Կիրակի, 12 Յունուարին, տեղի պիտի ունենայ ֆիլմարուեստի «Կոլտըն Կլոպզ» մրցանակաբաշխութիւնը: Աշխարհի յիսուն երկիրներու ութսունչորս լրագրողներ պիտի ընտրեն տարբեր բնագաւառներու մէջ լաւագոյնները եւ յայտարարեն արդիւնքները: Նախքան մրցանակաբաշխութիւնը, յատուկ մրցանակ մը պիտի յանձնուի բեմադրիչ Վուտի Ալէնին, (նման պարգեւներ ստացած են նաեւ Ճուտի Ֆոսթըրը, Մարթին Սքորսեզին, Ռոպերթ Տէդե Նիրօն եւ Օտրի Հեպըրնը):
«Ամերիքըն Հասըլ» եւ « 12 Եյիրզ Սլէյվ» ժապաւէնները կը յաւկնին եօթ գլխաւոր մրցանակներու:
«Կոլտըն Կլոպ 2014» 71-րդ ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով պիտի վարեն Թինա Ֆէյը եւ Էմի Պոյէլըրը:
Ստորեւ, «Կոլտըն Կլոպ»-ի յաւակնորդներու ցուցակը.
Լաւագոյն տրամաթիկ ժապաւէն
«12 YEARS A SLAVE»
«RUSH»
«GRAVITY»
«CAPTAIN PHILLIPS»
«PHILOMENA»
Լաւագոյն կատակերգութիւն եւ երաժշտական ժապաւէն
«AMERICAN HUSTLE»
«INSIDE LLEWYN DAVIS»
«THE WOLF OF WALL STREET»
«NEBRASKA»
«HER»
Տրամաթիկ ժապաւէնի լաւագոյն դերասան
Իտրիս Էլպա – «MANDELA: LONG WALK TO FREEDOM»
Մեթիու ՄաքՔոնահի – «DALLAS BUYERS CLUB»
Ռոպերթ Ռետֆորտ – «ALL IS LOST»
Թոմ Հենքս – «CAPTAIN PHILLIPS»
Չիվետէլ Էջիոֆոր – «12 YEARS A SLAVE»
Տրամաթիք ժապաւէնի լաւագույն դերասանուհի
Ջուտի Տենչ – «PHILOMENA»
Քէյթ Պլանչէթ – «BLUE JASMINE»
Քէյթ Ուինսլէթ – «LABOR DAY»
Սանտլա Պուլոք – «GRAVITY»
Էմմա Թոմսըն – «SAVING MR. BANKS»
Լաւագոյն բեմադրիչ
Ալեքսանտր Փէյն – «NEBRASKA»
Ալֆոնսօ Քուարոն – «GRAVITY»
Տեւիտ օ.Ռասոըլ – «AMERICAN HUSTLE»
Փօլ Կրինկրաս – «CAPTAIN PHILLIPS»
Սթիվ ՄաքՔուին – «12 YEARS A SLAVE»