Արցախի տեղեկատուական շտապը հաղորդեց, թէ այսուհետեւ միայն Բերձոր- Ստեփանակերտ ճանապարհով կարելի պիտի ըլլայ Արցախի հանրապետութիւն մուտքն ու ելքը:
« Ի կատարումն 9 նոյեմբերին ընդունուած եռակողմ յայտարարութեան՝ Շահումեանի շրջանը անցած է Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, ուստի Սոտք- Մարտակերտ ճանապարհը արդէն փակ է». դիտել կու տայ հաղորդագրութիւնը:
Փաստօրէն Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին ջանքերով աւելի քան 25 միլիոն տոլար արժող Վարդենիս –Մարտակերտ ճանապարհը պատրաստի նուէր տրուած է Ազրպէյճանին…