ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 11 Նոյեմբերին, Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին իբրեւ արդիւնք ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցին: Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ համամարդկային մշակութային ժառանգութեան մասը կազմող Արցախի հայկական պատմամշակութային կոթողներուն` Ատրպէյճանի կողմէ դիտաւորեալ կերպով ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման պայմաններուն մէջ միջազգային հանրութեան կողմէ կանխարգելիչ քայլերու իրականացումը ուղղակի հրամայական է:
Նախարար Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահներ Արա Թորանեանի ու Մուրատ Փափազեանի եւ քարտուղար Նատիա Գործունեանի հետ: Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, Արցախի հիմնահարցին, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան եւ ֆրանսահայ համայնքին վերաբերող հարցեր։