ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Ռուսիոյ եւ Իրանի դեսպանները արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչելու Անգարայի քայլին յաջորդած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ներկայացուցիչին յղուած հրաւէրը։
Արդարեւ,10 Յունուարին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած ամերիկեան դեսպանատան ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Քոզնեթին փոխանցուած է, որ Անգարա դժգոհ է այն բանէն, թէ Ուաշինկթըն կը շարունակէ զինեալ աջակցութիւն տրամադրել Սուրիոյ քրտական ուժերուն, որոնք «ահաբեկի»չ կը նկատուին Թուրքիոյ կողմէ։