ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Սինեմայէն դուրս ելլող բազմութիւնը կը տնտնար թաց մայթին վրայ, նախքան որոշելը, թէ դէպի ու՛ր ուղղուիլ: Բարակ մաղուող անձրեւին կաթիլները իրենց կը թելադրէին յամենալ քիչ մը եւս :
Փիէր, իր ձեռքէն բռնած ճամբայ բացաւ այդ խճողումին մէջ եւ մտան մօտակայ սրճարանը, որ իրենց ժամադրավայրն էր:
Մէկ տարի առաջ իրարու ծանօթացած էին բարեկամի մը տունը եւ առաջին վայրկեանէն իսկ, համակրանքի զգացումը իր սերմը ցանած էր զոյգ սրտերուն մէջ:
Այնուհետեւ այդ համակրանքը աճած էր, ուռճացած եւ օր մըն ալ պարզած՝ սիրոյ դրօշը, բայց տակաւին բարձրաձայն չէր յայտարարուած՝ օրինաւոր դրոշմով կնքելու համար այդ երանաւէտ սէրը:
Թէեւ երկուքն ալ տարբեր նախասիրութիւններ ունէին, սակայն հասարակաց եզր մը կար մը կար իրենց հետաքրքութեան աշխարհին մէջ.սինեման:
Այդ օրերու շարժապատկերի աստղեր, Պրիժիթ Պարտօ, Սօֆիա Լորէն, Մարիլին Մոնրօ, Իվ Մօնթան եւ աղջիկներուն կուռքը Ալէն Տըլոն, կը տողանցէին պաստառներուն վրայ եւ իրենք սովորութիւն դարձուցած էին ամէն շաբաթ սինեմա երթալ:
Փիեր, Ալէն Տըլոնին չափ, կամ աւելի գեղեցիկ էրեւ վայելուչ, մանաւանդ երբ պէժ անձրեւանոցը «թրանշքօթը» հագուէր: Եւ ինք հպարտ՝ փքուած, անոր կողքէն կը քալէր,լռելեայն յայտարարելով աշխարհին . «Նայեցէ՛ք, ինչ գեղադէմ է սիրածս»:
Այդ օր գացած էին տեսնելու ամերիկեան ժապաւէն մը, որ մեծ աղմուկ հանած էր, The Sound of Musicը . Գլխաւոր դերասանը եւ դերասանուհին զինք շատ տպաւորած էին. շատ սիրած էր տղոց խաղարկութիւնը եւ երգերը, որոնցմէ շատերը արդէն անգիր սորված ՝ յաճախ կ’երգէր մանկապարտէզի տղոց: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի օրերուն տեղի ունեցած, իրական կեանքէ առնուած էր նիւթը: Երազային, իտէալներու եւ անմեղութեան անհետացած աշխարհ մըն էր, շաղախուած երաժշտութեամբ, լոյսերով, գոյներով, ապարանքներու շքեղութեամբ, բնութեան եզակի տեսարաններով, ուր արուեստը կը ցոլար իր բոլոր երանգներով:
Փիէր զինք առաջնորդեց խաղաղ անկիւն մը, մարդոցմէ հեռու: Տրամադրութիւնները բարձր էին: Կը խօսէին ֆիլմին մասին, կը գովէին, կը քննադատէին, կը խնդային:
Ընթրիքէն յետոյ, Փիերին դէմքը լրջացաւ , ապա մեղմ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ. սիկարէթ մը վառեց եւ մինչ ծուխը գուլայ- գուլայ կը բարձրանար, ինք հմայուած՝ Փիէրը կը դիտէր:
Իր ամենասիրած պատկերն էր ասիկա . անոր սիկարէթ վառելը, զայն բռնելը իր երկու մատներուն միջեւ ,ապա շրթունքերուն տանիլը, որ հանդիսաւոր արարողութեան մը բնոյթը կը կրէր: Այնքան նուրբ ձեւով կը բռնէր գլանիկը, այնքան շնորհալի, որ երբեմն իր մէջ իսկ ծխելու փափաք մըկ’արթննար : Միայն Փիէրին կը վայլէ սիկարէթ ծխել- եզրակացուցած էր: Երբ ան կը ներծծէր սիկարէթին ծուխը, անոր դէմքը կը քաղցրանար, աչքերը տարօրինակ փայլ մը կը ստանային եւ շատ աւելի հարազատօրէն կ’արտայայտէին իր զգացումները, քան իր բերնէն ժլատութեամբ արտասանուող սիրոյ խօսքերը:
– Այսքան ժամանակ յետոյ, համոզուեցայ որ քու ունեցած սէրդ ինծի հանդէպ անկեղծ է: Այսօր պաշտօնապէս ձեռքդ կը խնդրեմ:
Այսպէս, լակոնական. ոչ մէկ յաւելեալ բառ, ոչ մէկ զգացական զեղում:
Օ՜հ, վերջապէս , տարիէ մը աւելի սպասելէ յետոյ, ան քաջութիւնը ունեցած էր բերնէն արտաբերելու այդ վճռական խօսքը:
Եւ գրպանէն հանեց կապոյտ, թաւշեայ պզտիկ տուփ մը եւ իրեն երկարեց :
Ուրախութիւնը անչափ էր. երբ տուփը բացաւ, հիացմուքի բացագանչութիւն մը թոաւ բերնէն. ադամանդակուռ մատանիին ճաճանչները աչքերը շլացուցին:
-Բայց բան մը պիտի ըսեմ, շարունակեց Փիեր- երբ ինք կը փորձէր մատանին մատը անցընել :Ապա լռեց. մտքին մէջ կը փնտռէր բառեր, որպէսզի ըսելիքին սաստկութիւնը մեղմէին :
-Ըստ բժիշկին, ես ի վիճակի չեմ հայր ըլլալու:
-Ին՞չ ըսիր- հազիւ կրցաւ թոթովել, դէմքը պատի գոյն ստացած :
-Երբ փոքր էի խոզախտի( ղապախուլախ, paperas) հիւանդութիւն ունեցայ: Դժբախտաբար օրին լաւ չդարմանուեցայ եւ տարիներ յետոյ բժիշկները յայտնաբերեցին, որ ամուլ մնացած էի:
Շշմած էր ստացած հարուածէն: Այդ խօսքը սուրի նման մխրճուեցաւ սրտին մէջ:
Ինք ամբողջ օրը մանկապարտէզի փոքրիկներուն հետ կ’անցընէր, կը խաղար , կը վազէր անոնց հետ, զուարթ պոռչտուքները կը լսէր, կ’երազէր շատ զաւակներ ունենալ իր սիրած տղայէն, որուն սիրոյն մարմնացումը պիտի ըլլային այդ փոքրիկները :
Եւ հիմա իր վարդագոյն երազները ջարդ ու փշուր բեկորներու վերածուած՝գետին շպրտուած էին:
Մայրանալ. գերագոյն երջանկութիւնը կնոջ մը համար. մանաւանդ իր պաշտած էակէն. այդ երանութենէն պիտի զրկուէ՞ր ուրեմն:
Մատանին վերստին տուփին մէջ դրաւ:
Լուռ էին երկուքն ալ:
Հոն մնալը իմաստ չունէր այլեւս: Տուն վերադարձան անխօս եւ տրտում:
Մինչեւ առտու տապլտկեցաւ անկողինին մէջ:
Փիէրին հանդէպ տածած իր անսահման սիրոյն վրայ կասկածի նշոյլ անգամ չունէր. առանց անոր, կեանքը անիմաստ էր եւ աննպատակ:
Բայց ինք պատրա՞ստ էր մայրանալու երջանկութիւնը զոհել, վասն այդ մեծ սիրոյն:
Երկու զգացումներն ալ նոյն ուժգնութեամբ անելի կը մատնէին զինք եւ չէր կրնար վճռական որոշումի մը յանգիլ:
Փիերն ալ չէր հեռաձայներ:
Անձկալից պահեր ապրեցաւ:Մտքին մէջ տարբեր մտածումներ, խորհուրդներ, վերլուծումներ եւ որոշումներ զիրար կը խաչաձեւէին:Ինք իրեն կը մենախօսէր ննջասենեակին մէջ:
Եթէ Փիէր պարկեշտ եղած չըլլար, պիտի չյայտնէր իր ամլութիւնը:
Ինք կը ճանչնար մի քանի զոյգեր, որոնք զաւակ չունէին եւ շատ համերաշխ կ’ապրէին: Զաւակը անպայման երաշխիք մը չէր երջանկութեան:
Կրնար ի՛նք ըլլալ յղիանալու դժուարութիւն ունեցողը. հետեւաբար արդիւնքը նոյնը պիտի ըլլար: Թերեւս բժիշկները սխալած էին ախտաճանաչման մէջ: Ծայրայեղ պարագային կրնան զաւակ մը որդեգրել: Հիմա բժշկութիւնը շատ յառաջդիմած է եւ հաւանաբար կարենան բուժել ամլութիւնը:
Այս եւ նման ենթադրութիւններով եւ լուծումներով կը տարուբերուէր ամէն օր:
Գիշեր մըն ալ չդիմացաւ այլեւս եւ բաւական տատամսելէ յետոյ, հեռախօսին ընկալուչը վերցուց եւ եւ քիչ մը վարանումով.
-Մատանին շատ սիրեցի – ըսաւ Փիերին:
Յաջորդ օրն իսկ Փիեր զինք հրաւիրեց քաղաքին նշանաւոր ճաշարաններէն մէկը:Երկուքն ալ շատ զուսպ էին, հազիւ մի քանի բառ փոխանակեցին իրարու հետ:
Ճաշէն յետոյ, Փիեր մատանին տուփէն հանեց եւ ինք իր ձեռքով անցուց անոր նուրբ մատին:
Վերադարձին՝ երբ հանրային պարտէզին մէջ կը քալէին, յանկարծ նետուեցաւ Փիերին բազուկներուն մէջ եւ համբոյրներով եւ ուրախութեան արցունքներով ողողեց անոր դէմքը :
Վերջին օրերուն իր մէջ կուտակուած յուզումը, ցասումն ու մաղձը դուրս պոռթկացին: –
-Դուն ես իմ կեանքիս կենսատու արեւը- շշնջաց ականջին:
Հոգին խաղաղած էր հիմա:
************
Անցած էին մի քանի տարիներ:
Ինք եւ Փիեր իրենց պզտիկ, անուշիկ աղջնակին ձեռքէն բռնած՝ պարտէզին կանաչ մարգագետնին վրայ նստած, մշտադալար ծառերով եւ բուրումնաւէտ ծաղիկներով եզերուած լճակին վրայ` սահող բադերը կը դիտէին:
Իրենց անքակտելի եւ յաւերժական Սէրը պարգեւած էր այս սիրասուն պուպրիկը, իրենց սիրոյ քաղցրահամ պտուղը:
Հեռուէն կը լսուէին ուրախ քրքիջները: