ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 9 Փետրուարին, խորհրդարանին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի օրակարգին ընթացքին յայտարարեց, որ 24 Փետրուարին Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու հանդիպման արդիւնքներէն մեծապէս կախեալ է Երեւանի որոշումը` ընդունի՞լ, թէ ոչ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու հրաւէրը:
Ան հաստատեց այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն, Անգարա հրաւէր յղած է իր եւ հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանին, սակայն տակաւին մասնակցութեան գծով յստակ բան չկայ։ «Որոշում իսկապէս չկայ», ըսաւ նախարարը՝ աւելցնելով, որ Վիեննայի բանակցութիւններէն, Երեւան կ՛ակնկալէ առարկայական քննարկումներ՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերող։ «Պաշտօնական Անկարայից այս մասին եկող ազդակները, ուղերձները, ակնարկները առաւելապէս դրական կոնտեքստի մէջ են, մեր ակնկալիքներն էլ այդպիսին են», յայտնեց Միրզոյեան:
«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան նիստին ընթացքին մէջբերեց ազգային անվտանգութեան ռազմավարութենէն քանի մը հատուածներ, որոնց մէջ նշուած է, որ հայ ժողովուրդի ազգային նպատակներն են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւանքներու յաղթահարումը եւ վերացումը: Մինասեան հարցուց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը շարունակէ՞ այս նպատակները պահպանել, թէ ոչ:
«Կառավարութեան ծրագրում Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը դիտարկւում է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովրդի համար որպէս անվտանգութեան յաւելեալ երաշխիք», պատասխանեց Միրզոյեան՝ նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հետեւողականօրէն կը շարունակէ իրականացնել բոլոր այն քայլերը, որոնք նշուած են կառավարութեան ծրագիրին մէջ, եւ որոնք հաստատուած է այս խորհրդարանին մէջ:
«Այդ ծրագրում յստակ նշուած է, որ Հայաստանը շարունակելու է իր ջանքերը ուղղուած ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմանը, այնպէս էլ մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութեան հետագայ դրսեւորումների կանխմանը», ըսաւ նախարարը։