արտադրող` Յարութիւն Խաչատրեան: Ժապաւէնը 2013-ին ստացած է «Հայակ» լաւագոյն բեմադրիչի եւ լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնի մրցանակները:
Բներգը կրկնուող հրատապ հարցն է. «Ի՞նչն է, որ մարդիկ կը մղէ արտագաղթի»: Կը սկսի Խորհրդային Միութեան փլուզումով: Ժապաւէնին հերոսը, որ ինքզինք «Հայկ» կ’անուանէ, կը լքէ երկիրը: Հայոց նահապետը կը լքէ իր ժողովուրդը եւ կ’երթայ «վախենալու չափ հեռու»: Ինքզինք կ’աքսորէ դէպի «տայգա», ուր կը դիմագրաւէ դաժան բնութիւնը (խորհրդանշական), կը սորվի «դրսում ապրել»: Կը փորձէ գտնել փիլիսոփայական «հիմնաւորումներ»:
Ժապաւէնին հերոսը վկայեալ բեմադրիչ մըն է (զուգադիպութի՞ւն), ուրեմն կը գիտակցի, որ անիմաստ պիտի ըլլայ վերադարձը ընդունիլ որպէս բնագիրի «վերջաբան»: Կը մէջբերեմ (ուշադրութիւ՛ն). «Հայրենիքից հեռանալու, արտագաղթելու խնդիրները, սեփական «ես»-ի անվերջ փնտռտուքը զուտ հայկական առանձնայատկութիւններ չեն: Մարդկութիւնը, ազգերը երկրից երկիր են տեղափոխւում եւ յաճախ անհասկանալի են պատճառները` հացի՞ խնդիր է, հոգեբանակա՞ն, թէ՞ աւելիին հասնելու ձգտում»:
«Հայկ Նահապետ» կ’երազէ «աշխատած գումարներով վերականգնել խոնարհուած վանքը… Անվերջ փախուստ` վերադարձի յոյսով»: Մինչ խորապատկերի վրայ է Մոսկուայի հայոց խճողուած գերեզմանատունը …
Անպատասխան հարցերը անտառի եզրին կայծկլտացող մոխիրի նման կը մխան, նոյնիսկ երբ «հերոսը հեռանալուց առաջ ձիւն է լցնում վրան…»:
Խաչատրեան կ’ըսէ, թէ «Անվերջ փախուստ»-ին վրայ աշխատած է 25 տարի: Ժապաւէնը ցարդ մասնակցած է շուրջ 10 միջազգային փառատօներու:
Անձնապէս համոզուած եմ, որ Հայաստանի արիւնաքամութիւնը ունի յստակ պատճառներ: Պատմական գաւառներու պանդխտութիւնը նոյնպէս ունէր շատ յստակ պատճառներ: Յոյսով եմ, որ բեմադրիչը չի փորձեր ուշադրութիւնը շեղել դէպի հոգեբանական լաբիւրինթոս:
Հարիւրամեակի ծիրին մէջ ինչպէ՞ս հասկնալ այս ժապաւէնին կրկնուող ցուցադրութեան քաղաքական իմաստը: Գուցէ տարագրուած հայութիւնը «հոգեբանական» պատճառներով այնպէս ալ պիտի լքէ՞ր իր հայրենի տունը: Գուցէ բեմադրիչը ծինաբանութեամբ կը հիմնաւորէ՞ «թափառական հայու» կերպարը: Ահա եւ ի՛մ «մխացող» հարցը:
«Արարատ».– 2002, Ատոմ Էկոյեան, 116 վայրկեան, պիւտճէ` 10 միլիոն տոլար:
Դասուած է …, որովհետեւ կը պարունակէ «անպատշաճ» տեսարաններ եւ լեզու:
Դիպաշարը կը յիշեցնէ Լեւոն Շանթի « … որ շիներ է վարպետ Անտոնը» մանկական «օղակային» շուտասելուկը:
Վերապրած որբ մը (Ոստանիկ Ադոյեան) կը դառնայ գեղանկարիչ: Ինքզինքին կու տայ նոր ինքնութիւն` Արշիլ Կորքի (Սիմոն Աբգարեան): Արշիլ որդան կարմիրի բուսական տարբերակն է, իսկ «Կորքի» ռուսերէնով կը նշանակէ դառն, դառնացած: Արշիլ նոյնիսկ թելադրած է, թէ ինք Մաքսիմ Կորքիի (1868-1936) զարմիկն է(4): Արշիլ կ’ուզէ «վերակենդանացնել» իր մայրը` հիմնուած անոր միակ լուսանկարին վրայ: Քանատացի արուեստաբան Անի (Արսինէ Խանճեան) մենագրութիւն մը գրած է Արշիլ Կորքիի մասին: Անի իր առաջին ամուսինէն ունի Սելիան, իսկ երկրորդ ամուսինէն` Րաֆֆին (David Alpay): Րաֆֆի եւ Սելիան իրարու հետ կը պառկին (5): Առաջին ամուսինը անձնասպանութիւն գործած է: Երկրորդը սպաննուած` թուրք դեսպանի մը դէմ կատարուած մահափորձի ընթացքին: Էդուարդ Սարոյեան (Շարլ Ազնաւուր) ժապաւէն մը կը պատրաստէ Վանի ըմբոստութեան շուրջ: Ժապաւէնին մէջ պատանի Ոստանիկին կը տրուի նամակատարի յանձնարարութիւն: Անի կը զինուորագրուի որպէս Արշիլ Կորքիի մասնագէտ: Անիին աշխատավայր պատկերասրահի պահակներէն մին կը թողու իր կինն ու զաւակը եւ կը միանայ իր «պոյֆրենտ» թուրք Ալիին (Էլիաս Քոթես, կիսով թուրք): Սարոյեանի ժապաւէնին մէջ Ալի կը խաղայ վայրագ Ճէւտէթ պէյի դերը: Րաֆֆին կը մեկնի Անի` յարիր վաւերագրական նիւթեր նկարելու համար: Վերադարձին Րաֆֆիին թուրք առաջնորդը անոր կու տայ ֆիլմերիզի տուփեր, որոնք, սակայն, փոխան ժապաւէնի, հերոյին կը պարունակեն: Մաքսատան պաշտօնեան, որ պատկերասրահի պահակին հայրն է, եւ որ Ճեւտեթի սիրահարն է, որ դեր վերցուցած է Սարոյեանի ժապաւէնին մէջ, (որ շիներ է վարպետ Աթոմը) «գիտէ, թէ Սարոյեանի ժապաւէնը արդէն իսկ աւարտած է: Կը գուշակէ, որ տուփերը ժապաւէն չեն պարունակեր: Բայց փոխանակ զանոնք պարզապէս մութ սենեակի մէջ բանալու, կ’ուզէ այդ փաստել` ի գործ դնելով միայն իր հետախուզական հմտութիւնը: Այդ հարցաքննութիւնը իր «աւարտական» աշխատանքը պիտի ըլլար: Յաջորդ օր Տէյվիտ հանգստեան պիտի կոչուէր:
Էկոյեանի բնագիրը բարդ է: Բարդ է եւ մանաւանդ` «արհեստական»: Բայց միթէ աւելի յարիր պիտի ըլլա՞ր ցեղասպանութեան ընկալման եւ կամ ուրացումի հարցը տալ պարզունակ բնագիրով մը: Ներհիւսուած (խճճուած) ասքերը էական են կառոյցին: Էկոյեանի դիպաշարը մասնատուած է, առ երեւոյթ` անկապ: Բայց միթէ գո՞յ է պարզ իրականութիւն: Որպէս հաւատացեալ յետարդիական` Էկոյեանի պատասխանը «ո՛չ» է(6): Կարելի չէ, որ արուեստի գործ մը ունենայ յստակ աւարտ: Ամբողջ ութ տարի աշխատանքէ ետք Արշիլ Կորքիի պաստառը մնացած էր անաւարտ: Այդտեղ թերեւս կան տակաւին անլոյծ հարցեր: Թէեւ այս մասին կան այլ կարծիքներ (7): Էկոյեանի արուեստի երկբայական նկարագիրը բռնօրէն քննադատուած է յանձնառու արուեստաբաններու կողմէ:
Անհաւանական այս օղակները կը շեշտեն ժապաւէնին «շինծու» ըլլալու հանգամանքը: Ժապաւէնի գրեթէ բոլոր հերոսները «կը հնարեն»: Անին` կենսագրութիւն, Ռուբէնը` բնագիր, Սարոյեանը` ժապաւէն, իսկ Րաֆֆին … հայոց պատմութիւն: Էկոյեան կը հաւատայ, որ պատմութիւնը «ականջ տուող»-ի պէտք ունի: Տէյվիտ այդ ականջ տուողն է: Նկատել, որ Տէյվիտ ազգանուն չունի: Կը ներկայացնէ ընդհանրապէս օտարը, քանատացին, որ ոչինչ գիտէ հայերու մասին, բայց տրամադիր է լսել: Այս իմաստով անոր դերը աւելի քան կեդրոնական է: Իսկ «պատմող»-ը Րաֆֆին է: Անունի ընտրութիւնը ակնյայտօրէն խորհրդանշական է: Կորուսեալ հայրենիքի ասքը յանձնուած է Րաֆֆիին: Կողքի նկարին մէջ կը տեսնենք Րաֆֆիի յուշերը (վիտէոն), հերոյինի տուփերը եւ (կարող դերասան) Քրիստոֆըր Փլամըր, որ կը փորձէ հասկնալ եւ արժեւորել Րաֆֆիի ասքը: Հանդիսատեսը կը հետեւի Տէյվիտի «հոգեփոխութեան»: Ա՛յս է ժապաւէնի դրական երեսը եւ միտք բանին: Տէյվիտ կը հաւատայ, որ Րաֆֆի անկեղծ է: Մաքսատան պաշտօնեան ազատ կ’արձակէ Րաֆֆին, հակառակ անոր որ տուփերը իսկապէս հերոյին կը պարունակեն: Ուշադրութիւ՛ն, Էկոյեան այս ձեւով կը միտի նսեմացնել վաւերագրութեան կարեւորութիւնը: Տէյվիտ «բարոյական» ճշմարտութիւնը կը գերադասէ առարկայական ճշմարտութեան: Ձեւով մը կ’արձանագրուի «բարոյական յաղթանակ»:
Այսուհանդերձ, հայու ցաւը պատմող Րաֆֆիի անգիտակցաբար կրած հերոյինի խորհրդանշական իմաստը կը մնայ յոյժ մեկնաբանելի:
Էկոյեան հայերէն կարդալ չէ սորված: Հասկցած է սակայն, որ Րաֆֆիի գործերը ունին որոշ պատմական հիմք, բայց վերջին հաշուով վէպեր են: Րաֆֆի տեսլապաշտ մըն էր: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Կորքիի պաստառը հիմնուած է լուսանկարի մը վրայ, բայց «կ’ըսէ » շատ աւելին: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սարոյեանի ժապաւէնը հիմնուած է բժիշկ Clarence Ussher-ի յուշերուն վրայ, բայց բեմագիրը` Ռուբէն (նկատել, որ հայ է եւ ազգանուն չունի) ինքզինքին տուած էր «բանաստեղծական արտօնագիր»: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սիամանթոյի հարսերու «Պարը», որ տեղ գտած է Սարոյեանի ժապաւէնին մէջ, հիմնուած է միսիոնարի մը վկայութեան վրայ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս սպաննուած գաղտնի բանակայինի որդի Րաֆֆիի ասքը հիմնուած է «ժառանգուած» յիշողութեան վրայ: Վկայութիւններու իրաւական արժեւորումը ուսումնասիրութեան առանձին նիւթ է: Էկոյեան քաջ տեղեակ է այդ գրականութեան:
Սարոյեանի «Արարատ»-ը.- «Արարատ»-ը Ցեղասպանութեան մասին չէ: Էկոյեանի ժապաւէնը Ցեղասպանութեան մասին անարուեստ ժապաւէն մը «շինելու» մասին է: Էկոյեան այս բազմիցս յայտարարած է տեսակցութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ` գրաւոր: Ի գիտութիւն անգիտաց` Էկոյեան կը սիրէ նաեւ գրել:
Սարոյեան կը ներկայացնէ «բարեպաշտ» հայ արուեստագէտը: Իբրեւ աղաղակող տարբերութիւն յետարդիական Էկոյեանի` Սարոյեան անվերապահօրէն կը հաւատայ իր նկարած պատկերին, իր իսկ «շինած առարկային»: Բժիշկ Usher-ի դերակատարը անկարող է իր խաղացած դերը զանազանել իրականութենէն: Երբ նկարահանման ընթացքին Անի դիտել կու տայ, որ (խորապատկերի վրայ երեւցող) Արարատ լեռը կարելի չէ տեսնել Վանէն, Մարթին (դերասանը) կը պոռթկայ: Կը մէջբերեմ ամբողջութեամբ, մեղմացուած բառերը կը նշեմ (****)-ով .-
«Այս ի՞նչ է, խէրն անիծած, Մենք շրջապատուած ենք թուրքերով: Պաշարները գրեթէ սպառա՛ծ են: Մեր մեծ մասը պիտի սպաննուի: Այս բազմութիւնը հրաշքի կարիք ունի: Այս մանուկը արիւնաքամ կ’ըլլայ: Եթէ կարենամ փրկել անոր կեանքը, կրնամ յարատեւելու յոյս ներշնչել: Անոր յղի քոյրը իր աչքին առաջ բռնաբարեցին, ապա պատռեցին փորը եւ դաշունահարեցին սաղմը: Հօր ****-երը պոկեցին եւ խցկեցին բերանը: Մօր կուրծքերը պատռեցին եւ թողին, որ մեռնի: Դուն ի՞նչ **** ես, որ Եկեր մեզ կը զբաղեցնես քու անձնական հարցերով»-դ:
Բժիշկը, սակայն, յիմար կամ ժխտական կերպար մը չէ: Դերասանը քաջ տեղեակ է շրջանի պատմութեան: Կարդացած է անհամար գրքեր: Այո՛ արհեստավարժ լուրջ դերասանի մը համար կարեւոր է ուսումնասիրել կերպարը եւ պատմութիւնը: Բայց Մարթին գացած է շատ աւելի հեռու: Ան իսկապէս կը բաժնէ հայու ցաւը: Ան «կ’ապրի» ժապաւէնը: Այո՛, «Արարատ» բարդ գործ մըն է:
Մարթինի խօսքերը կը պատկերեն «ժապաւէնի մէջ ժապաւէն»-ի նկարագիրը: Սարոյեանի «Արարատ»-ը ներկայացուած է որպէս ծաղրանկար: Այդտեղ կը տեսնենք, օրինակ, որ միասեռական Ալի խանդավառ կը բռնաբարէ հայ մայր մը, որ գաղտնօրէն բռնած է սայլի տակ պահուըտած իր սարսափահար աղջնակին ձեռքը, մինչ չորս դին կ’ընթանայ սահմռկեցուցիչ նախճիր: Բեմադրիչ Սարոյեան, սակայն, դժգոհ է: Տեսարանը «էն չի»: Կը հրահանգէ կրկնել պատկերը, այս անգամ` աւելի ակներեւ «զգացումով»:
Սարոյեան կը նկարէ լայն պաստառի տեսարաններ, որոնց կ’ընկերակցի ծաւալին պատշաճ ֆիլհարմոնիք
երաժշտութիւն: Կը գործածէ լոյսի այնպիսի ֆիլթրեր (քամոց), որոնք տեսարանին կու տան հնամաշ օրաթերթի մը նկարներու, եւ կամ գունատ վաւերագրական երիզի մը երեւոյթը: Վանի փողոցները կը նմանին Հոլիվուտի սթիւտիոներուն: Բեմադրիչ Սարոյեան հազիւ միջակութիւն մըն է: Աւելի՛ն. Սարոյեան մղձաւա՛նջ մըն է: Ա՛յն է, ինչ Էկոյեան երբեք պիտի չուզէր ըլլալ:
Սարոյեան նաեւ տգէտ է: Ան կը գործածէ հայկական շապլոն նուռը: Արեւմուտքի մէջ, սակայն, նուռը դժոխքի աստուածութեան Հատեսի կնոջ` Փըրսըֆոնի խորհրդանիշն է, մահուան խորհրդանիշը: Ակնյայտ է, որ Սարոյեան օտարներու հետ կը խօսի «հայերէն»: Տուն-տուն կը խաղայ:
Էկոյեան իր առաջին իսկ գործին` «Օփըն արմզ»-ի մէջ (1984) ձաղկած է «Սարոյանական» մօտեցումը հայկական բներգերուն: (8) Անոնք, որոնք Սարոյեանի ֆիլմը քարոզչական իմաստով օգտակար կը նկատեն, պարտին աւելի ուշադիր հետեւիլ: Արեւմտեան հանդիսատեսին համար նման ժապաւէն պարզապէս «անդիտելի» է: Հարիւրամեակի առիթով պատրաստուած եւ աշխուժօրէն պատրաստուող ժապաւէններու լուրջ տոկոսը, ցաւօք, «սարոյեանական» է:
Սարոյեան առաւել եւս մերժող է: Դեռեւս, Ճեւտեթ պէյի տարազը հագին թուրք դերասանը կը մօտենայ անոր.
Ալի.- Երբեք չհարցուցիք, թէ ի՛նչ կը մտածեմ պատմութեան մասին:
Սարոյեան.- Մտածելու ի՞նչ կայ:
Ալի.- Թէ ես կը հաւատա՞մ, որ պատահածը ցեղասպանութիւն է:
Սարոյեան.- Չեմ կարծեր, թէ այդ կարեւոր է (I don’t think that matters):
Սարոյեան ապա Րաֆֆիի միջոցով շամփանիայի շիշ մը կ’ուղարկէ Ալիին: (Իմա՞ստը): Ալի կ’առաջարկէ մոռնալ անցեալը եւ շիշին մէջինը խմել միասին: Րաֆֆի կը մերժէ: Սարոյեան եւ Րաֆֆի հէգ Ալիի մէջ կը տեսնեն Ճեւտեթը:
Էկոյեան, ինք, մերժող մը չէ: Կ’ընդունի, որ Սարոյեան իրաւունք ունի արտայայտելու իր ցաւը: Որպէս տանջահար վերապրած հայ` Սարոյեան ոչ միայն իրաւունք, այլեւ պահանջ ունի պատմելու: Պատմելու, որպէսզի ապրի: Այնպէս` ինչպէս «Հազար ու մի գիշերներ»-ու Շէհէրազատը պէտք է պատմէր, որպէսզի ապրէր: Դարաւոր իմաստութիւն:
Իսկ թէ ինչո՛ւ պարզամիտ, տգէտ միջակութիւնը կոչուած է «Սարոյեան», յոյժ մեկնաբանելի է: Նկատել, որ առաջին անունը եւ օտար է. William Saroyan – Edward Saroyan. William եւ Edward անգլիական անուններ են:
Էկոյեանի «Արարատ»-ի արհեստագիտական կողմին շուրջ կարելի է խօսիլ: Բայց այդ հասկնալի կրնայ ըլլալ, երբ ժապաւէնը ցուցադրուի քատր առ քատր քննարկուի:
«Արարատ»-ը ոչ թէ Ցեղասպանութեան մասին է, այլ մերժումի (denial): Մենք կը տեսնենք, թէ միայն «թուրք»-ը չէ, որ կը մերժէ: Անի կը մերժէ ընդունիլ, որ ամուսինը մղած է անձնասպանութեան, Տէյվիտ կը մերժէ իր զաւկին միասեռականութիւնը, Սարոյեան կը մերժէ խօսիլ Ալիի հետ …
«Արարատ»-ը ոչ թէ Ցեղասպանութեան մասին է, այլ` Ցեղասպանութեան ընկալման: Կողքի նկարին մէջ մենք կը դիտենք Սարոյեանը, որ խրոխտ եւ յուզուած կը դիտէ իր ձեռակերտը: Usher-Մարթին, բռունցքը շուրթին, հազիւ կը զսպէ իր արցունքները: Մինչ բեմագիրը ժպտուն եւ ինքնագոհ կը դիտէ իր բաւարարուած «յաճախորդ»-ը: Ռուբէն յուզուած չէ, գիտէ, որ ցուցադրուող այդ պատմութիւնը ի՛նք յօրինած է:
Քաղաքական.– Երկու «Արարատ»-ներուն ուղղուած է առ նուազն մէկ շատ լուրջ քաղաքական առարկութիւն. Վանի ընտրութիւնը որպէս թատր: Վանի հերոսամարտը առնչուած էր կամաւորական շարժումին: Երիտթուրքեր կը պատճառաբանեն, որ տեղահանութիւնը, հետեւաբար, «պարտադիր» միջոցառում էր: Պատանի Ոստանիկին յանձնուած նամակը կը հաստատէ վանեցիներուն կապերը արտաքին ուժերու հետ: Օտար հանդիսատեսը պիտի ենթադրէ, որ բռնարարքներ կատարուած են, երբ օսմանեան բանակը կը կատարէր իր սահմանադրական պարտքը, կը պահպանէր երկրի ամբողջականութիւնը, կը պայքարէր արտաքին ուժերու դէմ: Պատերազմը առիթ տուած էր, որ Ճեւտեթ պէյի նման վայրագ տիպարներ խժդուժութիւններ գործեն: Դէհ, ի՞նչ արած, պատերազմը զբօսանք չէ:
Հերոսամարտերը, սակայն, բացառութիւններ էին: Համատարած սպանդը եւ տարագրութիւնը գործադրուած էին առանց դիմադրութեան: Սպանդը եւ հայաթափումը սկսած էին գործադրուիլ տասնամեակներ առաջ:
Կը կրկնեմ, ինչո՞ւ Վա՛նը ընտրուած է որպէս «Արարատ» ժապաւէնի թատր:
Այն, որ մաքսատան պաշտօնեան Րաֆֆին կ’արդարացնէ ի հեճուկս առարկայական փաստերու, կը նշանակէ, թէ վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստելու համար ծախսուած ճիգերը եւ գումարները ի զուր կը վատնուին: Այս կէտը կը յանձնեմ ծրագիրը համակարգող պետական յանձնաժողովի ուշադրութեան:
Յետարդի արուեստի քաղաքական կեցուածքը ուսումնասիրութեան առանձին նիւթ է: Էկոյեանի ժապաւէնները կը միտին հաշտուիլ անցեալի հետ, ծածուկ դարանները ազատել «կմախքներէ», յաղագս հոգւոյ հանգստութեան (9): Յետարդի մտաւորականը չի դատեր, չի դատապարտեր: Պարզ է, որ այս հոգեբնապաշտ, սկեպտիկ (թերահաւատ) մօտեցումը անհամատեղելի է պահանջատիրութեան հետ:
«Արարատ»-ը ընտրուած է թերեւս այն պատճառով, որ անոր մէջ տեղ գտած դասախօսավարի ելոյթները կրնան ուսանելի ըլլալ օտար հանդիսատեսին համար: Այսպէս մտածողները կ’անտեսեն այն կէտը, որ Էկոյեանի տիպարներու ելոյթները պատմութեան դասեր չեն: Անոնք անհատական ասքեր են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը «կու լայ ի՛ր Կարապետը»: Այս իմաստով կը խօսին ոչ թէ հայոց պատմութեան, այլ տուեալ անհատի հոգեբանութեան մասին: Էկոյեան կը կազմէ ոչ թէ կուռ պատմական համայնապատկեր, այլ` խայտաբղէտ «խճանկար»: Յետարդիականութիւնը, ըստ էութեան, «հոգեբանական» մօտեցում է: Յետարդի Էկոյեան չ՛ընդունիր նոյնիսկ թէ գոյ է միանշանակ հայոց պատմութիւն: Պարզ է, որ հոգեբնապաշտ, թերահաւատ այս մօտեցումը անհամատեղելի է քաղաքական յանձնառութեան հետ:
Մնացեալ աւելի քան երկու տասնեակ ժապաւէնները պարտ եմ զանց առնել տեղի սահմանափակութեան պատճառով:
Անհաւատալի չէ՞, որ հարիւրամեակի յարիր շարժապատկերներու ցուցադրութիւններ տեղի կունենան ամէնուրեք, ի բաց առեալ «սփիւռքի սիրտ» Պէյրութի մէջ: Պէտք է յուսալ:
6 յուլիս 2015
- Ծերունիի տանջալի հարցաքննութիւնը տեւած է մօտ 6 ժամ: Յստակ չէ թէ ի՞նչ նոր փաստ յայտնաբերուած է: Նման «հարցաքննութիւններու» ցաւօք կը հանդիպինք 100-ամեակի «վկայակոչական» այլ ֆիլմերու մէջ եւս:
- Անգլիացի երգահան-երգիչ որ ունի գլխարկներու եւ շողշողուն հանդերձներու պատկառելի հաւաքածոյ:
- Զուգադիպութիւն.- ժողովրդական բարբառի մէջ SOD Սատանու անուններէն մին է:
- Տես «Հեղուկ Ինքնութիւնը Էկոյեանի Հարազատին մէջ», «Ազդակ», 11 մարտ 2014:
- Քայքայուած (dysfunctional) ընտանիքը եւ տոհմապղծութիւնը մնայուն բներգներ են Էկոյեանի ֆիլմերուն մէջ:
- Տես Donna-Lee Frieze, Cycles of Genocide, Stories of Denial: Atom Egoyan՛s Ararat , Genocide Studies and Prevention: An International Journal 2008 Issue 2:
- Նկարիչ, արուեստաբան (եւ դասընկեր) Ալեքսան Պէրէճիքլեան իր «Արշիլ Կորքիի Մայրապատումը» յօդուածին մէջ կ’ըսէ թէ «Կորքի նոյն լուծումը կիրառած է նաեւ նոյն տարիներուն իրագործուած այլ դիմանկարներու մէջ, ինչպէս «Ինքնանկարը», …»: Ուրեմն չպէտք է այդտեղ խորհուրդներ խցկել: Տես հեղինակի «Արուեստի Ուղիներով» յօդուածներու հաւաքածոն, Անթիլիաս 2011, էջ 545:
- Jonathan Romney, Atom Egoyan, World directors, bfi Publishing, London 2003, էջ 8:
- “Skeletons in the closet” մօտաւորապէս կը նշանակէ անցեալի ստուերներ, ուրուներ: