ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ- ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Ատրպէյճանի Տարածքային Նկրտումները
Ի՞նչ կը սպասէ միջազգային հանրութիւնը, սանձելու
Ատրպէյճանի յոխորտանքներն ու սպառնալիքները,
որ կը ձգտին արդարացնելու եւ օրինականացնելու Արցախի
ժողովուրդին դէմ կատարուած յարձակումները:
Եթէ երէկ աշխարհաաքաղաքական խմորումներն
ու զարգացումները նպաստեցին , որպէսզի Թուրքիան մոլորեցնէ
միջազգային հանրութիւնը, առանցքային եւ սեփական ոյժերով
առաջնորդուելու , իր ծաւալապաշտական
ծրագիրները հաշուի առնելով:
Սակայն այսօր, Արցախի պատերազմը կը պարտադրէ
պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը,
Արցախի ժողովուրդին դէմ իրենց գործադրած ծրագրուած
Ցեղասպանութեան, պատերազմական յանցագործութիւններուն
եւ զանգուածային ոճրագործութիւններուն համար:
Պատեևազմը ապացուց, թուրք բռնապետները իրենց
նախկիններէն ժառանգած են բռնատէրի դաժան յատկութիւնները՝
արհամարհելու, ստրկացնելու եւ ոչնչացնելու
ազգեր ու ժողովուրդներ:
Միայն բարբարոս ցեղէն սերած բռնապետը կրնայ հրճուիլ, իր
«Ռազմական Այգիին» մէջ ցուցադրելով իր գործած ցեղասպան
արարքներուն վայրագութիւնները:
Արցախեան պատերազմը միջազգային հանրութեան կու գար
յիշեցնելու, թէ թուրք-ազերի համատեղ ծրագրուած յարձակումը,
հայկական հողերը բռնագրաւելու նպատակը, շարունակութիւնն է
Հայոց Ցեղասպանութեան:
Անհերքելի փաստն է՝ Թուրքիոյ Փանթուրանական
ծաւալապաշտական նկրտումերուն:
Վերջապէս ԱՄՆ-ի Նախագահը չվարանեցաւ ճանչնալու
Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կանխելու մարդկութեան դէմ
գործադրուած ոճիրները:
Եւ այսօր, Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն
ետք, Հայաստանի իշխանութեան որդեգրած ժողովրդավարական
ուղեգիծը, վստահութիւն ներշնչեց Եւրոպային, ԵԱՀԿ Մինսքի
խումբին, եւ մեծ պետութիւններուն, ԱՄՆ, Ֆանսա, որոնք
պատրաստակամութիւն յայտնեցին աջակցելու Հայաստանին:
Մինչ Ատրպէյճանը իր յանցագործութիւնները թաքցնելու
միտումով, Ատրպէյճանի մօտ հաւատարմագրուած
դիւանագէտները կը հրաւիրէ Արցախ, իր բռնագրաւած
հողատարածքները ցոյց տալու:
Դեսպաններուն դիւանագիտութիւնը, թէ Ատրպէյճանի
սադրանքները, մղեցին ընդառաջելու հրաւէրին:
Կամ երկուքը միասին:
Թէ ինչ հնարքներ գործադրեց Ազերի ղեկավարը սիրաշահելու
օտար Դեսպանները , սարքելու այս զաւեշտական խաղը:
Թուրքին լարախաղաց այս քաղաքականութիւնը մեզի յայտնի է
մեր ազգի պատմութենէն:
Երբ նոյն դաւադրութիւններով ու սադրանքներով, Թուրքը
կրցաւ տիրանալ Կարսին, Նախիջեւանին ու Արցախին:
Ժամանակն է, որ քաղաքակիրթ աշխարհը ըմբռնէ մարդկութեան
դէմ գործադրուղ յանցագործութիւնները:
Ժամանակն է, որ Միջազգային հանրութիւնը դատապարտէ հայ
ժողովուրդին եւ հայկական պետականութեան դէմ
Ատրպէյճանի տարածքային նկրտումները, սահմանային
ոտնձգութիւններն ու սադրանքները:
Եւ վերջապէս ո՞վ պիտի սանձէ Ատրպէյճանի յոխորտանքներն ու
զառանցանքները:
Եթէ ոչ՝ հայութեան բռունցքուած ոյժը, հայ քաջորդիներուն հերոսական
սխրանքը, աննուաճ կամքն ու կորովը, Ազերի թուրքին
յիշեցնելու պատմական ճշմարտութիւն մը:
Պատմութիւնը չի մոռնար, թէ Արցախի ու Սիւնիքի բնիկ
ժողովուրդը եղած են հայերը:
Այն ինչ որ ճշմարիտ է կ՜անցնի պատմութեան…: