Ինչպէս յայտնի է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբն ու հետեւողութեամբը Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները:
Արդարեւ, Յուշամատեաններու շարքին առաջինն էր «Ատանայի Հայոց Պատմութիւն» հատորը: Երկրորդը` «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի», որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1956-57 թուականներուն, խմբագրութեամբ Կարօ Սասունիի: Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան:
Հատորը իր մէջ կը պարունակէ Տարօն աշխարհի, Մշոյ Դաշտի, Սասունի եւ շրջակայքի աւանդութիւնները, բարքերը, սովորութիւնները, դիւցազնապատումն ու եղեռնապատումը, ինչպէս նաեւ «վերակենդանացումի ճիգերը եւ անոնց տխուր ու ողբերգական կորուստը»: Յարգելի Խմբագիրը կատարած է լեզուական: շարահիւսական եւ կէտադրական սրբագրութիւններ: Տեղանուններու եւ անձնանուններու պարագային միատեսակութիւն որդեգրուած է, եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ ամբողջացուած են տեղանուններու, անձնանուններու, նկարներու եւ քարտէսներու ցանկերը:
Յայտնենք, որ Անթիլիասի Տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» (2 հատոր), «Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը»,«Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ», «Պատմագիրք Կիւրինի» Յուշամատեանները: