Կազմակերպութեամբ Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց (ԱՌԻ) ընկերութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ անոր ընկերակցող ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը, երէկ իրերայաջորդ երկու հանդիպումներ ունեցան լիբանանահայ գործարարներու հետ:
Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ կատարուած զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին մանրամասն ներկայացուեցան ԱՌԻ-ի ծրագիրը, անոր հետապնդած նպատակները, աշխատելաոճը, ցարդ իրագործած ծրագիրներն ու յաջողութիւնները, ընդհանուր գործունէութիւնը, մշակուած ապագայ ծրագիրներն ու ընկերութեան տեսիլքը:
ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան հանդիպումը բաց յայտարարեց բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսքով մը:
Ապա ընդհանուր տնօրէն Մասիս Ալեքսանտրեան ներկայացուց ԱՌԻ-ի առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ յստակ կերպով անդրադարձաւ ԱՌԻ-ի հետապնդած նպատակին:
Ապա ան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դիրքին ռազմավարական կարեւորութիւնը` կատարելով պատմական անդրադարձ մը:
Մ. Ալեքսանտրեան մանրամասնութեամբ ներկայացուց ԱՌԻ-ի աշխատելաոճը եւ անոր գործունէութեան եղանակը, հանդիպումին ներկայ գործարարներուն ներկայացնելով նաեւ շօշափելի թիւեր ԱՌԻ-ի ներդրումներուն շնորհիւ արձանագրուած տնտեսական եւ բնական աճին մասին:
Աշխատելաոճին շրջագիծին մէջ, Մ. Ալեքսանտրեան հաստատեց, որ ԱՌԻ-ն բարեսիրական մօտեցումի հանգրուանը շրջանցած է ներդրումի հանգրուանը թեւակոխելով եւ կ՛աշխատի նախ գործ տրամադրելու ու ապրելու պայմաններ հայթայթելու, ապա վերաբնակիչներ ներգրաւելու ուղղութեամբ:
Ընդգծելով Քաշաթաղն ու Շահումեանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին մէջ պահելու անհրաժեշտութիւնը` Մ. Ալեքսանտրեան յայտնեց, որ ԱՌԻ-ի դերակատարութիւնն է վերաբնակեցնել այդ հողերը, որպէսզի անոնք ենթակայ չըլլան կորսուելու:
Ապա խօսք առաւ ԱՌԻ-ի հոգաբարձութեան անդամներէն Վահան Գասարճեան, որ ներկայացուց ԱՌԻ-ի գործունէութեան ձեւը` աւելցնելով, որ իրենք հետեւողականութեամբ պիտի շարունակեն այս աշխատանքը եւ կը փափաքին տիպար օրինակը ըլլալ նաեւ այլ գաղութներուն մէջ գործադրելու ԱՌԻ-ի փորձառութիւնը:
Վ. Գասարճեան անդրադարձաւ նաեւ ԱՌԻ ընկերութեան մէկ նոր ծրագիրին` «ԱՌԻ տուն»-ին, որ Քաշաթաղի մէջ, դէպի Ստեփանակերտ տանող մայրուղիին վրայ, Բերձորի մօտակայքը, Հաքարի գետի ափին, բնակարաններ շինելու ծրագիր մըն է, եւ այդ իմաստով գործարարներուն ներկայացուց այդ ծրագիրին համար ներդրումներ կատարելու ընդհանուր պայմանները:
«ԱՌԻ տուն» ծրագիրին յատակագիծը ներկայացուց Վարանդ Ալեքսանտրեան, որ յայտնեց, թէ ընդհանուր ծրագիրը 150 բնակարաններու եւ առանձնատուներու կառուցումն է, որ պիտի իրականանայ երեք հանգրուանով: Ան աւելցուց նաեւ, որ այդ բնակարաններուն կառուցման ենթակառոյցը պիտի ստանձնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:
Ապա խօսք առաւ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, որ «ԱՌԻ տուն» ծրագիրին մասին խօսելով բացատրեց ԱՌԻ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ պայմանագրութեան ընդհանուր սկզբունքը` շեշտելով, որ բնակարաններուն պարագային Լեռնային Ղարաբաղի պետութիւնը իր քաղաքացիներուն այդ տուները պիտի յատկացնէ 25 տարուան մասնավճարի դրութեամբ, սակայն ԱՌԻ-ի ներդրողները իրենց ներդրումներն ու տոկոսները կը ստանան եօթը տարուան ընթացքին:
Արա Յարութիւնեան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական գանձարկղի արձանագրած աճը, որ տարուէ տարի կը բարձրանայ` առիթ տալով շարունակելու շրջանին զարգացումը:
Վարչապետ Յարութիւնեան անդրադարձաւ նաեւ պետութեան կողմէ մշակուած այլ ծրագիրներու, որոնք կը միտին վերաբնակեցնել Քաշաթաղը:
Իր խօսքէն ետք վարչապետը պատասխանեց գործարարներուն հարցումներուն: Լիբանանահայ գործարարներուն ցուցադրուեցաւ նաեւ ԱՌԻ-ի գործունէութեան մասին պատրաստուած կարճ տեսերիզ մը:
ԱՌԻ-ի փոխգործադիր տնօրէն Բենիամին Պչաքճեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ԱՌԻ-ն սփիւռքահայութեան իրականութեան մէջ միակ երեւոյթն է, որ իրարու մօտ բերած է 85 գործարարներ, որոնք իրարու վստահած են եւ ներդրում կը կատարեն այնպիսի շրջանի մը մէջ, որ բաւական զգայուն է եւ միջազգայնօրէն տակաւին չէ ճանչցուած: «Բայց այս 85 գործարարները, որոնք Լիբանանի լաւագոյն գործարարներէն կը սեպուին, կատարած են վկայութիւններ, որոնց մէջ ոչ միայն կը բացայայտեն իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը, այլ կը հաստատեն, որ իրենք նկատառելի գումարով շահեր ալ ապահոված են: Հետեւաբար մեր ճիգը կը կեդրոնանայ ներդրողին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ վերաբնակիչին միջեւ եռակողմանի շահաւէտութիւն մը ստեղծելու վրայ` բոլորին համար ապահովելով շահեր: Իսկ վերաբնակիչին այդ վարկերը յատկացնելով եւ առիթ տալով, որ ան զարգացնէ իր կենսամակարդակը, մենք ստեղծած կ՛ըլլանք այնպիսի պայմաններ, որ ան աւելի եւս կառչած մնայ այդ հողին», ըսաւ ան:
Բ. Պչաքճեան յայտնեց, որ ԱՌԻ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ գործընկերութիւնն է, որ ցարդ արձանագրուած յաջողութեան գրաւականն է, որուն կողքին կայ նաեւ ԱՌԻ-ի կողմէ կատարուած հսկողութիւնը եւ մնայուն կերպով ստացուած ճշգրտութիւնն ու աշխատանքի թափանցիկութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Յարութիւնեան եւ ԱՌԻ-ի վարչութեան անդամներ այսօր եւս երկու հանդիպումներ պիտի ունենան լիբանանահայ գործարարներու երկու տարբեր խմբակներու հետ: