Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպճէեան, Երեքշաբթի Մայիս 24, 2022 ին՝այցելեց Քաթարի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ ընդունուեցաւ Ն.Վ. Դեսպան Պրն Արմէն Սարգիսեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ դեսպանատան հիւպատոս՝Պրն Լեւոն Պետրոսեան։ Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ բազմաթիւ նիւթերու շուրջ խորհրդակցութիւն եւ քննարկում՝ Հայաստան-Սփիւռք փոխ յարափերւթիւնները, Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակները, Սփիւռքահայ տաբրեր գաղութներու կացութիւնները, Աստուածաշունչի Ընկերութեան ծաւալած գործունէութիւնները, Հայ Աւետարանական եկեղեցիի առաքելութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ եւ այլ նիւթեր։ Այս առիթով, Դոկտ. Ճէպէճեան Պարոն Դեսպանին նուիրեց եւ մակագրեց իր հայերէն երկրորդ հատորը, «Սփիւռքահայ Կեանքեր ինչպէս որ տեսայ»։
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն