Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մօտ գտնուող Անիի աւերակները Կարսի շրջանի Օճաքլը գիւղի բնակիչներուն կողմէ իբրեւ արօտավայր կ՛օգտագործուին: Տեղեկութիւնը կը հաստատէ նաեւ մի քանի օր առաջ Արեւմտեան Հայաստան այցելած հեռուստահաղորդավար, բանաստեղծուհի Սոնիա Թաշճեան,հաստատելով այս իրողութիւնը, ըսաւ,- ՙայո՛, ես մի քանի օր առաջ սփիւռքահայ ու Հայաստանցի բարեկամներու հետ գացած էին Արեւմտեան Հայաստան այցելեցինք նաեւ Անիի աւերակներ, այնտեղ ամէն քայլափոխին անասուններու կեղտի հանդիպեցանք, այնպէս որ այնտեղ իբրեւ արօտավայր օգտագործելը հաւաստի է՚։
Ինչպէս նշեցինք Օճաքլը գիւղի անասնապահները մշտապէս Անին կ՛օգտագործեն իբրեւ արօտավայր եւ այս տարին նորութիւն չէ:
Միւս կողմէ, նախապէս հայաբնակ Թուրքիոյ Անաքէոյ (Խուրիթիս) գիւղի եկեղեցին կանգնած է փլուզուելու վտանգի եզրին: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ ՙԱկօս՚-ը:
Նախապէս կրթութիւն ջամբող պատմական եկեղեցին, որ կը գտնուի Վանի նահանգի Կեւաշ գաւառէն 83 քմ հեռաւորութեան վրայ` այժմ վերածուած է ախոռի:
1915-էն ետք դատարկուած գիւղին մէջ հաստատուած են Պահչեսարայէն, Ճիզրէն եւ Էրուհէն գաղթած քիւրտեր: Այժմ այնտեղ կ’ապրի ընդամէնը 26 ընտանիք:
1994-ի ռազմական բախումներու ընթացքին գիւղը ամբողջութեամբ այրած է. վնասուած են տուներ, ախոռներ եւ հայերուն պատկանող պատմական կառոյցներ:
Անուշադրութեան մատնուած կոթողներուն մեծ մասը աւերուած է, իսկ միւս մասը գիւղացիներուն կողմէ կ’օգտագործուի իբրեւ խոտի պահեստ կամ անասունները պահելու վայր: Եկեղեցւոյ մեծ մասը արդէն աւերուած է:
Պահպանուած են միայն եկեղեցւոյ հայկական ծագման մասին վկայող որոշ քարեր` հայատառ գրութիւններով: Կան նաեւ ժամանակի հոգեւորականներուն պատկանող գերեզմանները: