Ընկերային պահանջներու վրայ հիմնուած ժողովրդային շարժումին սկսած բողոքի ալիքէն 42 օր ետք Լիբանանի տարածքին տեղի ունեցող ցոյցերը փոխեցին իրենց բնոյթը եւ սկսան ստանալ անցեալ կիրակի գիշերուան առթած վախազդու պատկերներէն աւելի լուրջ վիճակ մը, որուն ընթացքին սկսան կրկնուիլ քաղաքացիական պատերազմի տեսարանները` վերջիններուս ականատես դարձած գրեթէ նոյն շրջաններուն մէջ:
Այս ծիրին մէջ երէկ գիշեր Այն Ռըմմանէի եւ Շիահի բնակիչներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, երբ մէկ կողմէ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններու հետեւորդներ, իսկ միւս կողմէ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի հետեւորդներ իրարու միջեւ բախումներ ունեցան` ահազանգի մատնելով լիբանանցիները:
Լիբանանեան բանակը մեծ թիւերով եւ զրահապատներով հասաւ շրջան եւ փակեց երկու շրջանները իրարու կապող բոլոր մուտքերը:
Գիշերուան ժամը 9:30-ին սկսած բախումները աւարտեցան կէս գիշերին, երբ բոլոր երիտասարդները ուղղուեցան իրենց բնակարանները:
Բանակը սակայն մնաց փողոցներուն մէջ` հսկելով շրջանին ապահովութեան:
Նշենք, որ բախումներուն պատճառը այս կամ այն քաղաքական ուժը ներկայացնող ղեկավարին դէմ արձանագրուած վարկաբեկիչ խօսքերն են:
Թրիփոլիի մէջ ժողովրդային շարժումի ցուցարարներ դարձեալ ողողեցին Նուր հրապարակը եւ շարունակեցին ներկայացնել իրենց պահանջները` հաստատելով, որ անոնք որոշած են լումայափոխներու հաստատութիւններուն մօտ վրաններ լարել:
Աւելի ուշ Թրիփոլիի Պապ էլ Ռամըլ շրջանին մէջ սկսաւ մոթորսիքլեթներով արշաւ մը, որուն ընթացքին ցուցարարները լիբանանեան դրօշներ բարձրացուցին եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Պաալպեքի, Սուրի եւ Պաապտայի մէջ կատարուող ցոյցերուն:
Ցոյցեր կատարուեցան նաեւ Թալլի եւ Ռիատ Սոլհ փողոցին մէջ:
Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը վատթարացաւ, երբ ցուցարարները փորձեցին Ժմմէյզեթի մէջ գտնուող Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ակումբը ներխուժել:
Այդ պահուն էր, որ ցուցարարներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ արձանագրուեցան բախումներ` նկատի ունենալով, որ բանակը արգիլեց ցուցարարներուն ներխուժումը:
Արգիլելէ ետք այդ քայլը, բանակը երեք ցուցարարներ ձերբակալեց եւ այդ պատճառով քարկոծուեցաւ քաղաքայիններուն կողմէ:
Ի տես բանակին դէմ գործուած յարձակումին, բանակայինները օդը կրակեցին` ցրուելու համար ցուցարարները, բայց եւ այնպէս բախումները շարունակուեցան, որովհետեւ ցուցարարները յարձակեցան բանակին վրայ:
Կէս գիշերին Նուր հրապարակին վրայ բախումները շարունակուեցան: Բանակը ստիպուած եղաւ գործածելու արցունքաբեր կազերն ու ձգախէժէ փամփուշտները` ցրուելու համար ցուցարարները:
Թրիփոլիի իրադարձութիւններուն մասին բանակը կէս գիշերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ժմմէյզեթի մէջ բանակին կողմէ կատարուած ձերբակալութիւններուն պատճառով ցուցարարները քարկոծած են բանակը, ինչպէս նաեւ ձեռնառումբ մը նետած անոր ուղղութեամբ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ձեռնառումբը չէր պայթած, սակայն բանակայիններ վիրաւորուած էին: «Այս մասին բանակը բացաւ հետաքննութիւն մը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Առաւօտեան ժամը 1:00-ին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ոչ մէկը զոհուած է, այլ` արձանագրուած են 36 վիրաւորներ` բախումներուն, արցունքաբեր կազերուն եւ ձգախէժէ փամփուշտներուն պատճառով:
Պիքֆայայի մէջ եւս արձանագրուեցան բախումներ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետեւորդներուն միջեւ:
Բախումները արձանագրուեցան երէկ գիշեր, երբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդներ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ի նպաստ զօրակցութեան ինքնաշարժով երթ մը կատարեցին դէպի Պիքֆայա եւ փորձեցին անցնիլ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի բնակարանին առջեւէն:
Այդ պահուն Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետեւորդները փակեցին Պիքֆայայի մուտքին գտնուող Փիեռ Ժեմայէլի արձանին մօտ գտնուող ճամբաները եւ արգիլեցին ինքնաշարժներուն մուտքը գիւղաքաղաք, եւ անոնցմէ պահանջեցին Տահըր Սուուան-Պաապտեթի ճամբով վերադառնալ:
Ազգային ազատ հոսանքի հետեւորդներու ինքնաշարժներուն շրջափակումին պատճառով երկու կողմերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնք պատճառեցին վիրաւորներ:
Լիբանանեան բանակը երկար փորձերէ ետք կրցաւ ճամբան վերաբանալ: Կէս գիշերուան ժամը 12:30-ին գիւղին մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատուեցաւ:
Նշենք, որ յետմիջօրէին արդէն յստակ էր, որ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ ցոյցերու բնոյթը զուգահեռ ընթացք ունէր:
Այսպէս, Պաալպեքի Մըթրան հրապարակին վրայ երեկոյեան ժամը 5:00-ին սկսած ցոյց մը` ժողովրդային շարժումին կողմէ, վերածուեցաւ երկու փողոցներու ցոյցի, երբ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի տղաք անոնց զուգահեռ կատարեցին իրենց կուսակցութիւններուն զօրակցական ցոյց մը:
Ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ, որոնք հակակշիռի տակ առնուեցան բանակին կողմէ:
Նոյն պատկերը պարզուեցաւ նախագահական պալատի ճամբուն վրայ, ուր բախումներ արձանագրուեցան` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի զօրակիցներուն եւ ժողովրդային շարժումի ցուցարարներուն միջեւ:
Նախագահական պալատի ճամբուն վրայ լիբանանեան բանակը ապահովական միջոցառումները խստացուց` բաժնելով նախագահ Աունին զօրակցող եւ անկէ վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններու ձեռնարկում պահանջող ցուցարարներուն միջեւ:
Միւս կողմէ, ժողովրդային շարժումը Սուրի Ալամ հրապարակին վրայ շարունակեց իր ցոյցը` դատապարտելով նախանցեալ գիշեր ցուցարարներուն պատկանող Սուրի վրանները հրկիզելու արարքը:
Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սայտայէն եկած մեծաթիւ բնակիչներ, որոնք ցուցարարներուն նուիրեցին նոր վրաններ:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին ժողովրդային շարժումի ցուցարարները յայտարարեցին, որ Կեդրոնական դրամատան դիմաց պիտի սկսին 24 ժամուան ցոյց մը` բողոքելով դրամատուները պաշտպանելու անոր քաղաքականութեան եւ լիբանանեան դրամանիշին կայունութիւնը չպահպանելու անոր կեցուածքին դէմ:
Ցուցարարները պահանջեցին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հրաժարականը:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն ընդվզում պատճառող ամէն տեսակի երեւոյթ: Ան շեշտեց, որ երէկ գիշերուան միջադէպերը ցաւալի են` հաստատելով, որ պէտք է ամէն իմաստով վստահիլ լիբանանեան բանակին:
Եարզէի Մէջ Ապահովական Նիստ
Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ Եարզէի մէջ գումարեցին ապահովական նիստ մը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատուեցաւ, որ իրենք կը յարգեն ցոյց կատարելու ազատութիւնը` հրապարակներուն վրայ եւ ճամբեզրին:
Այս առումով քննարկուեցան ցուցարարներուն անվտանգութիւնը ապահովելու միջոցները:
Ապահովական կառոյցներու պետերը զգուշացուցին հանրային կալուածներուն վնասներ պատճառելու արարքներէն, ինչպէս նաեւ անընդունելի նկատեցին ճամբաներու փակումը, որ կը խանգարէ քաղաքացիներուն երթեւեկի ազատութիւնը:
Բանակի հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղած էր ազգային պատասխանատուութեամբ մօտենալու այս զարգացումներուն եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը, ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը չխախտելու, այլ` բանակին եւ ապահովութեան մնացեալ կառոյցներուն նեցուկ կանգնելու, որովհետեւ անոնք են երկրին ապահովական կայունութեան երաշխիքները:
Հիւսէյն Շալհուպի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին
Միւս կողմէ, Թայրֆըլսայի մէջ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Ժիէի մայրուղիին վրայ բռնկած ինքնաշարժին պատճառով զոհուած Հիւսէյն Շալհուպի:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ հաստատեց, որ Լիբանան զգայուն եւ ճակատագրական փուլէ մը կ՛անցնի` աւելցնելով, որ լիբանանցիները պէտք է առաւելագոյն գիտակցութեամբ մօտենան այս ժամանակաշրջանին:
«Մտահոգ ենք, որ երկիրը սայթաքի դէպի ծայրայեղութիւն, եթէ պատասխանատուներուն մօտ գիտակցութիւնը չյաղթանակէ», ըսաւ ան:
Շէյխ Խաթիպ Շալհուպը նկատեց Լիբանանի բարօրութեան ճամբուն վրայ ինկած նահատակ մը: