Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Անդրադառնալով առկայ յօդուածի խորագրին, նախ պիտի ուզէի հաստատել, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական աւարտուն եղելութիւն մը չէ, այլ շարունակուող գործընթաց մըն է յանցագործին ժառանգորդներուն կողմէ ի գործ դրուած քաղաքական, ռազմական ու տնտեսական տարատեսակ ճնշումներու, պատմական փաստերու խեղաթիւրումներու, հայոց մշակութային կոթողներու հերթական ոչնչացումով եւ նորանոր ոճիրներու իրագործումներով: Արդարեւ, Հայոց Ցեցասպանութիւնը աւարտած չէ: Ան կրնայ որեւէ ժամանակ կրկնուիլ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ’ընդգրկէ 1894–1923 թուականներու Օսմանեան Կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր վարչակարգերուն կողմէ ծրագրուած ու հայ ժողովուրդին դէմ շարունակաբար իրագործուած բնաջնջման գործողութիւնները՝ հայրենազրկում, զանգուածային կոտորածներ, ցեղային զտումներ, հազարամեակներու արգասիք հանդիսացող հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտում, պատասխանատուութենէ խուսափելու, կատարուած ոճիրներն ու անոնց հետեւանքները լռութեան մատնելու կամ զանոնք արդարացնելու բոլոր փորձերը՝ իբրեւ ոճիրի շարունակութիւն եւ նոր ցեղասպանութիւններ իրականացնելու հնարաւորութիւն:
Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1894 թուականէն սկսեալ իրականացած է քանի մը փուլերով, որոնք ցեղասպանագէտներ սովորաբար համադրած են երկու գլխաւոր ժամանակահատուածներու մէջ։ Առաջինը կը ներկայացնէ սուլթանական վարչակարգին հայոց դէմ իրականացուցած զանգուածային կամ մասնակի կոտորածներու ժամանակաշրջանը, իսկ երկրորդը՝ Ատանայի ջարդով 1909 թուականէն սկսեալ Երիտթուրքերու իշխանութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած ցեղասպանութիւնը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ 1915–1916 թուականներուն։
Սոյն ժամանակահատուածներու միջոցին, Օսմանեան Կայսրութեան գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութիւնը ոչնչացուած է՝ ենթարկուելով ատելավառ խտրականութեան, հալածանքներու, տեղահանութեան, մահու աքսորներու, զանգուածային կամ մասնակի բազմաթիւ կոտորածներու: Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական փաստ է: Ուստի անիմաստ է հերքել կամ չքմեղացնել 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդին հետ կատարուած եղելութիւնը, որ իրաւական բնորոշ եզրոյթով մը ցեղասպանութիւն կը կոչուի։ Դժբախտաբար, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն՝ 1923 թուականէն սկսեալ մինչեւ այսօր, թրքական իրարայաջորդ իշխանութիւնները, գործադրելով իրենց տարամադրութեան տակ գտնուղ բոլոր ազդու միջոցները՝ դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական ճնշումներ եւ սպառնալիքներ բանեցնելու իմաստով, ընդհուպ մինչեւ պատմագիտական փաստեր խեղաթիւրելու եւ պատմութիւն կեղծելու փորձերով, յարատեւօրէն ժխտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ, այսպէս, կտրականապէս մերժած են այս առնչութեամբ ստանձնելու միջազգային իրաւական օրէնքին եւ չափանիշերուն պահանջած պատասխանատւութիւնը։
Թրքական պետութեան ընդունած մերժողականութեան եւ զայն անառարկելի սկզբունքայնութեան վերածած սոյն գործելաոճը այսօր այլեւս շատերուն՝ նոյնիսկ սեփական քաղաքացիներու լայն շրջանակներուն համար համոզիչ տարբերակ մը չէ։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առաջինը 1965 թուականին Ուրուկուայէն սկսելով, ցայսօր իբրեւ այդպիսին պաշտօնապէս ճանչցած են շատ մը երկիրներ, առանձին դաշնային պետութիւններ, նահանգներ եւ միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններ։
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին Երիտթուրք կառավարութեան, անոր գլխաւոր պարագլուխներուն՝ ներքին գործոց նախարար Թալէաթի, ռազմական գործերու նախարար Էնվերի, ծովային նախարար, ապա թրքական 4-րդ բանակի հրամանատար Ճեմալի, ինչպէս նաեւ «Յատուկ Կազմակերպութեան» ղեկավար Պեհաէտտին Շաքիրի եւ այլոց նպատակային ծրագրին ու հրամաններուն զոհ դարձաւ աւելի քան մէկուկէս միլիոն օսմանցի հայ բնակչութիւն մը, իսկ անոր վերապրող մնացորդացը դարձաւ իր պապենական հողերէն աշխարհի չորս ծագերուն վտարանդի եւ հայրենազուրկ։ Հայ ժողովուրդի այս ծանր եւ անփոխարինելի կորուստը տեղի ունեցաւ ոչ որովհետեւ ինք ռազմական կամ քաղաքական նկատառումներով մասնակից էր Ա. Աշխարհամարտին, այլ պարզ այն պատճառով, որ երիտթրքական եռապետութիւնը, օգտուելով պատերազմի ստեղծած իրավիճակէն, որոշեց լուծել 1878 թուականի Պերլինի վեհաժողովէն ի վեր յառաջացած «Հայկական Հարց»-ը՝ միանգամ ընդմիշտ վերացնելով այդ հարցը յարուցանող ենթական՝ հայ ժողովուրդը։
Ընդամէնը 40 տարի ընդգրկող ժամանակահատուածի մը ընթացքին՝ սկսելով համիտեան բռնաճնշումներէն ու զանգուածային կոտորածներէն, որոնք Երիտթուրքերու իշխանութեան օրօք իրենց գագաթնակէտին հասան 1915–1916 թուականներուն հայ ազգաբնակչութեան դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեամբ, նախ օսմանեան եւ ապա անոր իրաւայաջորդ թրքական պետութիւնը կրցաւ նպատակային եւ հետեւողական գործողութիւններով իրականացնել իր քաղաքական հայաջինջ ծրագիրը՝ ոչնչացնելով եւ հայրենազրկելով հայ ժողովուրդը հազարամեակներով բնակած եւ ստեղծագործած իր հայրենիքէն՝ Հայկական Բարձրաւանդակէն։
Օսմանեան պետութեան հայ ժողովուրդին դէմ իրագործած սոյն ոճիրը բոլոր կէտերուն մէջ միանշանակ կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի 9 Դեկտեմբեր 1948 թուականին վաւերացուած եւ 12 Յունուար 1951-ին ուժի մէջ մտած «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին պայմանագիր»-ի 2-րդ յօդուածի բանաձեւին։ Սոյն պայմանագրին համաձայն՝ ցեղասպանութիւն կը համարուի
«… հետեւեալ գործողութիւններէն որեւէ մէկը, որ կը գործադրուի ազգային, ցեղային կամ կրօնական խումբի մը մասնակի կամ ամբողջական ոչնչացման նպատակով.
- Խումբի անդամներու սպանութիւն,
- Խումբի անդամներուն մարմնական կամ հոգեկան վնասներու պատճառում,
- Խումբին համար դիտումնաւոր կերպով այնպիսի պայմաններու ստեղծում, որոնք ուղղղուած են խումբի անդամներուն ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման,
- Խումբին մէջ ծննդեան կանխարգիլման ուղղուած պարտադրուած միջոցառումներու իրականացում,
- Խումբին երեխաները բռնութեամբ մէկ այլ խումբ տեղափոխումը»։
«Ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւնը ստեղծող Ռաֆայէլ Լեմքին իր «Axis Rule in Occupied Europe» մեծարժէք աշխատասիրութեան մէջ կը բնութագրէ ոչ միայն ցեղասպանութեան ֆիզիքական ոչնչացման հետեւանքները, այլեւ միաժամանակ անոր պատճառած հոգեբանական ազդեցութիւնները, որոնք կը բնութագրէ հետեւեալ ձեւով.
«Ընդհանրապէս ցեղասպանութիւնը պայման չէ, որ նշանակէ ուղղակի ազգի մը բնաջնջումը, բացառութեամբ երբ ան կ’աւարտի ազգի բոլոր անդամներուն զանգուածային սպանութեամբ։ Նախ հարկ է առանձնացնել տարբեր գործողութիւններու համակարգուած ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ նախ ոչնչացնել ազգային խումբերու կարեւոր հիմքերը, հուսկ՝ ուղղակի այդ խումբերը։ Այսպիսի ծրագրի նպատակները կը հետապնդեն քաղաքական եւ ընկերային կառոյցներու, մշակոյթի, լեզուի, ազգային զգացումներու, կրօնի, ազգային խումբերու տնտեսական գոյութեան համարկումի բացառումը, անձնական ապահովութեան, ազատութեան, առողջութեան, արժանապատուութեան ոչնչացումը, եւ նոյնիսկ այդպիսի խումբերու պատկանող անհատներու ոչնչացումը։ Ցեղասպանութիւնը ուղղուած է ազգային խումբի՝ իբրեւ ամբողջական միաւորի մը դէմ, եւ ծրագրուած գործողութիւնները ուղղուած են ոչ թէ անձնապէս անհատներու, այլ տուեալ ազգային խումբին դէմ, որուն բաղկացուցիչն են այդ անհատները»։
Ըստ Լեմքինի՝
«Ցեղասպանութիւնը կազմուած է երկու փուլերէ. առաջին՝ ճնշուած գոյատեսակի ոչնչացում, եւ երկրորդ՝ ճնշողի ազգային գոյատեսակի հարկադրում։ Այս հարկադրումը իր կարգին կրնայ իրագործուիլ ճնշուած բնակչութեան վրայ, որուն թէպէտ թոյլ կու տան մնալ տարածքին մէջ՝ ճնշողի կողմէն իրականացած բնակչութեան բնաջնջումէն եւ գաղութացումէն յետոյ»։
Արդարեւ, ՄԱԿ-ի վերոնշեալ համաձայնագիրը ընդունելէ ետք, մասնագէտներ առաջարկած են որդեգրել աւելի համընդգրկուն սահմանումներ, որոնց մէջ այստեղ աւելորդ պիտի չըլլայ յիշատակել անուանի ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարնիին առաջարկը.
«Ցեղասպանութիւնը, ընդհանուր իմաստով, զգալի թիւով մարդոց զանգուածային սպանութիւնն է, որ իրականացած չէ թշնամիի զինուած ուժերուն դէմ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, այլ՝ զոհերու անպաշտպանութեան եւ անօգնականութեան պայմաններու մէջ»։
Այսպէս, թէպէտ երեք սերունդ անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն,– համազգային աղէտ մը, որ իր անջնջելի հետքը ձգած է հայ կեանքին վրայ,– սակայն միեւնոյն է, Ցեղասպանութեան դժնդակ օրերէն ցայսօր 106 տարի անցած է, բայց, այսուամենայնիւ, ժամանակին ապաքինող ուժը տակաւին չէ կրցած սպիացնել այն կոտտացող վէրքը, որ բացուած է հայութեան սրտին մէջ։ Ան արիւնածոր կը մնայ այնքան ատեն, մինչեւ հայ ժողովուրդի կրած անարդարութեան՝ բնակչութեան թուաքանակի, ունեցուածքի, մշակութային ժառանգութեան, հայրենիքի եւ ընդհանրապէս գոյութենական կորուստներուն աննախադէպ տարողութիւնը կ’ընդունուի կամ համապատասխան ճանաչում կը գտնէ որպէս մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւն եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներու ամենակոպիտ խախտում Օսմանեան Կայսրութեան իրաւայաջորդ պետութեան՝ այսինքն Թուրքիոյ, նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ՝ իբրեւ ամբողջութիւն։
Առկայ իրավիճակը մեզի միանգամայն հիմք կու տայ ընդունելու, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական աւարտած իրադարձութիւն մը չէ, այլ, ընդհակառակը, ան տակաւին կը շարունակուի ժխտողականութեան անողոք արշաւի մը տեսքով, որուն միջոցաւ զայն հերքողները կը փորձեն կեղծել լայնօրէն փաստագրուած պատմական անուրանալի իրողութիւնները ու արմատախիլ ընել ոչ միայն իրենց նախնեաց սահմռկեցուցիչ արարքները, այլեւ միլիոնաւոր զոհերուն յիշատակը։ Այս առնչութեամբ, Էմորի համալսարանի (Emory University – Աթլանթա, ԱՄՆ) ցեղասպանագէտ Փրոֆ. Տեպորա Լիփշթաթ կը նկատէ.
«Հերքումը ցեղասպանութեան վերջին փուլն է, քանի որ ան հնարաւորութիւն կու տայ այնպէս վերաշարադրելու պատմութիւնը, ուր զոհերը կը սատանայացուին, իսկ յանցագործները կ’արդարացուին»։
Օսմանեան թուրքերը եւ անոնց իրաւայաջորդները ոչ միայն կը կրեն աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հաշուող հայ ազգաբնակչութեան դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը, այլեւ աւելին՝ անոնք միաժամանակ պատասխանատու կը նկատուին այն ծանր հետեւանքներուն, որոնք հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը ստիպուած եղած են կրելու իրենց պատմութեան հետագայ տարիներուն:
Գտնուելով ներկայ կեանքի տնտեսական եւ քաղաքական հզօր մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս համայն սփիւռքահայութեան համար պահանջատիրութիւնը կը կազմէ գերազանց սեւեռակէտը եւ աննահանջ ձգտումը՝ վերականգնելու պատմական ճշմարտութիւնն ու ցարդ ոտնակոխուած արդարութիւնը միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ, նաեւ օժանդակութեամբ միջազգային հանրութեան՝ նպաստելու հայ ժողովրդի խաղաղ զարգացման ու ամբողջական վերամիաւորման:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգային հանրութեան, ներառեալ Թրքական Հանրապետութեան կողմէ, հայութեան օրակարգային առաջնահերթ հիմնահարցերէն մին է։ Հայ ժողովուրդը խորապէս համոզուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը,– ոչ միայն իբրեւ ազգի մը ողբերգութիւնը, այլ նաեւ որպէս մարդկութեան դէմ մեծագոյն տարողութիւններով իրագործուած յանցագործութիւն,– կրնայ, անտարակոյս, կանխարգելող նշանակութիւն ունենալ մարդկութեան ապագային համար:
Հակառակ Թուրքիոյ շարունակաբար գործադրած հերքումի բազմատեսակ ճիգերուն, անոր կողմէ հայութեան համար ստեղծած երբեմն անհեռանկար թուացող իրավիճակներուն, այնուամենայինիւ, պէտք է հաւատալ Հայոց Ցեղասպանութեան անժամանցելիութեան, պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններու վկայութեան ուժին եւ յարատեւ պայքարի վերջնական յաղթանակին:
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Ժընեւ, 23 Ապրիլ 2021