1346՝ Նեւիլս – Գրոսի մէջ, անգլիացիներու եւ սկովտիացիներու միջեւ տեղի ունեցաւ հարիւրամեայ պատերազմի կարեւոր ճակատամարտներէն մէկը:
1902՝ Տիթրոյթի մէջ արտադրուեցաւ « Գատիլաք» մակնիշի առաջին ինքնաշարժը:
1957՝ մահացաւ հայ մեծանուն գրող, բանաստեղծ, արձակագիր հասարակական գործիչ Աւետիք Իսահակեանը:
1958՝ Մահացաւ հայ բառարանագիր Գէորգ Փարիսը:
1961՝ Փարիզի մէջ ֆրանսական ոստիկանութիւնը դաժանօրէն ճնշեց մօտ 30 հազար ալճերիացիներու ցոյցը:
1972՝ Ծնաւ ամերիկացի երգիչ Էմինէմը:
1974՝ Մահացաւ հայ բանաստեղծուհի, դրամատուրգ, մանկագիր եւ թարգմանիչ Վարսենիկ Աղասեանը (ծնեալ՝ 1898):
1990՝ բացուեցաւ «Ինթըրնէթ Մուվի Տաթապէյս» կայքը: