Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Գիժ էր հովը գերվարուած այդ օրին
Երբ արեւը մեր սարերէն դուրս տարին,
Շաղն առտուան արցունքի պէս կաթեցաւ
Վրան զոհին որ մօր արցունք չունեցաւ …
Երէկ էր դեռ բիլ կապոյտ կար երկինքին,
Հերոսները հասեր էին բարձրունքին,
Կարծես ոգին Դաւիթ Բեկի Նժդեհի
Կապեր էին հայոց սիրտերը իրար …
Բայց հովը իժ թրքալեզու վայրենի
Բնաջնջեց ծաղիկները սարերուն,
Ո՛հ ներեցէք հերոսներուն լուսհոգի
Որ չկրցան ծաղիկ բերել մայրերուն …
Բայց լսեցէք դուք երդումը ողջերուն
պիտ՛ անպայման ետ տուն բերեն արեւին,
Եռագոյնով պիտ՛ բարձրանան սարերուն
Ու խոստացուած ծաղիկով գան մայրերուն …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան