ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես»․- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նոր նշանակուած սպայակոյտի պետ Քերիմ Վելիեւի հետ, կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» կայքը:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը դարձեալ ընդգծեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին ՝ հաւատարիմ մնալով «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքին: