ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 7 Փետրուարին ստորագրեց հրամանագիր մը՝ Լուսինէ Ղարախանեանը Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնէն զերծ կացուցելու մասին՝ անոր դիմումին համաձայն:
Նախագահի աշխատակազմէն տեղեկացուցին, որ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար նշանակուեցաւ Անահիտ Յակոբեան:
Երկրի ղեկավարին մէկ այլ հրամանագիրով՝ Լուսինէ Ղարախանեան նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական: