ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 12 Դեկտեմբերին դատապարտեց Ծերակոյտին Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանող բանաձեւին հաստատումը:
«Քոնկրեսին երկու պալատներուն եւ հակաթրքական շրջանակներու կողմէ յառաջ տարուող նախաձեռնութիւնները մեր ազգային ապահովութեան վերաբերող ինքնիշխան որոշումները չյարգելու հերթական դրսեւորումներ են։ Կոչ կ՛ընենք Քոնկրեսին, որ գործէ ողջամտօրէն եւ կառուցողական դիրք բռնէ, որպէսզի չվնասուին մեր ընդհանուր նպատակները, որոնք վերջին շաբաթներուն վերահաստատուեցան ամենաբարձր մակարդակով», կ՛ըսուի նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ, որ կը փորձէ սեպ խրել Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն միջեւ:
Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանող Ծերակոյտին թիւ 2641 բանաձեւին՝ 4-ի դէմ 18 քուէներով վաւերացումը։ Բանաձեւը ներկայացուած էր յանձնախումբին ատենապետ Ճէյմզ Ռաշի եւ բարձրաստիճան անդամ Ռապըրթ Մենենտեզի կողմէ: