Զաւէն Գ. Ղարիպեան կը գրէ.
Այնճար հայաւանին հիմը դրուած է 1940-ական թուականներու սկիզբը` Մուսա լեռէն գաղթող հայերուն կողմէ, ֆրանսական մանտադի կառավարութեան կողմէ տրամադրուած խոպան հողին վրայ` սուրիական սահմանին մօտ: Հիմնադրութեան տարիներուն զինուորական շարքով, լուցկիի տուփերու նման տնակները սկսան կամաց-կամաց կորսուիլ կանաչազարդ պարտէզներու մէջ, իսկ մշակելի հողերը սկսան արտադրել արմտիք եւ պտուղներ: Սա տեւեց մինչեւ 1975 թուական, երբ ծայր առաւ Լիբանանի 15-ամեայ քաղաքացիական պատերազմը: Այդ շրջանին Այնճարի զարգացման գործընթացը դանդաղեցաւ: 1990 թուականէն ետք, երբ քաղաքացիական պատերազմը վերջացաւ, հայաւանը նոր շունչ մը առաւ եւ շինարարութիւնը նոր թափ ստացաւ: Իսկ սուրիական բանակին Լիբանանէն հեռանալէն ետք Այնճարի բարգաւաճման ընթացքը առաւել եւս աշխուժացաւ:
Վերջին քսան տարիներու ընթացքին յատկանշական զարգացումներու շարքին կարելի է թուել հետեւեալները.
ա.- Այնճարի մուտքէն մինչեւ Ս. Պօղոս եկեղեցի երկարող կանաչազարդ եւ լուսաւոր պողոտան:
բ.- Մուսա լերան 1915-ի քառասուն օրերու պայքարին նուիրուած յուշակոթողի կանգնումը Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ կից:
գ.- Աքուա Սեւան շալեներու համալիրը` իր լողաւազանով:
դ.- Ակին մօտ պանդոկի մը կառուցումը:
ե.- Դէպի պարտէզները երկարող ճամբաներու կուպրապատումը:
զ.- Զանազան թաղերու մէջ նորակառոյց մենատուները` ներքին եւ արտաքին ներդրումներով:
Հակառակ այս բոլոր բարեփոխութիւններուն, դժբախտաբար, Այնճարի բնակչութեան թիւը փոխանակ յաւելում արձանագրելու, սկսաւ նուազիլ` երիտասարդութեան համար աշխատանքի կարելիութեանց սահմանափակ ըլլալուն պատճառով:
Հետաքրքրականը այն է, որ այս շրջանին Այնճար հայաւանը սկսաւ աւելի արագօրէն բացուիլ արտաքին աշխարհին: Բացատրելու համար այս երեւոյթը, հանդիպումներ ունեցայ Այնճարի մէջ հինգ գործարարներու հետ, որոնց հետ կատարած տեսակցութիւններս յաջորդաբար կը ներկայացնեմ ընթերցողին: