ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսահայ ազգային բարերար եւ «Գարակէօզեան տան» խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմեզկիլ անցեալ Շաբաթ օր հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ եւ առիթ ունեցաւ համայնքային գլխաւոր հարցերուն մասին անոր փոխանցելու պոլսահայ համայնքին մտահոգութիւնները եւ ակնկալութիւնները։
Յատկանշական է, որ նախարարին հետ Կիւլմեզկիլի տեսակցութիւնը տեւեց մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ, ինչ որ բաւական երկար ժամանակ է նման բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը համար։
Կիւլմեզկիլ 13 Նոյեմբերին տեղեկացուց, որ նախ տեղեկութիւններ տուաւ «Գարակէօզեան»ի աշխատանքին եւ արձանագրուած յաջողութիւններուն մասին, եւ նախարարը գոհ մնաց այս տեղեկութիւններէն։
Անշուշտ, գլխաւոր հարցը եղաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը, որուն կը յաջորդէր նաեւ համայնքային մարմիններու ընտրութիւններու կարիքը։ Ներքին գործոց նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց, որ պատրիարքական ընտրութիւնը վերջապէս տեղի պիտի ունենայ ներկայ կանոնագրութեամբ։
Նախարարը նաեւ յայտնեց, որ ընտրութեան նոր կանոնագիրը պատրաստուած է համայնքի լիազօրներուն հետ խորհրդակցաբար, սակայն այդ լիազօրներուն անունը չկայ։ Նախարարը ըսաւ, որ մօտէն կը հետեւի զարգացումներուն եւ յաջողութիւն կը մաղթէ երկու թեկնածուներուն։
Նախարարը, անդրադառնալով ամէն անգամ սկիզբէն պատրաստուող ընտրական կանոնագրութեան՝ ըսաւ. «Եկէք այս ընտրութենէն ետք բոլորս իրարու հետ խորհրդակցաբար պատրաստենք մեզ՝ ունենալով բոլորս երջանկացնող մնայուն կանոնագրութիւն մը»։