Այս օրերուն աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ համայքներէն ներս տարաբնոյթ ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան` Լաթաքիոյ մէջ գտնուող քեսապահայերուն օգնութեան ձեռք մեկնելու համար: Այս ամէնէն անմասն չի մնար նաեւ «Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան» ԱՄՆ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը: Միութեան գործունէութեան մասին հեռահար հարցազրոյցի միջոցով ԱՄՆ-էն «Հայերն այսօր»-ին տեղեկութիւն կը հաղորդէ «Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան» վարչութեան քարտուղար, արմատներով քեսապցի Անահիտ Եարալեան:
-Անահի՛տ, նախ պատմէ´ք «Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան ԱՄՆ-ի մասնաճիւղի մասին: Ինչպիսի՞ գործունէութիւն կը ծաւալէ միութիւնը, ինչո՞վ կը զբաղուի:
-Նախ ըսեմ, որ «Քեսապի ուսումնասիրաց միութիւնը» ստեղծուած է 1910 թ. Քեսապի մէջ` բժիշկ Աւետիս Ինճեճիկեանի գլխաւորութեամբ: Այդ ընթացքին հիմնուած է նաեւ Ուսումնասիրաց վարժարանը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր: Դպրոցը ունի 360 աշակերտ, ուր կ’ուսանին հայ եւ օտար աշակերտներ: Միութեան մասնաճիւղը կը զբաղի ուսումնական, մշակութային, գեղագիտական աշխատանքներով` մէկտեղելով գաղութի բոլոր քեսապցիներուն: Տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին տարբեր ձեռնարկներ` Նոր տարուան հանդէս, Սուրբ Զատիկ, Մայրերու տօն, Խաղողօրհնէք: Հոկտեմբեր ամսուն կ’ունենանք գրական-երաժշտական հանդէսներ: Նմանօրինակ ձեռնարկներու կազմակերպումով կը փորձենք տեղի հայերուս, յատկապէս երիտասարդներուն, կառչած պահել Հայաստան աշխարհին` չթողնելով մոռնալ իրենց հայրենիքը:
Արդէն 8 տարի է, որ սիրայօժար կ’աշխատիմ վարչութեան հետ եւ ուժերուս ներածին չափով կ’օգնեմ բոլորին:
-Ինչպէ ՞ս գիտցաք Քեսապի վրայ յարձակելու բօթը:
-Այս օրերուն տեղեկատուական համացանցը վայրկեաններու ընթացքին աշխարհի մէջ տեղի ունեցող լուրերը կը տարածէ ամէնուր: Այո՛, մարտ 21- ին արդէն գիտէինք մեր դրախտավայր Քեսապի բնակչութեան յանկարծակի տեղահանման մասին: Ատիկա ամենամեծ ողբերգութիւնն էր, որ պատահեցաւ մեր հայրենակիցներուն հետ: 1909 թ. Ատանայի ջարդը եւ Քեսապի թալանը, 1915թ. ցեղասպանութիւնը… եւ ահա` Եղեռնի 100-րդ տարելիցի նախաշեմին վայրագ թշնամին մէկ անգամ եւս յանդգնեց յարձակելու պատմական Կիլիկիոյ վերջին բնօրրան Քեսապի վրայ` տեղահանելով գրեթէ 800 ընտանիք, որմէ 600-ը հայեր են:
Այստեղ կ’առաջանան հարցեր` ինչու՞, ինչու՞ համար, միթէ՞ բաւական չէ….. եւ բազմաթիւ «ինչուներ» կը մնան անպատասխան` օդէն կախուած:
-Այնուհետեւ ի ն՞չ քայլեր ձերնարկեցիք` քեսապահայերուն օգնութեան ձեոք մեկնելու համար
-Մեզ չկորսնցնելով` բոլորս համախմբուած միանգամայն ձեռնամուխ եղանք մեր քեսապցիներուն օգնութեան հասնելուն: Վարչութեան կողմէ կազմակերպուեցան ժողովներ, ցոյցեր թրքական դեսպանատան առջեւ, որուն միացան Հայ դատը, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը, Հայ օգնութեան միութիւնը եւ այլ կազմակերպութիւններ:
Համայն հայութիւնը զօրաւիգ է քեսապահայութեան. հայ-սուրիական շտապ օգնութեան մարմինը` ՍԱՐՖ, տրամադրած է 100.000 տոլարի աջակցութիւն Լաթաքիոյ մէջ պատսպարուած քեսապահայութեան կարիքները հոգալու համար: Բացի այդ, մեր վարչութիւնը եւս դրամահաւաք կազմակերպած է: Զարմանալի թող չթուայ, բայց օգնութեան ձեռք մեկնեցին նոյնիսկ օտարները: Ապրիլ 29-ին պէտք է տեղի ունենայ մեծ բարեգործական համերգ` համայնքի եւ Հայաստանի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, որուն ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն:
-Գիտեմ` Ձեր ծնողները ծնունդով Քեսապէն են: Դուք այնտէ ՞ղ ծնած էք, ի ն՞չ յիշողութիւններ ունիք Քեսապէն:
-Այո՛, ծնողներս Քեսապ ծնած են. հայրս` Սամուէլ Եարալեանը, Կալադուրանէն է, մայրս` Ռեբեքա Արապեանը` Չինար գիւղէն: Ես ծնած եմ Երեւան, սակայն գիտակցական կեանքիս ընթացքին միշտ լսած եմ Քեսապի եւ ազնիւ, աշխատասէր քեսապցիներու մասին: Առաջին անգամ Քեսապ ոտք դրի 1997 թուականին ամուսնուս` Տիգրանին հետ: Այդ աներեւակայելի, անբացատրելի զգացողութիւն մըն էր ինծի համար: Կարծես ծնած-մեծցած եւ այդտեղ կ’ապրիմ: Մարդիկ բարի, հոգատար եւ անկեղծ էին: Երկու շաբաթ անմոռանալի օրեր անցուցինք ծնողներուս ծննդավայրին մէջ:
Կը յիշեմ, թէ ինչպէս Սրընըխ կոչուող բարձունքէն ոտքով կ’իջնէինք Միջերկրականի մաքրամաքուր ափը: Քեսապի անուշահոտ, քաղցրահամ, մեղրածոր խնձորը անմահական համ ունի, թուզը, նուռը, խաղողը, ախ,՛ ո՞ր մէկը ըսեմ…միայն մէկ բան կ’աւելցնեմ` ով չէ տեսած Քեսապը, աշխարհ չէ տեսած:
-Վերջին անգամ ե՞րբ այցելած էք Քեսապ եւ ի ն՞չ առիթով:
-Վերջին անգամ Քեսապ այցելեցինք 2010 թուականին, դպրոցի 100-ամեակի տօնակատարութեան առիթով: Աշխարհի չորս ծայրերէն հարիւրաւոր քեսապցիներ հաւաքուած էին ուխտագնացութեան նպատակով: Խաղողօրհնէքի շրջանն էր` սեպտեմբերի վերջի շաբաթը: Ըստ աւանդութեան` կազմակերպուեցաւ Մասարան. խաղողի հիւթը եփելով` պատրաստեցինք ռուպը եւ յառաջացած փրփուրը համտեսեցինք դափնիի տերեւով: Ա´յ հրաշք էր: Պար, երգ, ուրախութիւն եւ խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտ: Ատոնք անմոռանալի յիշողութիւններ են:
-Ի ն՞չ հանգուցալուծում կը տեսնէք ստեղծուած իրավիճակին:
-Շատ դժուար է պատասխանել այդ հարցին, քանի որ Սուրիան արդէն երեք տարի պատերազմի մէջ է ահաբեկիչներու դէմ: Միակ խաղաղ եւ ապահով վայրը մնացած էր մեր Քեսապը, եւ ահա Թուրքիան տեսաք, թէ ինչ ըրաւ: Որքան ալ յուսանք, որ Սուրիական բանակը կը պաշտպանէ Քեսապը եւ կ’ամրապնդէ սահմանները, սակայն մեր հայրենակիցներու վերադարձը Քեսապ շատ ցանկալի է, բայց ոչ ապահով, կ’ապրինք` կը տեսնենք:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի
(յատուկ «Հայերն այսօր»-ի համար)