Երկուշաբթի, 4 եւ երեքշաբթի, 5 յուլիս 2022-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հայրապետանիստ Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին եւ «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանական ընդհանուր ժողովը:
Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու մասնակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անցնող քանի մը տարիներուն Կիլիկեան ուխտի միաբանութենէն առ յաւէտ հեռացած վախճանեալ միաբաններու հոգիներուն համար:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ, Տէրունական աղօթքով սկիզբ առաւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի բացման նիստը: Միաբանական ընդհանուր ժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Շահան արք. Սարգիսեանի բացատրական խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ ժամանակաւոր եւ մնայուն դիւաններու ընտրութիւն` օրինականացնելու ժողովական ընթացքը: Ժամանակաւոր դիւանն էր միաբանութեան երիցագոյն եւ կրտսերագոյն անդամները` Սուրէն արք. Գաթարոյեան եւ Ազատ աբղյ. Ֆիլիքեան. իսկ մնայուն դիւանը` համաատենապետներ Օշական արք. Չօլոյեան ու Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան. ատենադպիրներ` Պօղոս ծ. վրդ. Թինքճեան եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Ժողովը նաեւ ընտրեց բանաձեւի յանձնախումբը` Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան եւ Շնորհք ծ. վրդ. Աշըգեան: Հուսկ, վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր հայրական խօսքն ու պատգամը:
Վեհափառ հայրապետը իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք միաբան հայրերուն` շեշտեց, որ Միաբանական ընդհանուր ժողովին նպատակն է, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբաններ, միասնաբար քննել, անդրադառնալ եւ բարձրաձայն մտածել եւ լուծումներու մասին խորհիլ ներկայ ժամանակներուն եկեղեցիին, եկեղեցականին ու մեր ժողովուրդին կեանքը յուզող խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ միաբանութեան անդամներուն վարքագիծերուն եւ նոր օրերու պայմաններու հարցերը լուսարձակի տակ բերաւ` յորդորելով յատկապէս նոր սերունդի միաբանները, պահպանելու Կիլիկեան միաբանի աւանդական կեցուածքներն ու ըմբռնումները` հոգեւորական ասպարէզին նկատմամբ: Վերջապէս, միաբան հայրերու միջեւ սիրոյ ու եղբայրութեան զգացումներուն ամրապնդման կարեւորութիւնը շեշտեց վեհափառը:
Վեհափառ հայրապետին խօսքէն ետք, երկրորդ նիստին, Շահան արք. Սարգիսեան ընթերցեց տնօրէն ժողովի զեկուցումը, որմէ ետք Նարեկ արք. Ալեէմէզեան ընթերցեց կանոնագրութեան զեկուցումը: Ապա, կատարուեցաւ տնօրէն ժողովի նոր անդամներու ընտրութիւնը, որոնք կը բաղկանային հետեւեալ միաբաններէն` Մակար եպս. Աշգարեան, Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան, Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ Զաւէն վրդ. Նաճարեան:
Ժողովը յաջորդական եօթը նիստերու ընթացքին գլխաւոր չորս դասախօսութիւններու, զեկուցումներու եւ քննարկումներու ընդմէջէն մտասեւեռումի նիւթ դարձուց հետեւեալ նիւթերը.- ա) «Միաբանութիւն եւ առաքելութիւն» (Վարուժան արք. Հերկելեան եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեան). բ) «Դպրեվանքի առաքելութեան վերարժեւորում» (Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան). գ) «Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական» (Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան). դ) «Գործակցութիւն նուիրապետական աթոռներու հետ» (Շահէ արք. Փանոսեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան):
Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք միաբան հայրեր չորս խումբերու բաժնուելով տուեալ նիւթին շուրջ քննարկումներ կատարեցին եւ միաբանութեան առաքելութիւնը առաւել եւս կենսագործելու նպատակադրող առաջարկներ կատարեցին եւ ապա, նիստերու աւարտին բանաձեւի յանձնախումբը ժողովին ներկայացուց միաբանութեան ծառայական առաքելութեան յառաջիկայ շրջանի ուղեցոյցը, ուր յստակօրէն պարզուած էին վեհափառ հայրապետին կատարած ցուցմունքներն ու թելադրանքները:
Երկօրեայ դասախօսութեանց եւ քննարկումներու աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը փոխանցեց իր հայրական եզրափակիչ խօսքը: Ան լուսարձակի տակ առնելով մեր Ս. աթոռին առաքելութեան յատկանշական բնագաւառները` շեշտեց, որ այսօր հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռը կը գտնուի բարձունքի վրայ, սակայն պէտք չէ մեր հասած բարձունքով գոհանանք եւ բաւարարուինք, այլ պէտք է ամէն օր նոր նուաճումներ արձանագրենք: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ հոգեւորականի կեանքին առանցքը կը կազմէ հոգեմտաւոր կազմաւորումը, որպէսզի ան կարենայ քայլ պահել այսօրուան աշխարհին հետ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքները հոգայ` միշտ ըլլալով անոնց հետ ու անոնց կողքին:
Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց միաբան հայրերուն` անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք իրենց եկեղեցական ու ազգային ծառայական կեանքին ու առաքելութեան մէջ:
Երկօրեայ ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոս»-ի շարականի, «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգի միաբան հայրերու միաբերան երգեցողութեամբ: Հուսկ, վեհափառ հայրապետը պահպանիչ աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ու անոր միաբանութիւնը:
Վեհափառ հայրապետին բացման թէ եզրափակիչ հայրական խօսքերը ուղեցոյց հանդիսացան միաբանութեան յառաջիկայ կեանքին ու գործունէութեան: Միաբանական ընդհանուր ժողովը առիթ հանդիսացաւ Կիլիկեան միաբանական ուխտին վերանորոգման: Միաբան հայրերուն ժամերգութեանց եւ Ս. պատարագի հաւաքական մասնակցութիւնը առաւել եւս զօրացուց Կիլիկեան միաբանութեան պատկանելիութիւնը եւ մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռին նկատմամբ իւրաքանչիւր միաբանի հաւատարմութիւնը: Երէց եւ նոր սերունդներու միաբաններու միասնական քննարկումներն ու սրտբաց զրոյցները փոխադարձ սիրոյ ու անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունենալով, առաւել եւս սերտացուցին անոնց միջեւ եղբայրական կապը:
Նշենք, որ Միաբանական ընդհանուր ժողովէն բանաւոր բացակայ էին վեց միաբան հայրեր: